30 Յունուարին, Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պաղեստինեան գործերու վարիչ Ճորճ Նոլ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան պատրիարքին հետ:
Կալուածոց տեսուչ Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանի եւ աւագ թարգման Վազգէն վարդապետ Ալէքեանի ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Կովերու պարտէզ»ին շուրջ տեղի ունեցող անցուդարձներուն: