
ՄԱՐԻ ՔԱՐԲԱՆԵԱՆ
14 Մարտի երեկոյեան, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ, համագործակցութեամբ՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի եւ Համազգային Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ կազմակերպուած էր Յակոբ Պարոնեանի «Իմ Ձեռատետրս» հատորին, «My Ledger» անգլերէն թարգմանութեան ներկայացումը։
«Փիլիպոս»ի դասատու Հրաչ Տէմիրճեանի կողմէ գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ գրասէր հանրութեան, ծնողներու եւ աշակերտներու ներկայութեամբ:
Երեկոյին բացումը կատարեց վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի եւ Համազգային գրական միաւորի անդամ Սոնա Մատարեան, որ բարձր գնահատեց եւ շեշտեց, Համազգայինի եւ Հայ դպրոցի անգակտելի կապը:
Ապա, Համազգային Գրական միաւորի խօսքը փոխանցեց միաւորի անդամ Վանիա Պապիկեան, որ թարգմանչաց մեր հոգեւորականներու եւ օրուան թարգմանական աշխատանքի կապին արժեւորման անդրադարձաւ, ապա բարձր գնահատեց թարգմանիչ ուսուցիչը եւ անոր հետ գործակցող աշակերտներու աշխատանքը, յատկապէս անգամ մը եւս շեշտելով Համազգայինի գուրգուրանքին կարեւորութիւնը:
Մատարեան ներկայացուց գիրքին թարգմանիչին՝ Հրաչ Տէմիրճեանի, ամփոփ կենսագրականը, բարձր գնահատելով նոր սերունդի այսպիսի օրինակելի ներկայացուցիչը, որ այսքան մօտիկէն հետաքրքրուած եւ սիրած է հայ գրականութիւնը եւ անոր տարածումը օտար շրջանակներու մէջ, յիշելով նաեւ անոր առաջին թարգմանական աշխատանքը՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը: Ան նաեւ գնահատեց այն իրողութիւնը, որ աշխատանքին մասնակցած են 10 աշակերտներ:


Տէմիրճեան իր ներկայացումը սկսաւ իւրայատուկ հաճոյախօսութեամբ մը. ան ներկայացուց իւրաքանչիւր մասնակցող աշակերտի դերը այս աշխատանքի յաջողութեան մէջ եւ իր ձեւակերպումներով՝ կարծէք ան «փոքր» օրինակ դարձած էր ՝ անմահ Յ. Պարոնեանի տիպարին:
Տէմիրճեանի ներկայացումը ինքնատիպ էր, իր ոճով եւ համարձակութեամբ: Ան անդրադարձաւ 1880ականներուն մեր ժողովուրդի յոռի եւ սին վարքերուն ու կերպարներուն՝ պարզելով, թէ Պարոնեան իր ժամանակին, ձաղկելով թերութիւնները՝ կ՛առաջնորդէր ընթերցողը գիտակցելու իր թերութիւնները, զանոնք սրբագրելու եւ մաքրելու լաւագոյն միջոցը համարելով:
Ան շեշտեց, որ գրքին խորքային իմաստը, անոր բարոյական հիմքը, թէ ինչպէս Պարոնեան մեծ «հերոս»ութեամբ, լոյսին կը բերէր յոռի բարքերը եւ սովորութիւնները, շեշտելով ճշմարտութիւնները եւ արժանիքները:
Աշակերտները մեծ հմտութեամբ եւ լեզուական ճկունութեամբ ներկայացուցին իրենց գիտելիքները եւ տպաւորութիւնները:
Իւրայատուկ ճկունութեամբ մը, Տէմիրճեան մատնանշեց փոխկապակցութիւնը անցեալի եւ ներկայի մեր ընկերութիւններուն, անոնց նմանութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Պարոնեանի որակած «օտարասիրութեան» մասին, որ մեզի միշտ հեռացուցած է մեր ազգային հարցերէն, մտահոգութիւններէն եւ անոնց լուծման ճամբայէն:
Ի դէպ, հետաքրքրական էր նաեւ Տէմիրճեանի՝ Պարոնեանի հետ «երկխօսութիւն»ը, որուն միջոցով ներկաները առաւել եւս գրաւեց եւ հետաքրքրեց:
Ձեռնարկին աւարտին,Մատարեան, մեծարելով Պարոնեանը՝ շեշտեց երեկոյի փաստը եւ շեշտեց գլխաւոր տուեալները, որոնցմով ծանօթ էր ան՝ ունենալ սուր դիտողութիւն, առողջ դատողութիւն եւ յեղափոխականի քաջութիւն, ճանչնալու, ընդունելու եւ սրբագրելու մեր սխալները: Ներկաներուն մագնիսացած երեւոյթը, գոհունակութեան ժպիտները եւ ծափողջոյնները բարձր գնահատանքն էին օրուան «հերոս» Տէմիրճեանի եւ անոր հետեւող աշակերտներուն, զորս ինք կոչած էր «Սուրբ թարգմանիչներ»:
Ներկայացման աւարտին, ելոյթ ունեցաւ, «Փիլիպոս»ի տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեան, որ բարձր գնահատեց ուսուցիչը եւ աշակերտները, այսպիսի փայլուն թարգմանութեան եւ գիրքին հրատարակութեան համար, որ վարժարանին պատիւ կը բերէր։ Ապա ան վարժարանի խորհրդանշական «Արծիւ»ը ներկայացնող նուէրով մը պատուեց Տէմիրճեանը եւ դրուատեց մասնակցող աշակերտներուն բարձր գիտակցութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն «Պարոնեանի երդիքին ներքոյ»։ Ներկաները գնեցին մեծաթիւ գիրքեր, որոնք թարգմանիչին կողմէ մակագրուեցան:
Մեծապէս գոհացուցիչ երեկոյ մը վայելեցինք՝ անցեալի տիտան Պարոնեանի եւ ներկայ սերունդի համարձակ փայլուն աշխատանքին ներքոյ:
Հայ դպրոցի առաքելութիւնը անսպառ, յատկապէս, Յ. Պարոնեան մեծ երգիծաբանի թարգմանուած գիրքին այս «փայլուն» հրատարակութեան առիթով:
Վարձքը կատա՛ր Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր նուիրեալ տնօրէնութեան եւ դաստիարակներուն:
Նոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ՝ յարգելի Հրաչ Տէմիրճեանին: