Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթթալ 8 Փետրուարին, իր կառավարութեան կազմին մէջ կատարեց լրացումներ։ Բոլորին համար անակնկալ մը եղաւ Էօռ եւ Լուառի երեսփոխան Կիյոմ Գասպարեանի՝ բնակութեան նախարարութեան գլխուն նշանակումը։
Վարչապետին կատարած այս ընտրութիւնը հեռու է միաձայնութիւն վայելելէ։ Ձախը եւ մարդասիրական ընկերակցութիւնները իրենց գայթակղութիւնը եւ խոր զայրոյթը կը յայտնեն՝ ի տես այս նշանակումին, որովհետեւ Կիյոմ Գասպարեան ծանօթ է իբրեւ վարձակալութեան հարցերու մէջ շատ խիստ միջոցներու կողմնակից քաղաքական անձնաւորութիւն մը։ Ան, հեղինակն է դատարկ բնակարաններու մէջ հաստատուածներու (եւ յարակից պարագաներու) արտաքսման դիւրացումը նախատեսող օրէնքի մը։