Մոսկուա դարձեալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հրաւիրեց Ռուսիա` քննարկելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Արարատ Միրզոյեանին բազմաթիւ անգամներ Մոսկուայի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու հրաւէր ուղարկուած է` սկսեալ նախորդ տարուան Սեպտեմբերէն, ի շարս այլ բաներու այդ հարցը քննարկուած է տարբեր մակարդակներու վրայ, երկկողմ շփումներու ընթացքին: Վերջին ազդանշանը Երեւանին ուղարկուեցաւ բառացիօրէն քանի մը օր առաջ», յայտնեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Մոսկուա արդեօք պատրա՞ստ է գործընկեր դառնալու Երեւանի` ականապատ քարտէսները Պաքուին փոխանցելու հարցին մէջ՝ Զախարովա շեշտեց, որ Մոսկուա թէ՛ Երեւանի գործընկերը կը մնայ, եւ թէ որոշիչ ներդրում ունի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մէջ, մասնաւորաբար, 2020ի աշնան «որոշիչ ներդրում ունեցաւ ա՛լ աւելի ծանր իրավիճակի, նոյնիսկ կարելի է ըսել` Հայաստանի պարտութիւնը կանխելուն մէջ»։
«Նոյն ատեն միշտ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած ենք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման մարդասիրական հարցերուն, Ռուսիա աշխոյժ կերպով նպաստած է ռազմագերիներու, բանտարկեալներու փոխանակման, անյայտ կորսուածներու որոնման, ականապատ դաշտերու քարտէսներու փոխանցման, պատրաստ է շարունակել այդ ջանքերը, որոնք կը տանին դէպի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», աւելցուց Զախարովա։