
1 Մարտին, Իրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Թեհրանի եւ հիւսիսային շրջանի իրանահայութեան ներկայացուցիչ վերընտրուեցաւ Արա Շահվերդեան, իսկ Սպահանի եւ հարաւային շրջանէն երեսփոխան ընտրուեցաւ Գեղարդ Մանսուրեան։ Վերջինս միջազգայնագէտ է եւ իրանեան մամուլին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է։
Արա Շահվերդեան վերընտրուեցաւ ձայներու 82.30 առ հարիւրով, իսկ Գեղարդ Մանսուրեան՝ 78 առ հարիւրով։
Նշենք, թէ իրանահայութիւնը խուռներամ շարքերով մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն։