Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան Աւագանիի նախագահ, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի մէջ «Վերականգնել ճեղքուած աշխարհը» կարգախօսով 11րդ համաշխարհային խորհրդաժողովէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Զանգեզուրի միջանցքին եւ Հայաստանի հետ կապերուն:
«Թող 21րդ դարը դառնայ թուրքերու դար: Զանգեզուրի միջանցքը նոյնպէս պէտք է բաց ըլլայ: Հայաստան այդպիսի կարելիութիւն ունէր Ղարաբաղի հարցի լուծումէն ետք: Պէտք է բանալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանները, բանալ Զանգեզուրի միջանցքը: Պէտք է փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ: Հայաստանի պետական զինանշանին վրայ պատկերուած են մեր հողերը եւ Աղրիտաղը (Արարատ լեռը – Խմբ.): Անիկա պէտք է վերցուի», ըսաւ ան:
Երեւան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նկրտում կը նկատէ: