Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պիտի փորձէ Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները մերձեցնել:
Մեկնաբանելով 13 Փետրուարին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած դէպքերը` Օ՛պրայըն ըսաւ․ «Կը կարծեմ, որ այս լարուածութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ աւելի աշխոյժ դիւանագիտական ջանքեր գործադրելու կարեւորութիւնը»:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորականներուն միջեւ զոհեր պատճառած բախումներու մասին հաղորդումով։
«Մենք մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Ուժի կիրարկումը կը վտանգէ բանակցութիւնները», յայտնեց ան՝ ընդգծելով, որ կայուն խաղաղութեան միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլն է: «Զինադադարի որեւէ խախտում պէտք է հետաքննուի եւ պատշաճ կերպով հասցէագրուի», շեշտեց Միլըր։