3 Մարտին, Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումի մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ նոյնիսկ 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստան դրականօրէն չէր արձագանգեր Պաքուի խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն։
«Հայաստան հակառակը կ՛ընէր՝ Ղարաբաղի զինուորականացման եւ զինման քաղաքականութիւն գործադրելով։ Երեւան կը շարունակէր այդ տարածքը մեծ քանակութեամբ ականներ եւ ռազմամթերք տեղափոխել», հաստատեց ան։
Խօսելով Սեպտեմբեր 2023ի յարձակումին մասին՝ ան ըսաւ, թէ Պաքու այդպիսով «միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համաձայն վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը»։
Ասոր կողքին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը կրնայ դառնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «վստահութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց»։
Ան յայտարարեց, թէ այս նախագիծի իրականացումը օգուտ պիտի բերէ եւ բոլորովին բաւարարէ տարածաշրջանի այլ երկիրներու՝ առաջին հերթին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը։
Ամիրպեքով յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ Երեւան «պիտի գիտակցի Հայաստանի համար այս ծրագիրի օգուտը»։ Հակառակ պարագային, ըստ անոր, «բաղձալի խաչմերուկը վտանգուած է մնալ շրջանային փակուղի»։
Նշենք, որ Երեւան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումը կը նկատէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նկրտում։
Նախորդ տարեվերջին, Պաքու յայտարարեց, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ը կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը՝ նշելով, որ այդ ծրագիրը կրնայ իրականացնել Իրանի հետ։ Սակայն, այս տարեսկիզբէն սկսեալ, Ատրպէյճան հարցը դարձեալ օրակարգ բերաւ՝ պնդելով, թէ Հայաստան պէտք է Նախիջեւանի հետ ճամբայ տրամադրէ՝ առանց մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութեան։