
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Շաբաթ, 6 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ, եւ առաւել քան 450 հիւրերու ներկայութեան տեղի ունեցած աւանդական «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքի»ն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ անհատներ կու գան եւ կ՛երթան, սակայն հայոց մեծագոյն հրաշքը՝ Եկեղեցին, է՛ ու կը մնայ անսասան՝ դիտել տալով, որ իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ իր պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները, բարիքները եւ նուաճումները Եկեղեցւոյ սեփականութիւնն են ու կը մնան իբրեւ այդպիսին, մինչ ակամայ արձանագրուած մարդկային տկարութիւն եւ թերութիւն կը պատկանին միայն իրեն:
Առաջնորդական ընթրիքին այս տարուան հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները: Երեկոյին յայտագիրը վարեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Սօսի Էշկիեան, իսկ առաջնորդ սրբազան հօր սրահ մուտքը՝ Հոգեւորականաց դասուն ուղեկցութեամբ կատարուեցաւ մոմեր ի ձեռին եւ ծննդական շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Ծննդեան խորհուրդով լեցնելով ներկաներուն սիրտերը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ թաթախի արարողութիւնը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հայրը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, ապա ներկաները տեսերիզով ականջալուր եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ նոյն երեկոյին առիթով արտասանած ուղենշային պատգամին, որմէ ետք Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան:
Ընթրիքի պահը երաժշտական քաղցր կտորներով ծաղկեցուցին Կրէկ Հօշարեան եւ նուագախումբը, ապա գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկան Արմինէ Վարդանեան, Յովհաննէս Պալեան, Արման Բեգլարեան եւ Պերճ Քիրազեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմենուհի Տէրտէրեանի:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խօսքը կառուցուած էր միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական հաշուետուութեան սկզբունքով. առ այս, ներկաները իրազեկ դարձան Ազգային առաջնորդարանին կողմէ անցնող մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն եւ 2 միլիոն 750 հազար տոլարի չափով իրականացած մարդասիրական եւ զանազան այլ ծրագիրներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազանի անհատական մտածումներուն ու գնահատանքի խօսքերուն, ուղղուած՝ հոգեւորական դասուն, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան, Ազգային երեսփոխաններուն, ծխական շրջաններուն, Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, ազգային բարերարներուն, նուիրատուներուն, Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմին, գործակիցներուն եւ հիւրերուն:
Այս առիթով, ան նաեւ բարձր գնահատեց Քրեսենթա հովիտին մէջ նոր կառոյցներու՝ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան մանկամսուրի յառաջացման եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց հայկական եկեղեցւոյ կանգնումին գծով կատարուած ներդրումները՝ առաջինը Հիլտա Պաղտասարեանի եւ զաւակներուն՝ Գեւիկին, Փիթըրին եւ իրենց ընտանիքներուն կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Յակոբ Պաղտասարեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Հիլտա Պաղտասարեանի, երկրորդը՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց հօր՝ Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Անժել Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ խրախուսական ջերմ խօսքերով եւ յատուկ յուշանուէրով մը արժեւորեց ընթրիքի հիւրընկալ՝ Սարեան ամոլի հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ զոյգին պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն:
Առաջնորդ սրբազան հօր նուիրուած աւանդական ընթրիքը, որ նաեւ միակ հասութաբեր ձեռնարկն է Ազգային առաջնորդարանին, իր աւարտին հասաւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի «Պահպանիչ»ով, ապա «Կիլիկիա» եւ «Հայրապետական Մաղթերգ»ի միահամուռ երգեցողութեամբ: