ԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԹԻՖԼԻՍ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
Թիֆլիս տուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններէն ետք, խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ գործընթացը աւարտին կը հասնի՝ շեշտելով, որ ռազմաշունչ եւ առաւելապաշտական հռետորաբանութիւնը չի նպաստեր կարգաւորման գործընթացին:
Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման մասին խօսեցաւ նաեւ Ղարիպաշվիլի` վստահեցնելով, որ իրենք պատրաստ են այդ հարցին մէջ ներդրում ունենալու. ան նաեւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան շուտով կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ պիտի նպաստէ խաղաղութեան։
Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին՝ յայտնելով. «Այս նախագիծը միտուած է տարածաշրջանի կապակցուածութեան խթանմանը` յարգելով պետութիւնների ինքնիշխանութիւնը եւ հաւասարութիւնն ու փոխադարձութեան սկզբունքները: Ներկայ իրողութիւնների պայմաններում, երբ փոփոխւում են տարբեր երթուղիներ, մեր տարածաշրջանը տարանցիկ նոր հանգոյց կարող է դառնալ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ»։
Փաշինեանի՝ Վրաստան այցելութեան ծիրին մէջ, նաեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը: «Այս ձեռքբերումը վերջին մի քանի տարիների մեր համատեղ ջանքերի եւ աշխատանքի արդիւնք է եւ արտացոլում է մեր ընդհանրութիւններն ու նպատակասլացութիւնը։ Վստահ եմ, որ այս ձեւաչափը համապատասխանում է մեր երկրների միջեւ յարաբերութիւնների առկայ մակարդակին, ինչպէս նաեւ նոր հնարաւորութիւններ կը բացի փոխգործակցութեան առաւել խորացման համար», ըսաւ Փաշինեան:
Ղարիպաշվիլի իր կարգին ընդգծեց, թէ իրենք Հայաստանի հետ փաստացի ռազմավարական գործընկերներ են, իսկ այդ հռչակագիրով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ այդ մէկը: