
Ինչպէս հաղորդած էինք, «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը Պերլինի մէջ ջնջուեցաւ՝ Ատրպէյճանի դեսպանութեան իրագործած սպառնալիքներուն պատճառով։ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան կը տեղեկացնէ, թէ շնորհահանդէսը 6 Մարտին տեղի ունեցաւ միայն առցանց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 260 գիտականներ, ուսումնական, հետազօտական մարզերէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գրասէր շրջանակներէ դիտորդներ։
Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ընկերակցութիւնը այս առիթով հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու եւ Պերլինի մէջ դեսպանին զանգուածային սպառնալիքներէն ետք, «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը» ժողովածուի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ միայն առցանց տարբերակով։ Միջոցառումը, զոր կազմակերպած էր Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը (DGAP) եւ «Քոնրատ Ատենաուեր» հիմնարկը՝ Պաքուի աչքին փուշ է։ Ճնշումներով եւ սպառնալիքներով Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին յաջողեցաւ ջնջել տալ Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած վերոնշեալ գիրքին շնորհահանդէսը։ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ընկերակցութիւնը (IGFM) կը դատապարտէ Գերմանիոյ մէջ հաւաքներու եւ արտայայտուելու ազատութեան վրայ քաղաքական ազդեցութիւնը, որ կ՛ուղեկցուի բռնաճնշումներով եւ սպառնալիքներով։
«Լեռնային Ղարաբաղի վտանգուած մշակութային արժէքներու պաշտպանութիւն» միջոցառումը՝ «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը եւ գիտաժողովը, զոհ դարձան համացանցային զրպարտութեան արշաւի։ Սպառնալիքը կը ներառէր նոյն բովանդակութեամբ ե-նամակներու զանգուածային առաքում՝ ատրպէյճանական պետութեան հաւատարիմ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէ, որոնք քօղարկուած էին իբրեւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ։ Բազմաթիւ բողոքներ եղած են նաեւ հեռաձայնով։ Ասկէ բացի, Ատրպէյճանի դեսպանը նոյնպէս ուզած է արգիլել «Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային արժէք» եզրին օգտագործումը։ Գերմանիոյ մէջ հաւաքներու, գիտութեան եւ խօսքի ազատութեան հանդէպ այս զանգուածային միջամտութիւնը ցոյց կու տայ Ալիեւի վարչակարգին դաժանութիւնը եւ վճռականութիւնը։ «Ոչ միայն ընդդիմադիր ձայները կը հալածուին եւ ճնշումներու կ՛ենթարկուին մեր երկրին մէջ, այլ այժմ կատաղի յարձակումներու կ՛ենթարկուին նաեւ արտասահմանեան գիտական քննարկումները:
ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ «ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔԻ» ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երեք տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանի դէմ կը վարեն ապակառուցողական քաղաքականութիւն մը։ Ամիսներով շրջափակումէն, պաշարումէն եւ ռազմական յարձակումէն ետք՝ Սեպտեմբեր 2023ին, Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանը (Արցախի Հանրապետութիւն) ցեղային զտումի ենթարկուեցաւ, իսկ այժմ Հայաստանի հարաւը գտնուող Զանգեզուրի հողատարածքը ենթակայ է Ատրպէյճանի ռազմական սպառնալիքներուն։ Վերջապէս, Ալիեւի վարչակարգին ներկայացուցիչները հայերը կը մեղադրեն իրենց սեփական հազարամեայ մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելնուն մէջ եւ կը մերժեն անոնց գոյութեան իրաւունքը Հայաստանի մէջ, զոր անոնք «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կ՛անուանեն: Փութինեան քարոզչութիւնը նոյնպէս շաբաթներ շարունակ զանգուածային աննպաստ քարոզարշաւ մը կը հրահրէ Հայաստանի անկախութեան եւ գոյութեան դէմ, եւ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային միութիւնը, հետեւաբար, կը զգուշացնէ Հայաստանի գոյութեան վտանգի առկայութենէն: Թէեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ զաւթիչ պատերազմը հանրային հետաքրքրութիւն կը գրաւէ, Հայաստանին սպառնացող ահռելի սպառնալիքը կը մնայ ընդամէնը լուսանցքային նշում մը։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄ
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ փոքրամասնութիւնը Երիտասարդ թուրքերուն կողմէ ցեղասպանութեան զոհ դարձաւ 1915-1917 թուականներուն։ Մինչեւ 1.5 միլիոն հայերու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի միայն քանի մը պետութիւններու կողմէ։ Այսօրուան Թուրքիայէն բացի, հերքողներու շարքին է նաեւ Թուրքիոյ «եղբայր պետութիւն» Ատրպէյճան։ Ատրպէյճան, Ալիեւի վարչակարգին գլխաւորութեամբ, ամբողջապէս կը համակերպի միահեծան Էրտողանի յաւակնութիւններուն։ Էրտողան բազմիցս Ատրպէյճանին խոստացած է ռազմական աջակցութիւն քրիստոնեայ Հայաստանի դէմ եւ նպաստած է մարտական գործողութիւններուն։ Էրտողանի տեսլականը նոր Օսմանեան կայսրութիւնն է. անոր ճանապարհին կանգնած են քիւրտերու, հայերու, եզիտիներու եւ արամէացիներու մարդկային իրաւունքները»։