Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ Հայաստան որոշեց Պաքուին յանձնել քանի մը օր առաջ Հայաստանի սահմանը հատած ատրպէյճանցի զինուորը:
Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ սահմանը հատած Ռուսլան Էլտանիս Օղլու Փենախովի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է. ան 28 Փետրուարին Տեղ գիւղի հատուածին մէջ` հայկական զինուած ուժերու դիրքերուն մօտակայքը յայտնուած է ատրպէյճանական դիրքին մէջ զինուորներու միջեւ միջադէպէ մը ետք փախուստի դիմելու եւ մոլորելու պատճառով:
Միջնորդութիւն ներկայացուած է դատախազին` Ռուսլան Փենախովի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին, եւ անիկա բաւարարուած է:
«Որպէս բարի կամքի դրսեւորում եւ ի կատարումն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ բարձրագոյն մակարդակում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, որ երկու կողմերի մոլորուած եւ հակառակ կողմում յայտնուած զինծառայողները սեղմ ժամկէտներում պէտք է վերադարձուեն», զինուորը վերադարձնելու որոշման վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ կըըը յայտնէ ԱԱԾն։