

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամասթ 6 Մարտին դարձեալ սկսաւ դատուիլ, այս անգամ Կիւլէնի շարժումին կողմէ յանցագործութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով։ Պոլսոյ ծանր պատժական 14րդ ատեանը կը դատէ Սամասթը, որ Թրապզոնի Արդարադատութեան պալատէն առցանց մասնակցեցաւ դատավարութեան։
Տեղական մամուլին մէջ լայն արձագանգ գտած են Սամասթի կողմէ տրուած ցուցմունքները, ըստ որոնց, ապահովութեան բաժանմունքին մէջ իրեն նկատմամբ խրախուսական արտայայտութիւններ կատարուած են։
«Եասինը (Հայալ) յայտնեց, որ ապահովութեան մարմիններուն մօտ մեր թիկունքը լաւ է եւ որեւէ հարց չկայ», ըսաւ Սամասթ եւ աւելցուց, որ իր կողմէ այս արարքի կատարման հիմնական պատճառներէն մին Եասին Հայալի սպառնալիքն է։
Դատավարութեան ընթացքին Սամասթին հարցուցած են, թէ ինչո՛ւ Կիւլէնի շարժումին վերաբերեալ ցուցմունքները աւելի ուշ տուած է։ Իբրեւ պատասխան՝ ան ըսաւ հետեւեալը.
«Շարժումին ամէնէն յայտնի դարձած շրջաններն էին եւ ես կը վախնայի։ Դէպքէն անմիջապէս ետք, երբ հսկողութեան տակ առնուեցայ, ապահովութեան բաժանմունքին մէջ ինծի ըսին, որ կրնամ հանգիստ ըլլալ, այնտեղ ինծի ոչ ոք բան մը կրնայ ընել։ «Հալալ է քեզի» եւ նման արտայայտութիւններ եղան»։