Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւը՝ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով եւ ընդգծեց ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին հետ համագործակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
«Քննարկեցինք նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը, ներառեալ՝ հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի հարցերը: Առարկայական քննարկումներ կատարեցինք նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ: Կ՛ողջունեմ Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ Պրիւքսէլեան գործընթացի ծիրին մէջ վերսկսելու եռակողմ հանդիպումը՝ հասնելու կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի մը», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Միշէլ: