
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան», «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան՝ Կիրակի, 28 Յունուարի երեկոյեան, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 133ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներուն, հոգեւորականաց դասուն, Քեպէքի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեանի, Լավալի քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անդամներուն, համակիրներու եւ հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄականներու կողմէ դրօշակներու մուտքով, փողերախումբին մասնակցութեամբ եւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի օրհներգներով, ապա հնչեց ՀՅԴի քայլերգը, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մեր բոլոր նահատակներուն անմար յիշատակը:


Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան Տողրամաճեան:
Զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ատենապետ Արա Գաթարոյեան, որ ըսաւ. «Կասկած չկայ, որ այսօր Դաշնակցութեան հիմնադրութեան նշումը տօնական չէ։ Այսօր Արցախի կորուստը եւ ամբողջական հայաթափումը կարծէք ստեղծած ըլլան 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզիբի հայութեան իրավիճակը յիշեցնող նմանօրինակ պայմաններ՝ հսկայական կորուստներ, ըլլա՛ն անոնք մարդկային թէ հողային, քայքայուած բանակ, համատարած յուսալքում, զանգուածային գաղթ, սահմաններուն կանգնած թշնամի զօրքեր եւ այլն. բայց այս ճակատագրական կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար, իրաւունքը չունինք անտարբեր կամ ձեռնածալ մնալու»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան ԳԵՄի (Գանատայի Երիտասարդական միութեան) անդամներ՝ «ՀՅԴի ծնունդ» ներկայացումով, ապա ցուցադրուեցաւ «ՀՅԴ Պատմութիւն» տեսերիզը, որ հակիրճ կերպով կը պարփակէր ՀՅԴի գործունէութիւնը՝ կազմաւորուելէն մինչեւ մեր օրերը: Ապա խումբ մը ԳԵՄականներ ներկայացուցին «ՀՅԴ կազմաւորում» բեմադրումը:
Ելոյթ ունեցան Ռուբինա Քիւբէլեան, ներկայացնելով Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» կտորը, ապա Նժդեհ Պոտրումեան՝ «Արծիւ սլացիր» եւ «Պատերազմ էք գնում» յեղափոխական երգերով: «Հերոս Տղերք» երգ-տեսերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ Պատանեկան միութեան եւ ԳԵՄի անդամներուն:
Երիտասարդական շարքեր փոխանցուեցան խումբ մը պատանիներ, որուն ընթացքին ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Ձեր եռանդով ու խանդավառութեամբ նոր թափ պիտի տաք մեր աշխատանքներուն, ու ձեր նոր գաղափարներով զինուած առաջ պիտի տանինք մեր կազմակերպութիւնը: ՀՅԴ ԳԵՄի շարքերէն ներս դրսեւորուած երիտասարդութիւնը կը մեծնայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իտէալական տեսլականով, որ կ’ընդելուզուի մեր էութեան մէջ»:
Օրուան պատգամաբերն էր Մհեր Գարագաշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 134րդ ամեակը կը թեւակոխենք՝ Արցախի անկումէն չորս ամիս ետք: Անցնող տարուան վերջին քառորդին, ազգովին կրկի՛ն անգամ ապրեցանք տեղահանութեան ու կորուստի ցաւը, կրկի՛ն անգամ ցեղասպանութեան ուրուականը մթագնեց հայոց աշխարհը, ու մեր ամրոց-Արցախը ինկաւ կարճ բայց հերոսական դիմադրութենէ մը ետք: Ինկաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութեանց իբրեւ արդիւնք, ինկաւ մեր մէջ բոյն դրած անտարբերութեան, համակերպման ու պարտուողական վարակին իբրեւ արդիւնք, ինկաւ վերջապէս՝ փանթրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն իբրեւ թիրախ, անգամ մը եւս հայաթափելով մեր հայրենիքի բազմադարեան մէկ օճախը»: ապա անդրադառնալով այս ճգնաժամէն անյապաղ դուրս գալու անհրաժեշտութեան՝ ան յայտնեց. «Ընդգծենք, որ ճակատագրական այս փուլին էականը գահավէժ անկումը կանգնեցնե՛լն է, վերջին հինգ տարիներուն դիտումնաւոր սրուած ներազգային բեւեռացումի եւ պառակտման ճեղքերու վերացո՛ւմն է, մեր երկրէն ու մե՛ր իսկ մէջէն թրքական Տրովադայի ձին դուրս շպրտե՛լն է, ամէն տեսակի մակաբոյծներէ ու վարձկաններէ ձերբազատի՛լն է: Եթէ այս մէկը ոմանք պիտի մեկնաբանեն իբրեւ միասնականութեան դէմ կոչ, թող այդպէ՛ս ըլլայ: Արդէն ուշ են, արդէն կե՛ղծ է այդ բռնազբօսիկ «միասնականութիւն»ը ու կործանիչ: Կարելի չէ համատեղել ախտն ու մարմնի դիմադրողականութիւնը՝ ու միասնութիւն ձեւացնել: Այս բոլորին դիմաց՝ ազգային առողջ ուժերու միահամուռ եւ այս անգամ՝ արտակա՛րգ լարումով կրկին անգամ լծուիլ է պէտք մեր պետականութեան փրկութեան ու ազգային անվտանգութեան վերականգնման դժուարին բայց անյետաձգելի՛ գործընթացին»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր սրտի խօսքով:
Նշենք, որ նախքան պաշտօնական ձեռնարկին սկսիլը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ ՀՅԴ «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան ատենապետ Հրակ Գայայեանի ձեռամբ, տեղի ունեցաւ ԳԵՄի կողմէ պատրաստուած արցախեան պատերազմներուն բոլոր նահատակներուն նուիրուած յուշատախտակի բացումը, որուն ընթացքին նաեւ խօսք առաւ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Արզումանեան:
(Քաղուած՝ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆի թղթակցութենէն)