ՆԱԹՕի Ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ վերահաստատեց կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը Մոլտովայի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններուն:
Միւս կողմէ, անցեալ տարուան գործունէութեան նուիրուած ՆԱԹՕի ամփոփիչ զեկոյցին մէջ կայ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ կապերու ամրապնդման մասին յատուկ բաժին մը:
«ՆԱԹՕն աջակցութիւն կը յայտնէ այս երեք գործընկերներէն իւրաքանչիւրին տարածքային ամբողջականութեան, քաղաքական անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: ՆԱԹՕն խրախուսած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ կառուցողականօրէն ներգրաւուիլ զանազան ձեւաչափերով եւ ընդգծել մարդասիրական հարցերու լուծման կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ: