
Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու՝ 2024 տարուան յատուկ տեսակաւոր կայքէջերուն վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ անոնց ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք՝ մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականն ու յատկանշականը:
Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլոր աստղագէտները համակարծիք են, թէ 2024ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2023էն. աւելին, շատեր կը պնդեն, թէ ոչ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը: Սակայն, միւս կողմէ, կան նաեւ որոշ թիւով բախտագուշակներ, որոնք վերոյիշեալ ժխտական կէտերուն հակառակը կը հաստատեն:
Այսպէս, շատերու համաձայն, մարդ արարածը ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու շնորհիւ մեծ յառաջդիմութիւններ պիտի արձանագրէ: Ասոնք լաւատես են: Արդ, նորութիւն չէ երբ ըսեմ, որ չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:
2024 տարին վիշապի տարի է:
Չինական աստղագիտութեան մէջ վիշապը կը գրաւէ հինգերորդ դիրքը: Այս տարին կը սկսի Երկուշաբթի, Յունուար 23ին, խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ եւ յոյսով, միշտ սիրոյ եւ խաղաղութեան մաղթանքներով եւ վիշապական, կամ վիշապներու, պարերով ու եղանակներով:
Կը նախատեսուի, որ վիշապի տարին իրեն հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն: Չինացի աստղագէտներու համաձայն, 2024 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին եւ 2024ին հաւանաբար կայանալիք խաղաղութեան միջեւ: Մէկ խօսքով՝ խաղաղութիւն, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը եւ որ կը կարծուի, թէ պիտի հաստատուի յառաջիկային եւ քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական կայունութիւն ստեղծէ յաջորդող երկար տարիներու համար:
Անցեալ տարուան ընթացքին պատահած քաղաքական, տնտեսական ու գիտական զանազան իրադարձութիւնները, նորութիւններն ու զարգացումները նկատի ունենալով՝ աստղագէտներ արդէն իսկ որոշ պատկերացում մը ունին 2024ին պատահելիք դէպքերուն մասին: Բնականաբար, աշխարհը մէկ օրէն միւսը ամբողջութեամբ պիտի չբարեփոխուի, քաղաքական կեանքը յեղաշրջում պիտի չապրի եւ մարդոց տուներուն մէջ յանկարծ ոսկիի, տոլարի կամ այլ դրամանիշներու պարկեր պիտի չյայտնուին:
Իսկ գալով վիշապին եւ անով ճանչցուած այս նոր տարուան, աստղագուշակները կ՛ընդունին, որ վիշապը որոշ չափով կը պատկերացնէ կեանք, մեծութիւն, հզօրութիւն եւ օրհնութիւն ներշնչող: Իրենց համար վիշապը կը խորհրդանշէ նաեւ կրակ, հմայք եւ խորհրդատու է: Ուստի, հիմնուելով այս տուեալներուն վրայ, վիշապի տարին ծնած անհատը կ՛ըլլայ տաղանդաւոր, շատ ծրագիրներ իրականացնող, իր ընտանիքին հաւատարիմ, միշտ օգտակար հանդիսացող եւ օգնութեան հասնող, իր «սրտէն» խօսող սակայն յամառ, որուն համար դժուար է զգացումները պահել:
Կ՛ըսուի նաեւ, որ անոնք սիրոյ մէջ դժբախտ կ՛ըլլան եւ կանուխ ամուսնութեան դէմ են: Անոնք ընկերութեան մէջ փնտռուածներէն են, իսկ իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ՝ անպայմանօրէն յաջողակներ:
Թէեւ վիշապները գերբնական ուժի տէր հսկայ կենդանիներ են, «երբեմն նոյնիսկ փոքր պատառ մը իսկ չեն կրնար ծամել»: Յամենայնդէպս, ինչ ալ ըլլան վիշապի մասին գրուած կամ ըսուած ածականները, լաւ թէ վատ կողմերը, ան յատուկ տեղ ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չինացիներու եւ ներկայիս աշխարհի շատ ժողովուրդներու կեանքին մէջ:
Ստորեւ չինական աստղագիտութեան բաժանումները՝ իրենց տարիներու դասաւորումով.
1.- Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020
2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021
3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022
4.- Նապաստակ.- 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023
5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024
6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025
7.- Ձի.-1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026
8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027
9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028
10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029
11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030
12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031
երոնշեալ տարիներուն ծնած անհատները իրենց կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ շատ անակնկալ վերիվայրումներու: Սակայն, անոնք միշտ կը գնահատուին իրենց արիութեան եւ յատկապէս արտաքին տեսքին համար:
ՎԻՇԱՊԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԾՆԱԾ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ.- Քոլին Փաուըլ, Ռօզան Պար, Սանտրա Պուլաք, Տայանա Շօր, Ճան Լենըն, Հուսնի Մուպարաք, Ֆրանսուա Միթերան
«ՎԻՇԱՊ»Ի ՆԱԽԸՆՏՐԱԾ ԹԻՒԵՐԸ.- 3-4-21-35 եւ 45, իսկ նախա-սիրած գոյնը՝ դեղին
ՆԿԱՐԱԳԻՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻԾԵՐ.- Դժուարութիւններ յաղթահարող, անվախ, հնարամիտ, ջղային, ինքնագոհ, ինքնավստահ, ինքնապաշտպան, առողջ, զգայուն, յաճախ անխիղճ, զգացական, ծոյլ, երբեմն՝ զգալիօրէն այլամերժ, շուտ ընկերացող, մտերմիկ
Վիշապներու նախասիրած առարկան կամ գործիքն է հայելին եւ նկարչական գործիքը:
Վիշապի տարին ծնածները իբրեւ ասպարէզ յաճախ կ՛ընտրեն կամ կ՛ուզեն դառնալ դերասան, աստղագէտ, համակարգիչի մասնագէտ կամ ընկերային ծառայութեան պաշտօնեայ:
Հաւատք ընծայէք թէ ոչ՝ ձեզի կը մաղթեմ հաճելի անակնկալներով լեցուն, բախտաբեր ու երջանիկ տարի մը, եւ կը յուսամ, որ նախատեսութիւններուն դրականները դառնան իրական ու ձեր կեանքը լեցուի միայն բարիով, լաւով, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ: