Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարած են փաստաթուղթով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներուն գծով պնդումներուն` ռուսական կողմը փաստեր կը պահանջէ։
«Եթէ կայ որեւէ փաստաթուղթ միջազգային կազմակերպութիւններէ, զորս Երեւան հեղինակաւոր կը նկատէ, օրինակ՝ ՄԱԿ կամ այլ կազմակերպութիւն, եթէ կայ փաստաթուղթ կամ յայտարարութիւն, որ կը վկայէ, թէ այդպիսի ցեղային զտումներ կատարուած են, խնդրեմ, բարի եղէք մեզի յղումներ տրամադրեցէք», յայտնեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Մոսկուա ապակառուցողական եւ իրականութեան չհամապատասխանող կը նկատէ ռուս խաղաղապահներուն հասցէին Հայաստանէն հնչող մեղադրանքները եւ փաստերը շահարկելու փորձերը:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի՝ այդպիսի յայտարարութիւնները «փաստերը կեղծելու փորձեր են», որոնց նպատակը «պատասխանատուութենէ խուսափիլն է»:
Զախարովա չյստակացուց, թէ ռուս խաղաղապահներու հասցէին Հայաստանէն հնչող ո՛ր մեղադրանքները «կեղծ» են:
Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս խաղաղապահները կը մեղադրեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չպաշտպանելու մէջ: