Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն եւ հայ համայնքի այլ ղեկավարներու կողմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի անկախ թեկնածու Ռապըրթ Քենետի Կրտսեր անգամ մը եւս վստահեցուց, թէ պիտի զօրակցի Արցախը հայութեան վերադարձնելու եւ հայկական հողերը վերամիացնելու ջանքերուն, յիշեցնելով, որ Արցախի առնուազն ՆՔ 200 թուականէն ի վեր հայկական եղած է։
Ան «ցնցիչ» որակեց այն իրողութիւնը, որ աշխարհը լուռ կը մնայ Արցախի մէջ իրականացած ցեղասպանութեան նկատմամբ։
Նախապէս, ան տեսանիւթով մը խոստացած էր, որ իր վարչակազմը միջազգային համայնքը պիտի մղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ՝ ապահովելու համար հայերու ապահով վերադարձը Արցախ եւ աջակցելու արցախահայերու ինքնորոշման իրաւունքին։
Նշենք, որ Ռապըրթ Քենետի Կրտսերը անցեալ աշնան հեռացաւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին անկախ թեկնածու է: Ան Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճան Քենետիի եղբօր` Ռապըրթին որդին է: