«Ճազիրա» կայանը կը հաղորդէ, թէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու նպատակով Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած 5օրեայ բանակցութիւնները աւարտեցան Հինգշաբթի օր, առանց համաձայնութեան մը հասնելու` նշելով, որ Իսրայէլ մերժած է «Համաս»ի մնայուն զինադադարի հաստատման, Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ տեղահանուածներու առանց նախապայմաններու տունդարձի պահանջները:
«Բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ պիտի շարունակուին: Ռամատան ամիսէն առաջ զինադուլի գոյացման շուրջ բոլոր կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին», «Գահիրա Իխպարիա»ին յայտնեց ղբիւր մը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգները ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի շուրջ կը պատրաստէ բանաձեւի նոր նախագիծ մը, որուն բնագիրը կը բովանդակէ Կազայի մէջ 1.5 ամիս ժամկէտով զինադադարի մը հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման մասին կէտ մը: Այս մասին լրագրողներու յայտնեց ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ:
Կազայի մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու Իսրայէլի ծրագիրին պարագային, Կրինֆիլտ նշեց, որ Միացեալ Նահանգները չի զօրակցիր Կազայի տարածքի կրճատման, ո՛չ ալ Կազայի բնակչութեան տեղահանման կամ շրջանը վերագրաւելուն:
Նաեւ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քեմրըն Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ իր հանդիպումին աւարտին յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է մարդասիրական տագնապի մէջ ընկղմած Կազայի մէջ «բարելաւումի» բացակայութեամբ: Ան յայտնեց, որ Կանցի հետ «դժուար, սակայն անհրաժեշտ» քննարկումներ կատարած է:
Վերջապէս, Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ պիտի շարունակէ Կազային օդէն օժանդակութիւններ տրամադրելու գործողութիւնները, մինչ կը քննարկուի նաեւ ծովու ճամբով մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու կարելիութիւնը։