
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը մեկնարկէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ երկօրեայ քննարկումներ, որոնք տեղի պիտի ունենան 2 եւ 3 Փետրուարի շաբաթավերջին, Կլենտէլի Hero House-ին մէջ (326 Mira Loma Ave., Glendale, CA 91204)։
Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան պիտի ներկայացնէ հիմնարկութեան ծրագիրները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակները, եւ պիտի զրուցէ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հետ:
Ուրբաթ, 2 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն 8։30, Փանոսեան պիտի ներկայացնէ բաժանմունքին անցեալ տասնամեակի գործունէութիւնը եւ խօսի ներկայի ու ապագայի ուղղութիւններուն մասին։ Այս կարճ ներկայացումին պիտի յաջորդէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան գործունէութեան մասին մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկում մը՝ Սալբի Ղազարեանի (USC Institute of Armenian Studies) եւ դոկտ. Հուրի Պէրպէրեանի (Մեղրունի ընտանիքի հայագիտութեան նախագահական ամպիոնի վարիչ եւ UC Irvine-ի հայագիտական ծրագիրի տնօրէն) մասնակցութեամբ: Քննարկումին պիտի յաջորդէ հարցումներու եւ մեկնաբանութիւններու նիստ մը:
Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 11։30էն յետմիջօրէի ժամը 4։30, տեղի պիտի ունենան երեք իրերայաջորդ երկլեզու զրուցասեղաններ՝ քննարկելու. (ա) հայկական աշխարհին մէջ բարերարութեան փոփոխական բնոյթը, (բ) Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ (գ) քննական մտածողութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքեան կառոյցներու մօտ։
Աշխարհի տարբեր հայ համայնքներու մէջ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ ունենալ իր աշխատանքային ներգրաւուածութիւնը, նոյն ժամանակ, հիմնարկութիւնը կը ձգտի առաւել սերտօրէն աշխատիլ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ՝ մնալով հաւատարիմ իր ռազմավարական ուղղութիւններուն, որոնք կը թարմացուին ամէն հնգամեակ, նկատի ունենալով փոփոխուող մարտահրաւէրները, թէ՛ հայութեան եւ թէ համաշխարհային մակարդակներուն վրայ։
Վերոյիշեալ միջոցառումները կը կազմակերպուին USC Institute of Armenian Studies-ի հետ համագործակցաբար: «Այս առաջին անգամը չէ, որ մենք կը համագործակցինք «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ. մեր տեսակէտերը եւ մօտեցումները նման են, եւ մենք կ՛ողջունենք հայութիւնը յուզող նիւթերու շուրջ զրոյցները ընդլայնելու՝ այս հնարաւորութիւնը», կ՛ըսէ Սալբի Ղազարեան, որ հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Շուշան Կարապետեանի հետ պիտի մասնակցի քննարկումներուն։ Միւս մասնակցողներէն են՝ USC-էն փրոֆ. Տանըլտ Միլըր, UCLA-էն դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան եւ դոկտ. Շանթ Շըխըրտմեան, ինչպէս նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն Շողեր Մարկոսեան։
Բոլորը հրաւիրուած են մասնակցելու ծրագիրներ նախագծողներու, հովանաւորողներու եւ համայնքին միջեւ այս զրոյցին: Ի՞նչ են հայկական կազմակերպութիւններու դիմագրաւած ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները: Ինչպէ՞ս կրնանք ամրապնդել լեզուն եւ մշակոյթը սփիւռքեան միջավայրերուն մէջ. Փափաքը եւ կամքը կա՞ն այս մէկը ընելու։ Արդեօք հաստատութիւններու ծրագիրները օգտակա՞ր, տեղի՞ն եւ ազդեցի՞կ են. թէ կրկնուող ու հինցած յարացոյցերու հիման վրայ կը յարատեւէն: Ինչպէ՞ս որոշումներ կը տրուին եւ նախագիծեր կը գնահատուին: Կը փոխո՞ւի արդեօք որոշումներ տալու եղանակը եւ նպաստատուութիւնը. արդեօք պէ՞տք է փոխուի, իսկ եթէ այո, ինչպէ՞ս:
««Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութիւնը հայ համայնքներուն սկսած է Միջին Արեւելքէն, ուր հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր ներկայութիւնը ապահովել: Այնուամենայնիւ, ժամանակի ընթացքին, անոր գործունէութիւնը ուղղուած է դէպի արեւմուտք՝ բերելով մեզ Լոս Անճելըս: Մենք դասեր ունինք քաղելիք Լոս Անճելըսի հայկական համայնքէն, նոյն ժամանակ կ՛ուզենք նպաստել անոր, յատկապէս մշակոյթի, կրթութեան եւ լեզուի ոլորտներուն մէջ: Այս երկօրեայ զրոյցը էական է մեզի համար՝ մշակելու համապատասխան ծրագիրներ, որոնք առնչութիւն ունին այս կարեւորագոյն համայնքին, որ շատ կը տարբերի ուրիշներէ», կ՛ըսէ Փանոսեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել carmenias@gulbenkian.pt հասցէին։