Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութեան 64րդ տարեգիրքի ներկայացումը տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին։
Ձեռնարկը նաեւ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու միութեան եւ աշխարհասփիւռ քեսապցիներու իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու միութեան գործունէութեան մէջ յատկանշական ներդրում ունեցած դոկտ. Ճորճ Աբէլեանը։
Նշենք, որ միութիւնը անցեալ տարի, իր 63րդ տարեգիրքի ներկայացումին ընթացքին մեծարած էր դոկտ. Հայկ Մանճիկեանը։
Միութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.keaofla.com կայքը։
