Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու գծով գլխաւոր խորհրդական Լուի Պոնօ պարբերաբար կը բանակցի կողմերուն հետ՝ աջակցելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին։ Այս մասին ատրպէյճանական «Էյ. Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Վընեսա Զենճի։
«Մենք պատրաստ ենք օգնելու որեւէ հոլովոյթի, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն», ընդգծեց ան։
Պոնօ Երկուշաբթի օր Հայաստանի մէջ ունեցաւ շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ, որոնց հիմնական նիւթը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթն էր։
Պոնոյի այցելութիւններուն մասին խօսեցաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին՝ դիտել տալով, որ անոր այցելութեան հիմնական նպատակն է՝ կազմակերպել եռակողմ հանդիպում մը Ուաշինկթընի մէջ` փորձելով յառաջ ընթանալ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնականացման եւ ստորագրութեան մէջ։
Գրիգորեան չյստակացուց, որ արդեօք Պաքու համաձա՞յն է։
Պաշտօնական Պաքու վերջերս աշխոյժ կերպով կը խօսի երկկողմ` առանց միջնորդներու հանդիպման մասին:
«Հարցեր կան, որոնք բանաւոր բանակցութիւնների ընթացքում համաձայնութեան ենք եկել, բայց խաղաղութեան պայմանագրի տեքստում (բնագիրին մէջ) մենք որոշակի յետընթացներ ենք տեսել: Բայց ընդհանուր առմամբ նաեւ կան կէտեր, որտեղ առաջընթաց ենք գրանցել», ըսաւ Գրիգորեան։