
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 2 Ապրիլի իր ժողովին ընթացքին Էլեն Ասատրեանը քաղաքապետ ընտրեց: Ան պիտի փոխառինէ Տեն Պրոթմենը։
Ասատրեան, որ 2022ի Յուլիսին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով՝ անդամ դարձած էր խորհուրդին, կը հանդիսանայ առաջին ամերիկահայ կինը, որ կ՛ընտրուի այդ պաշտօնին:
Նշենք, որ Կլենտէյլ Լոս Անճելըս գաւառի չորրորդ մեծագոյն քաղաքն է:
Ասատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն զօրակցողներուն՝ աւելցնելով. »Այս յաղթանակը պահանջեց խմբային աշխատանք եւ հաստատակամութիւն: Քաղաքին բոլոր բնակիչները եւ շահագրգիռ կողմերը կրնան հպարտանալ այս յաջողութեամբ, որ արդարութեան արտայայտութիւնն է«, X-ի վրայ գրած է նորընտիր քաղաքապետը:
Ասատրեան դպրոցական տարիներէն ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքացիական կեանքին՝ դէմ դնելով խտրականական օրէնքներու՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչի պաշտօնը վարած շրջանին, Ասատրեան յառաջ մղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերը եւ հանրային վարժարաններու մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ընդարձակման ծրագիրը: Ան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի Զբօսավայրերու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութիւններու յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ եւ նոյն քաղաքին այլ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ընտրողներ արձանագրելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբին: Ան մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող շարք մը քաղաքական ընտրապայքարներու եւ ժողովրդային արշաւներու, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու եւ եղած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը:
Ասատրեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր մասնագիտացած է քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: