

Երկխօսութիւնը եւ փոխյարաբերութիւնը անձերու կամ կառոյցներու միջեւ առիթ են զիրար ճանչնալու ու ծանօթանալու։ Անցնող չորս տարիներու ընթացքին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՛իրականանայ Վատիկանի ծանօթացման յատուկ ծրագիր մը։
Այս տարի եւս, 22 Յունուարէն 2 Փետրուար, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յիշեալ ծրագիրին մասնակցեցան երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Դպրեվանքի հսկիչներէն Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան եւ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան, եւ Միշիկընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան (Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմ). իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Յուսիկ աբղ. Սմբատեան, Մարկոս քհնյ. Մանկասարեան եւ Արարատ քհնյ. Պօղոսեան։
Յայտնենք, որ նոյն օրերուն տեղի կ՛ունենար արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 20րդ հանդիպումը, որուն, կարգ մը նիստերու, ներկայ գտնուեցան նաեւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականները եւ ականատես եղան, թէ ի՛նչ ձեւով տեղի կ՛ունենան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնները եւ հանդիպումները։


Երիտասարդ հոգեւորականներու օրակարգին գլխաւոր նպատակն էր՝ այցելել եւ ծանօթանալ Վատիկանի եկեղեցիներուն, վանքերուն, համալսարաններուն եւ մատենադարաններուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններով հանդէս կու գային տուեալ կառոյցին պատասխանատու մարմինները։
Այս այցելութիւններու օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ գրաւեց Ֆրանսիս պապին հետ հանդիպումը։ Պապը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ փոխյարաբերութեան հրամայականը։
Յիշենք, որ Կիրակի, 28 Յունուարին, Իտալիոյ Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն մասնակցեցան միաբան եւ քահանայ հայրերը։ Այս առիթով օրուան քարոզախօսութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, բնաբան ունենալով՝ «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27) Քրիստոսի խօսքը։