ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Աշխարհը կը թեւակոխէ նոր տարեշրջան մը: Թէ՛ մարդիկ եւ թէ ազգերը յոյսերով եւ ակնկալելիքներով, անձկութեամբ եւ զգուշութեամբ կը դիմաւորեն զայն: Թէ՛ անհատները կը ծրագրեն իրենց հետագայ ընելիքները, գործունէութիւնը եւ թէ ազգերը իրենց իրական կարողութիւններուն եւ ունեցած կարելիութիւններուն իրապաշտ մօտեցումով, մեկնարկը կու տան նախապէս ծրագրած հաւաքական ուղղութեան եւ ռազմավարական որոշումներուն, նկատի ունենալով այդ ճանապարհին վրայ գտնուող բոլոր անորոշութիւնները:
Համաշխարհայնացած համակարգի այս դարուն, որեւէ պետական որոշում չի սահմանափակուիր միայն տուեալ երկրին մէջ, այլ՝ իր շղթայական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սահմաններէն անդին, ինչպէս Էտուըրտ Լորենզ կէս դար առաջ Պրազիլի մէջ համագումարի մը ընթացքին սրամտօրէն ըսած էր. »տեսականօրէն թիթեռնիկի մը թեւերու թափահարումը հոս, փոթորիկ կը յառաջացնէ Թեքսասի մէջ, երկու երկու տարի ետք«, ակնարկելով »քաոսի տեսութեան« մէջ ճանչցուած The Butterfly Effect-ին:
Հայաստանի մէջ կան բաւական բեղուն տարի մը ունենալու նախադրեալները, որոնք կ՛երեւէին անցած տարուան ընթացքին յայտարարուած բազմաթիւ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ մշակութային յաւակնոտ ծրագիրներու ընդմէջէն: Այդ ծրագիրներէն քաղաքականութեան հետ առընչութիւն ունեցողները յուսալիօրէն, մանրակրկիտօրէն ուսումնասիրուած ըլլան մեր հետազօտական եւ ուղեղի կեդրոններուն (think tank) կողմէ, նկատի ունենալով վերեւը յիշուած համաշխարհային աշխարհաքաղաքական դրութեան ունեցած ազդեցութիւնը եւ պետութիւններուն փոխկապակցուածութիւնը: Արագ ակնարկ մը ներկայ աշխարհի քարտէսին վրայ լոյս կը սփռէ մեր երկրի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Արեւելեան Եւրոպայի անոր արբանեակ երկիրները դուրս եկան Երկաթեայ Վարագոյրին ստեղծած արհեստական արգելքէն եւ ակնառու դիւրութեամբ վերամիացան Եւրոպական ընտանիքին՝ ընդգրկուելով հետզհետէ Եւրոպական Միութեան իսկ ոմանք՝ նոյնիսկ ՆԱԹՕին:
Միութեան մաս կազմող նախկին 15 պետութիւնները նոյնպէս դուրս եկան ռուսական իրողական կայսրութեան սահմաններէն, սակայն այդ մէկը ամբողջական ազատագրում չէր: Անոնք տարբեր չափերով ենթակայ մնացին ռուսական ազդեցութեան գօտիին. վերջինիս կողմէ 70 տարիներու ընթացքին հաստատած սարդոստայնին պատճառով, որմով իւրաքանչիւր հանրապետութեան տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ ուժային հաստատութիւնները եւ ենթակառոյցները ամրօրէն միացած էին Մոսկուայի կեդրոնին հետ: Այդ հանրապետութիւններուն կողմէ որեւէ փորձ այդ ազդեցութեան գօտիէն դուրս գալու եւ քաղաքական արեւմտեան արեւելում որդեգրելու՝ հաշտ աչքով չէր կրնար դիտուիլ, եւ պիտի ենթարկուէր համապատասխան հակադարձութեան:
Այդ հակադարձութիւններու գլխաւորներուն ականատես եղանք առաջին անգամ Չեչենիոյ մէջ, երբ անոր դաշնակցութենէն դուրս գալու անջատողական ձգտումը յանգեցաւ կործանարար պատերազմի մը: Երկրորդը՝ Վրաստանի՝ դէպի Եւրոպա ձգտումն էր, որուն պատճառով տեղի ունեցաւ Աբխազիոյ Վրաստանէն անջատումը, մէկ տարի տեւած աբխազ-վրացական պատերազմէն ետք, ապա ռուսական բանակին ներխուժումը Վրաստան եւ Հարաւային Օսեթիոյ կցումը Հիւսիսային Օսեթիոյ:
Կովկասէն հեռու, Ուքրանիոյ արեւմտեան թեքում ունենալու ձգտումը պատճառ դարձաւ ռուսական բանակին կողմէն խիստ հակադարձութեան, որ առաջնորդեց մինչեւ հիմա շարունակուող կործանարար պատերազմին, որ մինչեւ այսօր, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պատճառած է առաւել քան 500,000 սպաննուածներ, միլիոնաւոր մարդոց տեղահանութիւն եւ գաղթ: Ուքրանիա կորսնցուց Խրիմի տարածքը եւ Տնեպըր գետի աջակողմեան՝ արեւելեան ափի չորս մարզեր:
Պէտք է նշել որ երկու ամիս առաջ ծայր առած Իսրայէլ-Կազա պատերազմը ի նպաստ Ռուսիոյ իրադարձութիւն մըն է, որ պատճառ կրնայ դառնալ Ուքրանիոյ տրամադրուելիք ամերիկեան ռազմական օգնութեան զգալի նուազեցման, որ աւելիով պիտի սատարէ ռուսական ռազմական գերակայութեան: Քաղաքական ինչ փոփոխութիւններ կրնան յաջորդել ռուսական ամբողջական յաղթանակի մը պարագային, կարելի չէ կանխատեսել, բայց բոլոր հաւանականութիւնները բաց են:
Արցախի վերջին պատերազմին մեր պարտութիւնը եւ Արցախի կորուստը երեւութապէս եթէ Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ պատերազմներուն շարունակութիւնն են, նոյնանման պատճառներով, իրողապէս սակայն ուրիշ պարունակի մը մէջ կը գտնուի. հոն տիրական էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ուժային գործօնը, միացած ռուսական պետական շահին, որ արտացոլումն էր վերջինիս ուքրանական ճակատին վրայ ծրագրուած զբաղուածութեան, սեփական կազը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա հասցնելու ցանկութեան, Թուրքիոյ հետ տնտեսական եւ քաղաքական գործակցութեան, Արցախը Ատրպէյճանի կազմին վերադառնալուն իրեն համար անվնասութեան եւ վերջապէս՝ Հայաստանի վրայով ապագային գոյանալիք միջազգային ճանապարհներուն վրայ իր վերահսկողութեան հաստատման ծրագիրներուն:
Հայկական պետութեան ինքնիշխանութեան դրսեւորումն է իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած որեւէ քաղաքական ուղղութիւն, որ կը համընկնի ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքին եւ ազգային շահերուն: Մեր ազգային անվտանգութիւնը սերտօրէն կապուած է մեր տնտեսական բարգաւաճումին, ռազմական աւելի կենսունակ եւ արդի դարուն հետ համընկնող մարտավարութեան, այժմէական սպառազինութեան եւ կրթական այժմէական համակարգին հետ, որոնց կարելի է հասնիլ միայն Արեւմուտքին օգնութեամբ եւ արժեհամակարգին մաս կազմելով, որովհետեւ անոր այլընտրանքայինին եւ արդէն փորձուածին հետեւանքները երեւելի են:
Ազգային մեր կամքին ազատ արտայայտութիւնը դրսեւորող այս քաղաքականութեան հետ սակայն, մենք չենք կրնար անտեսել իրողական աշխարհաքաղաքական պատկերը: Իրապաշտօրէն պէտք է գնահատել կացութիւնը եւ ընդունիլ որ Հայաստանը, ի տարբերութիւն Արեւելեան Եւրոպական երկիրներուն, աշխարհագրականօրէն կը գտնուի Ասիոյ մէջ, հեռու ծովերէն: Արեւմուտքի արեւելեան քաղաքականութիւնը եւ անոր հետաքրքրուածութիւնը միայն Հայաստանով չի վերջանար, այլ ամբողջ Կովկասի եւ անորմով դէպի Կեդրոնական Ասիոյ համար է, որուն մէջ Հայաստանէն բացի կան Ատրպէյճան, Վրաստան, Կովկասեան միւս փոքր ժողովուրդները եւ վերջապէս Թուրքիա՝ անոր ռազմավարական անգնահատելի դիրքին եւ գործօնին համար:
Մեր տարածաշրջանը ենթակայ է թրքական, ռուսական, իրանեան ուղղակի եւ հեռաւոր Հնդկաստանի, Միջին Արեւելքի եւ նոյնիսկ Չինաստանի անուղղակի քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն: Մեր քաղաքական վերնախաւը այժմ եւ միշտ պէտք է նկատի ունենայ, որ մենք մեր աշխարհագրական դիրքը չենք կրնար փոխել եւ ստիպուած ենք գոյատեւել այս տարածքին վրայ, հետեւաբար, պէտք է որդեգրենք շատ ճկուն դիւանագիտութիւն, իրատեսական քաղաքական կամք, հեռատեսութիւն եւ վառ երեւակայութիւն՝ վարելու համար հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը, չթշնամացնելով հեռու եւ մօտիկ դրացիներէն ոչ մէկը: Խորհրդային Միութեան փլուզումը անկանխատեսելի էր, սակայն անիկա տեղի ունեցաւ: Ռուսիա այս պատերազմէն ետք ստիպուած պիտի ըլլայ արեւմտեան տնտեսական համակարգի օրինակին հետեւելու՝ հասնելու համար անհրաժեշտ զարգացման: Այդ մեզի համար կարեւոր է:
Հայկական իշխանութիւններուն տնտեսական քաղաքականութեան մէջ կը տեսնենք որոշ հաւասարակշռութիւն: Կը տեսնենք արեւմտեան եւ եւրոպական երկիրներու հետ զանազան տնտեսական ծրագիրներու շուրջ գործակցութիւն, նոյն ատեն ռուսական տնտեսական ներդրումներու գծով համաձայնութիւն, օրինակ՝ Աթոմակայանի նորոգման համար ռուսական ներդրումներու համաձայնութիւնը եւ այլ ներդրումային ծրագիրներ:
Եկող տարուան ընթացքին եւ միշտ, մեր քաղաքական վերնախաւին գործը պէտք է ըլլայ նկատի ունենալ, որ քաղաքականութեան մէջ անորոշութիւնները տիրական են, առ այդ, նախքան որեւէ որոշում պէտք է հաշուարկել բոլոր հնարաւոր դրական եւ բացասական հետեւանքները, որոնք տեսականօրէն հնարաւոր են, զերծ մնալով անոնց հաւանականութիւնները (probability) հաշուարկելէ, որովհետեւ այդ մէկը անկարելի է: