
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արտայայտեց, որ Պաքու այժմ աւելի քան երբեք մօտ է Երեւանի հետ խաղաղութեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան պատրաստ է շարունակելու խաղաղ բանակցութիւնները Հայաստանի հետ, եւ որ ժամանակն է վերջ դնելու տարածաշրջանին մէջ անկայունութեան: Այս մասին հաղորդեց «Թասս»ը: Ան այս մասին յայտարարեց «Վերականգնել մասնատուած աշխարհը» խորագիրով Պաքուի 11րդ համաշխարհային համախմբումի բացման արարողութեան ընթացքին:
«Հարաւային Կովկասի անկախութեան պատմութեան մէջ երբեք խաղաղութիւնը այնքան մօտ չէ եղած, որքան այսօր: Եւ ասիկա Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի արդիւնքն է», ըսաւ Ալիեւ:
Ան անգամ մը եւս կոշտ քննադատութիւն ուղղեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հասցէին՝ պնդելով, որ Փարիզ կողմնակալ դիրքորոշում որդեգրած է Ատրպէյճանի հանդէպ:
«Ֆրանսիայի դիրքորոշումը ամբողջութեամբ կը հակասէ միջազգային հանրութեան որդեգրած մօտեցումներուն: Ֆրանսայի կառավարութեան արձագանգը երբեք համարժէք չէր Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին եւ հակաահաբեկչական գործողութեան: Ֆրանսա կը փորձէ պատժել մեզ՝ մեր իսկ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար», նշեց Ալիեւ՝ դիտել տալով, որ Ֆրանսայի մէջ հակաատրպէյճանական տրամադրութիւնները արդէն կենցաղային բնոյթ սկսած են կրել:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտնեց, որ Երեւան եւ Պաքու կրնային խուսափիլ 44օրեայ պատերազմէն:
«2018ին, երբ Հայաստանի մէջ կառավարութեան փոփոխութիւն եղաւ, համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւն կար: Մենք այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ հաստատումներ ստացանք, որ անոնք պիտի գործեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան, եւ տարածքները պիտի վերադարձուին: Մենք նման ակնկալութիւններ ունէինք, եւ եթէ այդ ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը գերադասէր գործել այնպէս, ինչպէս այժմ կը գործէ՝ մեր ինքնիշխանութիւնը ուժով վերականգնելու կարիք չէր ըլլար», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, թէ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնները, սակայն, վերացան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Օգոստոս 2019ին հնչեցուցած «Արցախը Հայաստան է եւ վեր»ջ յայտնի կարգախօսէն ետք:
«Այդ կարգախօսը նախ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու բացարձակ խախտում էր, բացի այդ՝ չափէն աւելի մեծ յաւակնոտութիւն է երկրի մը համար, որուն կը թուի, թէ ի վիճակի է յաւերժ վերահսկել մեր տարածքները: Այդ իսկ պատճառով մենք Սեպտեմբեր եւ Նոյեմբեր 2020ին ստիպուած էինք անոնց դաս տալ», յայտարարեց Ալիեւ:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Սեպտեմբեր 2023ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած յարձակումէն ետք ատրպէյճանցի զինուորականներուն տրամադրութեան տակ մօտ մէկ միլիառ տոլարի զինամթերք յայտնուեցաւ: Իսկ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին ընթացքին ոչնչացուեցան շուրջ 5 միլիառ տոլարի զէնք եւ զինամթերք: «Հարց կը ծագի, որ ուրկէ՞ Հայաստան այդքան գումար ունի: Անշուշտ, յստակ է, որ մեզի դէմ օգտագործուող սպառազինութիւնը անոնց անվճար տրամադրուած էր», յայտարարեց Ալիեւ՝ գերադասելով, սակայն, չնշել, որ հայկական կողմի զինանոցի գերակշիռ մասը ռուսական ծագում ունէր: