Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երկու պետերուն, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին եւ «Հըզպալլա»ի պատուիրակութեան մը հետ:
Պորել յայտնեց, որ ինք ուրախ է Լիբանան վերադառնալով, որուն նպատակն է այս դժուար պայմաններուն ընթացքին, Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերել: Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան համար շրջանին մէջ պատերազմի մը բռնկումը կասեցնելը առաջնահերթութիւն է: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք կը միտին դիւանագիտական ջանքերով գործել, որպէսզի վերջապէս կարելի ըլլայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ պատերազմին վերջ տալ եւ վերջնական խաղաղութեան յանգիլ:
Պորել հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու կարեւորութիւնը` հաստատելով անոնց տունդարձ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Մինչ Միքաթի կը շարունակէ Լիբանանը ընդարձակ պատերազմէ մը հեռու պահելու գծով իր դիւանագիտական ջանքերը, հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները կը շարունակուին:
Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:
Միւս կողմէ, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ` իմանալու համար արտաքին առումով գործադրուած ճիգերը, որոնք կը միտին բողոքել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ բռնարարքներուն դէմ:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան միջազգային բոլոր ամպիոններուն վրայ եւ բոլոր հարթակներէն հաստատած է, թէ յանձնառու կը մնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մանրամասն գործադրութեան` նոյն ատեն ընդգծելով, որ պէտք է վերադառնալ 1949ի զինադուլի սահմանագիծին, որ կը նշանակէ հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերուն ամբողջական նահանջը:

Նշենք, որ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի բախումները կասեցնելու միայն մէկ լուծում կայ՝ թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ կրթական բոլոր հաստատութիւնները` դպրոցները, համալսարանները եւ արհեստից վարժարանները, կը շարունակեն փակ մնալ անապահովութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի բազմաթիւ շրջաններ, իսկ Կիրակի օր, իսրայէլեան օդուժը աշխուժ կերպով թռիչքներ գործեց Պէյրութի վերեւը, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Թըպնինի վերեւը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Երկուշաբթի կէսօրին հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծած են Խըրպեթ Սըլըմ շրջանին մէջ գտնուող ինքնաշարժ մը, պատճառ դառնալով «Հըզպալլա»ի «Ռատուան» փաղանգի ընտրանիներէն Ուիսամ Թաուիլի սպանութեան: Թաուիլ «Հըզպալլա»ի նշանաւոր զինուորական պատասխանատուներէն է:
Աւելի կանուխ, «Հըզպալլա» 62 հրթիռներով ռմբակոծած էր իսրայէլեան Մայրուն խարիսխը, որ կը հսկէ իսրայէլեան օդուժի գործողութիւններուն: