
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ 50,000 ՏՈԼԱՐՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի, 28 Յունուարի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախքան Ս. Սարգիս տօնին նուիրուած արարողութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս Տօնոյեան, Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ մարդկային իրաւունքներու գծով քաղաքագէտ Գեղամ Ստեփանեանը՝ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան ատենապետ Սթիւ Տէտէեանի եւ անդամներու:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան արցախահայութիւնը յուզող հարցեր, յուսալով, որ տեղահանուած արցախահայութեան տագնապները բարւոք լուծումներու յանգին՝ համապատասխան մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ ի նպաստ մեր ազգի վիրաւոր հատուածին:
Այս ծիրին մէջ, ներկաները արտայայտեցին իրենց միտքերը եւ փոխանակեցին կարծիքներ, իսկ առաջնորդ սրբազանը եզրափակեց հանդիպումը՝ հաւատալով, որ Արեւմտեան Ամերիկան՝ իբրեւ կազմակերպ գաղութ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը՝ իր եկեղեցիներով եւ դպրոցներով, պիտի շարունակեն եզակի աշխատանք տանիլ՝ արցախահայութեան համար անհրաժեշտ կարգ մը ծրագիրներ հովանաւորելով ու զանոնք կեանքի կոչելով:
Հանդիպման աւարտին՝ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ յանուն Ազգային վարժարաններու՝ այս նպատակին համար հանգանակուած 50,000 տոլար գումար մը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով շուտով պիտի տրամադրուի արցախահայութեան, ի խնդիր արցախահայութեան որոշ կարիքներու բաւարարման: