Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՛ընթանան դէպի խաղաղութիւն։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ այս մասին յայտարարեց ԱՊՀի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ:
«Ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ համաձայնագիրի ստորագրութեան մասին յայտարարութիւնները յաջողութեամբ պսակուին», ըսած է Լեպետեւ։