Պաքու քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանին 13 Մարտին ընդունած բանաձեւը՝ զայն որակելով՝ «անհիմն», «կողմնակալ», «երկակի չափանիշներու վառ օրինակ»:
««Հակառակ անոր որ բանաձեւը կը ներկայացուի իբրեւ խաղաղութեան աջակցելու քայլ եւ իբր թէ նուիրուած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, իրականութեան մէջ անիկա Ատրպէյճանի դէմ զրպարտութեան արշաւի շարունակութիւնն է, որուն ընթացքին բոլոր փաստերը կը կեղծուին», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Ան պնդեց, որ բանաձեւին պարունակած «անհեթեթ եւ վիրաւորական» յայտարարութիւնները յստակօրէն ուղղած են «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան» դէմ:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին միջամտելու փոխարէն, աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ Եւրոպական խորհրդարանը սկսէր զբաղիլ Եւրոպան պատուհասող աւելի լուրջ հարցերով», ըսաւ Հաճիզատէ: