Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կոնսթանթինոս Քոմպոս Երեւանի մէջ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին, առ այդ, Կիպրոս պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին՝ թէ ՛ քաղաքական, թէ՛ նիւթական առումով:
Անդրադառնալով Կովկասեան տարածաշրջանի զարգացումներուն՝ Քոմպոս յիշեցուց, որ Կիպրոս առաջին իսկ պահէն իր բացարձակ աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց՝ Արցախէն բնակչութեան բռնի տեղահանութեան պատճառով յառաջացած կարիքները հոգալու համար:
Քոմպոս յայտնեց, որ Կիպրոս կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բոլոր ջանքերը՝ վստահեցնելով, որ Կիպրոս այս հարցին մէջ կը սատարէ հայ բարեկամներուն:
Ան կարեւոր նկատեց շարունակական ջանքերը հաշուետուողականութեան ուղղութեամբ, նաեւ՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը վէճերու խաղաղ հանգուցալուծման վրայ պահելը: Ան ընդգծեց, որ Կիպրոս եւս յարձակողապաշտութեան, անօրինական ներխուժման զոհ է, եւ Յուլիսին կ՛ամբողջանան Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի ներխուժման 50 տարիները: «Այլ լուծում չենք կրնար տեսնել, բացի բարձրաձայն կերպով մեր հաւատարմութիւնը յայտնել այն սկզբունքներուն, որոնք պէտք է իշխեն միջազգային հանրութեան մէջ», աւելցուց Քոմպոս:
Ան վստահեցուց, որ իրենք թեր են, որ Եւրոպական Միութիւնը աւելցնէ իր ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ գործող Եւրոպական Միութեան առաքելութեան:
Քոմպոս հաստատեց, որ Կիպրոս կը պատրաստուի 2024ին Երեւանի մէջ բանալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, որ իբրեւ հարթակ պիտի ծառայէ Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման համար:
Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան եւս դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն պիտի բանայ Կիպրոսի մէջ՝ նշելով, որ այդ գծով ջանք պիտի չխնայուի: «Վստահ եմ, որ ամենալուրջ դիւանագիտական ներկայութիւնը, պաշտօնական ներկայութիւնը մայրաքաղաքներում միմիայն կը կարողանայ խրախուսել եւ նպաստել յարաբերութիւնների էլ աւելի ամրապնդմանը», ըսաւ Միրզոյեան: