
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութիւնը նկատեց յաջող եւ հաւանական համարեց Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը:
«Մենք ստեղծած ենք եռակողմ յաջող համագործակցութիւն պաշտպանութեան ոլորտին մէջ՝ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ: Բայց կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ այլ եռակողմ կամ քառակողմ յարաբերութիւններ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ` կարեւոր երկիրներու, կարեւոր տէրութիւններու, Հայաստանի եւ Յունաստանի շատ հզօր ընդհանուր բարեկամներու հետ», ըսաւ ան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Տենտիաս շեշտեց, որ Յունաստան հաստատակամօրէն կը հաւատայ, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տարակարծութիւնները կրնան լուծուիլ խաղաղ միջոցներով: «Մենք կտրականապէս դէմ ենք այս տարածաշրջանին մէջ որեւէ միակողմանի ռազմական գործողութեան: Մենք նաեւ կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Պապիկեան Տենտիասին ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող պաշտպանական բարեփոխումներու ընթացքը` կարեւոր նկատելով Յունաստանի փորձագիտական եւ գործնական աջակցութիւնը այս գծով:
Խօսելով երկու երկիրներուն միջեւ աշխոյժ կապերուն մասին՝ ան ըսաւ. «Այս ամէնը վկայում է, որ մեր երկու երկրների միջեւ առկայ են բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են երկու երկրների ժողովուրդների աւանդական բարեկամութեան, փոխադարձ օգնութեան, պատրաստակամութեան, արժէքների եւ ընդհանուր մօտեցումների վրայ»։
Ըստ Պապիկեանի՝ այս յարաբերութիւններուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:
«Այն իրականացւում է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով, որոնց մի մասն աւանդական բնոյթն են կրում եւ իրականացւում են Հայաստանի անկախացումից յետոյ երկու երկրների միջեւ ձեւաւորուած պաշտպանութեան բնագաւառում համագործակցութեան հենց սկզբից, իսկ միւս մասը` պայմանաւորուածութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուած նոր ոլորտներ:
Աւանդական ոլորտներից են ռազմական կրթութիւնը, անձնակազմերի վերապատրաստումը, փորձի եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը, ռազմաքաղաքական խոհրդակցութիւնները եւ այլն», ըսաւ Պապիկեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Յունաստանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեցին սպառազինութեան համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
«Մասնաւորապէս, կարեւորել ենք 2023 թուականի Դեկտեմբերին իմ` Յունաստան կատարած այցի ընթացքում ստորագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական (ռազմական արհեստագիտութեան) համագործակցութեան մասին համաձայնագրի վաւերացումից յետոյ ռազմատեխնիկական համագործակցութեանը նոր շունչ հաղորդելը», եզրափակեց Պապիկեան: