ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
7 Դեկտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեց հրամանագիր մը՝ 7 Փետրուարին նախագահական արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յանձնարարեց ապահովել ընտրութիւններու իրականացումը օրէնքով սահմանուած կարգով:
Ըստ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան՝ նախագահական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենային Հոկտեմբեր 2025ին:
Հպանցիկ ակնարկով մը կը նկատենք, որ Ալիեւներու ընտանիքը առաւել քան 50 տարներէ ի վեր կ՛իշխէ Ատրպէյճանի մէ: Իլհամ Ալիեւ 2003ին ընտրուեցաւ նախագահ, «ժառանգ» ստանալով նախագահական աթոռը իր հօրմէ՝ Հայտար Ալիեւէն: Վերջինս 1969էն մինչեւ իր մահը Ատրպէյճանի փաստացի ղեկավարն էր: Միմիայն 1989էն 1993՝ յետ անկախութեան շրջանին, տարբեր քաղաքական դէմքեր իշխեցին Ատրպէյճանի մէջ: Յիսուն տարիներու ընտանեկան այս իշխանութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացուի ժողովրդավարութեան տրամաբանութեամբ: Ատրպէյճան այսօր աշխարհի այն քանի մը երկիրներէն է, ուր ընտանեկան «ժողովրդավարութիւնն» է իշխողը: Հարաւային Քորէան եւ Սուրիան նոյնպիսի երկիրներ են:
Ինչո՞ւ Ալիեւ որոշեց կանխահաս ընտրութիւններու դիմել կամ որո՞նք էին պատճառները, որոնք մղեցին Ատրպէյճանի մենատիրոջ այս քայլին դիմելու:
Նախ պէտք է ընդգծել, որ Արցախի պատերազմին տարած իր յաղթանակով եւ անցեալ Սեպտեմբերին Արցախը հայաթափելով՝ Ալիեւ ներկայիս մեծ վարկանիշ ունի իր երկիրին մէջ: Աւելին, անոր հռետորաբանական ոճը, որմով ան յաճախ կը սպառնայ նոյնիսկ Հայաստանի գոյութեան, իր ներքին լսարանին մօտ աւելի եւս կ՛ամրապնդէ իր դիրքը: Մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ հիմնական ընդդիմութիւնը պոյքոթած է ընտրութիւնները, իսկ մասնակցող միւս ընդդիմադիր թեկնածուները, ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու, իշխանութեան դրածոներն են՝ Ալիեւի բեմադրած ժողովրդավարութեան խաղը կատարեալ կը դառնայ:
Այս ընտրութիւններուն, Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քուէարկութեան սնտուկներ պիտի տեղադրուին նաեւ Արցախի մէջ: Այս ձեւով, Ալիեւ թէ՛ ներքին ճակատին վրայ եւ թէ արտաքին աշխարհին կ՛ուզէ պատգամել, որ ինք, իր հասկացողութեամբ, ամբողջական Ատրպէյճանի նախագահն է:
Սակայն, ներքին ազդակներէն աւելի կան արտաքին ազդակներ, որոնք հաւանական պատճառներն են կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու՝ Ալիեւի այս քայլին:
Ակներեւ է, որ վերջին ամիսներուն Արեւմուտքի կողմէ հետզհետէ կը մեծնայ ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար: Ալիեւ երկու առիթներով խուսափեցաւ արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ կազմակերպուած Հայաստանի հետ բազմակողմ հանդիպումներէ:
Ալիեւի վարչակարգը իր պաշտօնէութեամբ սկսած է յականէ անուանէ մեղադրել Արեւմուտքը՝ Հայաստանի ի նպաստ դիրքորոշուելու մէջ: Անոր արտաքին գործոց նախարարը մերժեց մեկնիլ Ուաշինկթըն, իսկ Գերմանիա եւ մանաւանդ Ֆրանսա սկսած են դառնալ ատրպէյճանական քարոզչութեան թիրախ: Այս ընտրութիւններով, Ալիեւ կը փորձէ ժամանակ շահիլ, սպասելով մէկ կողմէ ռուս-ուքրանական պատերազմին ի նպաստ ռուսական կողմին բեկումին, իսկ միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ աշնան տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն, ուր Թրամփի վերադարձը կրնայ ի նպաստ Ատրպէյճանի ըլլալ:
Յիշեցնենք, որ 44օրեայ պատերազմի օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահը նոյնինքն Թրամփն էր:
Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը համակարգուած կը թուի ըլլալ Ռուսիոյ հետ: Մերժելով Արեւմուտքի յառաջ մղած Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելը՝ Ատրպէյճան կը փորձէ խաղաղութեան հասնիլ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ: Այս կը նշանակէ, թէ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ կայ համակարգում մը, որուն ականատեսն ենք վերջին տարիներուն եւ որուն առաջին արդիւնքը դարձաւ Արցախի 44օրեայ պատերազմը, ապա Արցախի հայաթափումը: Սակայն, նոյն ատեն, վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Մոսկուայի կողմէ եւս կայ հայկական կողմը սիրաշահելու քաղաքականութիւն մը: Այս պարունակին մէջ պէտք է հասկնալ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի ապսպրած եւ անոնց համար վճարած զէնքերու առաջին խմբաքանակին առաքումը: Մոսկուայի այս քաղաքականութեան ծիրին մէջ, վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, յղում կատարելով 9 Նոյեմբեր ի յայտարարութեան՝ նշեց, որ այնտեղ խօսք չկայ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին: Մոսկուա սկսած է հասկնալ, որ Հայաստանի ամբողջական թեքումը դէպի Արեւմուտք պիտի նշանակէ Կովկասէն իր հեռացումը:
Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը հաշտ աչքով չի դիտուիր Արեւմուտքին կողմէ: Վերջին շաբաթներուն սկսած են տարբեր երկիրներու՝ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա եւ այլն, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն ներկայացուիլ արցախահայութեան վերադարձի պահանջը: Անշուշտ, այս յայտարարութիւնները այս հանգրուանին կը միտին քաղաքական եւ հոգեբարոյական ճնշման տակ պահել Ատրպէյճանը՝ ընդառաջել տալու համար Արեւմուտքի քաղաքական պահանջներուն:
Այս բոլորին զուգահեռ, Արեւմուտքի համամտութեամբ, հայկական բանակը նախ հնդկական զէնքերով, ապա ֆրանսական զէնքերով զինելով, նոյնպէս քաղաքական պատգամ մը կը յղուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
Իսկ վերջերս, Ֆրանսայի Ծերակոյտը գրեթէ միաձայնութեամբ կառավարութենէն պահանջեց պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի դէմ: Այս պահանջը իրաւական հիմք չունենալով հանդերձ, ապագային կրնայ իրաւական հիմք ծառայել երկիրի կառավարութեան՝ գործնական քայլերու դիմելու համար: Ակներեւ է նաեւ, որ վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար 44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցով երբեմն թաքուն, երբեմն ալ բացայայտ համակարգուած քաղաքականութիւն մը կայ Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպայի, մասնաւորաբար Ֆրանսայի միջեւ: Արեւմտեան այս քաղաքականութեան դրսեւորումներէն է նաեւ հայ-բրիտանական եւ հայ-գերմանական կապերու աշխուժացումը:
Վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ տարածաշրջանը կը գտնուի նուրբ եւ անկիւնադարձային հանգրուանի մը սեմին: Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են վարել զգոյշ քաղաքականութիւն մը՝ Արցախի հարցը միշտ կրակի վրայ ձգելով եւ պահանջելով արցախահայութեան վերադարձը միջազգային երաշխիքներով:
Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանի հանդէպ այս հետաքրքրութիւնը եւ դիրքորոշումը առաւելագոյնս օգտագործելու ժամանակն է՝ ի շահ մեր պետականութեան ամրապնդման եւ գոյատեւման: