«Պէյրութի մէջ «Համաս»ի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի սպանութենէն ետք, Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մտահոգ մնալ Կազայի տագնապին դէպի այլ ճակատներ ընդլայնելու կարելիութեան նկատմամբ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր՝ աւելցնելով, որ չի կրնար Արուրիի ահաբեկման ետին կանգնող կողմին մասին որեւէ գնահատական տալ, սակայն ան ըսաւ, որ Արուրի «վայրագ ահաբեկիչ մըն էր, եւ անոր ձեռքերը քաղաքայիններու արիւնով ներկուած են»:
«Կը կարծենք, որ Իսրայէլի մէջ «Համաս»ի յարձակումներ գործելու կարողութեան քանդումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրագործելի նպատակ մըն է», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի՝ հարցնելով. «Անոր գաղափարաբանութիւնը պիտի քանդուի՞, թէ ո՛չ, իսկ խմբաւորումը ոչնչացնելու կարելիութիւն կա՞յ, ամենայն հաւանականութեամբ ո՛չ»:
Քըրպի նշեց, որ «Համաս»ը «պարզապէս զանազան տեսակի ահաբեկիչներու խումբ մը չէ», այլ` «բանակի նման կազմակերպ» խմբաւորում մը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Հինգշաբթի երեկոյեան նախաձեռնեց միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Իսրայէլը: Կը հաղորդուի, որ ան 6 Յունուարին պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիա:
Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Արուրիի սպանութենէն ետք հանդարտեցման առիթները նուազած են եւ Եգիպտոսի մասնակցութեամբ Քաթարի ղեկավարած զինադադարի հաստատման ջանքերը աւելի բարդ դարձած են:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել բուռն կերպով դատապարտեց Կազայի պաղեստինցիները տեղահանելու մասին իսրայէլացի նախարարներու յայտարարութիւնները՝ զանոնք «սադրիչ, անպատասխանատու եւ վիրաւորական» որակելով: «Բռնի տեղահանութիւնը բոլորովին արգիլուած է եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի վտանգաւոր խախտում կը նկատուի», յայտնեց Պորել:
«Եուրոնիուզ»ը հաղորդեց, որ Պորել նաեւ յայտարարեց, որ «եթէ չվերահսկուի, Կազայի պատերազմը կրնայ հրկիզել ամբողջ Միջին Արեւելքը»: