
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ այս տարուան՝ 2024ի «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին պիտի արժանանայ ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ ՀՄԸՄական՝ Արամ Պէքարեան, նկատի ունենալով եղբօր երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը եւ համեստ ու ազնիւ նկարագիրով միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը՝ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ:
ՀՄԸՄԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ