Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, տասնամեակներէ ի վեր կը գործեն Ս. Գրոց խմբակները։ Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ եւ դաստիարակիչ բնոյթով հաւաքներ տեղի կ’ունենան ծխական մեր եկեղեցիներուն մէջ, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ առաջնորդութեամբ թեմիս հոգեւոր հայրերուն, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եկեղեցասէր եղբայրակցութեան եւ նուիրեալ սպասարկուներուն։
Երեքշաբթի, 26 Յունիս 2007ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Երեքշաբթի երեկոյեան հոգեւոր խորհրդածութիւններու տարեշրջանին եզրափակումը: Նախաձեռնութեամբ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ թեմիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, անցնող տարեշրջանին հոգեւոր խորհրդածութիւններ եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւններ տեղի ունեցան վերոյիշեալ եկեղեցւոյ մէջ, ամէն Երեքշաբթի երեկոներուն:
Ամբողջ տարեշրջանին, աւելի քան 300 անձեր մասնակցեցան սերտողութեանց, ուսումնասիրելով Մատթէոսի Աւետարանը։ Երեկոները վարեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան։
Այս տարեշրջանի եզրափակիչ սերտողութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց հայր Պարթեւը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձական կազմը եւ սերտողութեան մասնակիցները։ Իր խորհրդածութեան մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գիրքին ունեցած անժամանցելի կարեւորութեան, շեշտելով Պօղոս Առաքեալի արձանագրած այն ճշմարտութիւնը, թէ Սուրբ գիրքերը զօրութիւնը ունին մեր միտքերը իմաստութեան բանալու, Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու եւ այդ հաւատքով՝ փրկուելու, քաջ գիտնալով՝ որ «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար, որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ» (Բ. Տմ 3.15-17)։
Սրբազան հայրը յիշեցուց ներկաներուն, թէ Հայ Եկեղեցին անընդմիջաբար անցեալէն մինչեւ այսօր մեծ կարեւորութիւն տուած է Ս. Գրքի սերտողութեան ու հասկացողութեան՝ հաւատացեալի կեանքէն ներս, զայն նկատելով միակ հարազատ ու ջինջ աղբիւրը՝ Աստուծոյ խօսքին ու յայտնութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսը իր ամբողջութեանը մէջ՝ շարականներն ու մաղթանքները, քարոզներն ու աղօթքները մեծաւ մասամբ քաղուած են Աստուածաշունչէն։
Մէջբերելով Եղիշէ պատմիչի Աստուծոյ խօսքին մասին գրութիւնը, առաջնորդ սրբազանը կարդաց այն հատուածը, ուր մեծ վարդապետը Աստուծոյ խօսքը կը նմանցնէ ջուրի, զոր «երբ ծարաւ հոգիով խմես զայն՝ երբեք ծանրութեամբ չես լեցուիր, այլ կը թեթեւնաս եւ դարձեալ կը փափաքիս խմել»։
Սերտողութեան աւարտին, բոլոր ներկաները ծնրադիր երգեցին «Տէ՜ր, ողորմեա»ն եւ Տէրունական աղօթքը, ապա սրբազան հօր սրտաբուխ աղօթքով եւ «Պահպանի»չով արձակուեցան խաղաղութեամբ՝ Աստուծոյ Հոգիով զօրացած ու քաղցրացած։