
Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 14 Մարին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Պարոնեանի անգլերէնի թարգմանուած գործերու՝ «Իմ Ձեռատետրս» հատորին ներկայացումը։
Պարոնեանին գործերը թարգմանած են Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն աշակերտներ։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1559 N. Kenmore Ave., Los Angeles, CA 90027։
Մուտքը ազատ է եւ պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն։