Հայաստան-Իրան համագործակցութեան զարգացման հիմնարկի ղեկավար Փույա Հոսէյնի «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ալիեւ դարձեալ աշխուժացած է եւ սկսած է խօսիլ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին, սակայն Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանը արձագանգած էր այս պնդումներուն` ըսելով, որ Իրան դէմ է միջանցքին եւ կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։
«Ալիեւի թիկունքին կան այլ ուժեր, որոնք կ՛օգտագործեն զայն տարածաշրջանը մնայուն կերպով լարուածութեան մէջ պահելու եւ թոյլ չտալու համար, որ իրական խաղաղութեան հասնին: Խօսքը Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ այլ երկրներու մասին է: Իրանի միջոցով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի կապը Թեհրանին լծակներ կու տայ՝ Անգարայի եւ Պաքուի վրայ: Ասիկա կը բխի թէ՛ Իրանի եւ թէ Հայաստանի շահերէն: Ասիկա ինքնին այն այլընտրանքն է, զոր Թեհրան առաջարկեց Ատրպէյճանին», նշեց Հոսէյնի:
Ըստ անոր՝ Պաքու, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի գաղափարը յառաջ տանելով՝ կը փորձէ թոյլ չտալ տարանցիկ ճանապարհներու բացում Հայաստանով, այլ կ՛ուզէ, որ անոնք անցնին միայն Ատրպէյճանով։