Կիրակի 11 Փետրուար 2024ին, Բուն Բարեկենդանի Կիրակի օրը, մեծ հաճոյք էր եւ ուրախութիւն զուիցերահայութեան համար՝ լսել դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի խիստ շահեկան դասախօսութիւնը, «Հայապահպանումը եւ Սփիւռքի մէջ անոր ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթով, Ժընեւի Հայկական կեդրոնի մէջ, հրաւէրովը Ժընեւի Զուիցերահայ միութեան։
Նախքան դասախօսութիւնը յարգարժան հիւրը ներկայ եղաւ բակեալ խորանով Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ աղօթակից եղաւ համայնքին հետ:
Սուրբ պատարագէն ետք, դասախօսութեան աւարտին մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ դոկտ. Ճէպէճեան երեկոն հովանաւորող Զուիցերիոյ առաջնորդական տեղապահ Գուսան Ծ. վարդապետին նուիրեց իր կողմէ մակագրուած «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» խորագիրով իր վերջին գիրքը։
Դասախօսը մէկ ու կէս ժամուան մէջ շատ լաւ եւ տեղին ներկայացուց այսօրուան Սփիւռքը եւ հայրենիքը: Ներկաներէն շատեր հանդէս եկան կարեւոր հարցումներով, որոնց բոլորին դասախօսը գոհացուցիչ պատասխաներ տուաւ:
Դասախօսութեան աւարտին ի պատիւ հիւրին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻՆ
