Հոլանտայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթոր Պիյակով այցելեց Միջազգային քրէական դատարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Փէօթր Հոֆմանսքիի, դատախազ Ք. Խանի եւ գլխաւոր քարտուղար Օ. Զաւալայի հետ: Այս մասին յայտնեցին Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Զրուցակիցները շնորհաւորեցին դեսպանը` նշանակուելուն առիթով եւ ողջունեցին Հայաստանի անդամակցութիւնը դատարանին:
Ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը մեծ կարեւորութիւն ունի միջազգային քրէական արդարադատութեան համընդհանրացման եւ անպատժելիութեան դէմ պայքարի տեսանկիւնէն:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան արդիւնաւէտ կիրարկման, դատարանին հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ կարողութիւններու զարգացման վերաբերող հաւանական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: