
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախ հինէն ի վեր հոգեւոր կեանքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն եղած է, եւ արցախցիք հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած են:
Արցախի մէջ հրատարակչութեան եւ պարբերական մամուլի զարգացումը պայմանաւորուած էր Շուշիի արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու հանգամանքով: Տնտեսական զարգացումը նպաստեց մշակութային զարթօնքին եւ Շուշի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օճախ դարձաւ:
Հայ գիրքի տպագրութիւնը սկիզբ առած է հայրենիքէն հեռու՝ Վենետիկի մէջ, 1512ին եւ այնուհետեւ տարածուած է դէպի Մատրաս, Կալկաթա, Վիեննա, Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Թիֆլիս: Հայրենի հողի վրայ առաջին տպարանը բացուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 1771ին, երկրորդը՝ Շուշիի մէջ, 1827ին:
Գրահրատարակչութիւնը շուշեցիներուն համար դարձաւ պատիւի, հեղինակութեան եւ հայրենասիրութեան չափանիշ:
* * *
Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքի Աւետարանական քարոզչական ընկերութիւնը քարոզիչներ Աուկուսթ Տիթրիխի եւ Ֆելիցիան Զարեմպայի ջանքերով Շուշիի մէջ 1827ին տպարան բացաւ:
Ընկերութիւնը կրօնական քարոզչական նպատակներ կը հետապնդէր, եւ իր լուսաւորական ու բարեգործական գործունէութեամբ նպաստեց Արցախի մէջ կրթութեան զարգացման եւ տպագրութեան սկզբնաւորման:
Ընկերութեան հիմնած տպարանէն առաջին գիրքը՝ «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց» խորագիրով, լոյս տեսաւ 1828ին:
Քարոզիչները տպագրեցին բարոյական, խրատական եւ կրօնական բովանդակութեամբ գիրքեր՝ հայերէնով եւ պարսկերէնով, ինչպէս նա եւ մայրենի լեզուի ուսուցման ձեռնարկներ՝ մատչելի աշխարհաբար հայերէնով:
Տպագրուող գիրքերը գրաքննութեան կ՛ենթարկուէին Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի եւ Էջմիածնի սինոտին կողմէ:
Քարոզիչները քանի մը տարուան ընթացքին քսաներկու գիրք հրատարակեցին:
Քարոզիչներու գործունէութիւնը պատճառ դարձաւ դաւանափոխութեան տարածման, բան մը, որ բացասական տպաւորութիւն ձգեց:
Հայ հոգեւորականութեան դիմադրութեան պատճառով տպարանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ քարոզիչներու գործունէութիւնը ռուսական կառավարութեան հրամանով դադրեցուեցաւ 1837ին:
* * *

Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան իր միջոցներով Պազէլի քարոզիչներէն գնեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց «Հայոց Հոգեւոր Տեսչութեան Տպարան»:
Բաղդասար մետրոպոլիտի տպագրած առաջին գիրքը, 1837ին, եղաւ Ճորճ Պայրընի «Շիլոնեան Կալանաւորը», որ անգլիացի անուանի բանաստեղծի բանաստեղծութեան հայերէն առաջին հրատարակութիւնն է: Գիրքի տիտղոսաթերթին վրայ արձանագրուած է. «Վիճակաւոր առաջնորդին Ղարաբաղու բարձր սրբազան մետրոպոլիտի Բաղդասարայ»:
Բաղդասար մետրոպոլիտի խնդրանքով, մոսկուաբնակ Յովհաննէս Յովնանեան մամուլ եւ հայերէն տառեր նուիրեց տպարանին:
Բաղդասար մետրոպոլիտ գիրքերը իր միջոցներով կը հրատարակէր եւ հայրենասէր հոգեւորականի ջանքերուն շնորհիւ տպագրութեան գործը արհեստագիտական բարձր հիմերու վրայ դրուեցաւ:
Տպարանէն հրատարակուած գիրքերուն մէջէն պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ յատկապէս Եսայի կաթողիկոս Հասան Ջալալեանի «Պատմութիւն Կամ Յիշատակ Ինչ-ինչ Անցից՝ Դիպելոց Յաշխարհին Աղուանից» երկասիրութիւնը:
Բաղդասար մետրոպոլիտ Ապրիլ 1853ին տպարանը Արցախի թեմի վիճակային ատեանին կտակեց:
Բաղդասար մետրոպոլիտի վախճանումէն ետք, 1854ին, տպարանը Արցախի նոր առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Վեհապետեանի տնօրինութեան յանձնուեցաւ:
Գէորգ եպիսկոպոս Յովհաննէս Յովնանեանի աջակցութեամբ բարեկարգեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց «Տպարան Սրբոյ Էջմիածն»ջ: Տպարանը դարձաւ Սուրբ Էջմիածնի սինոտին սեփականութիւնը:
Այնուհետեւ տպարանէն հրատարակուեցան կրօնական եւ քերականական բովանդակութեամբ գիրքեր:
Տպարանը 1863էն սկսեալ վարձքով աշխատցուցին տպագրիչ Մինաս Տարղլիճեանց, ապա՝ Խաչատուր քահանայ Ղալաբէկեան, Աւետիս Թառումեան եւ Բաբաջան Գրիգորեան:
Հոգեւոր դպրոցի տեսուչ Խորէն վարդապետ Ստեփանեան 1873ին վերանորոգեց կիսակենդան դարձած տպարանը եւ 1874ին վերսկսաւ «Հայկական Աշխարհ» ամսագիրի հրատարակութեան:
Լէօ (Առաքել Բաբախանեան) իր գրական եւ հրատարակչական գործունէութիւնը սկսաւ այս տպարանէն՝ իբրեւ սրբագրիչ: Անոր բազմաթիւ գիրքերը հոն տպագրուեցան: Գիրքերու հրատարակութեան հովանաւորներ եղան Սմբատ Դադեան, Աւետիք Պապեանց եւ Յովսէփ Տէր Մինասեան:
Տպարանէն լոյս տեսան կրթական, գրական, կրօնական, քերականական, ուսուցողական գիրքեր, թարգմանութիւններ, Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան Շուշիի գրադարանի գրացուցակներ, Կոստանդին Մելիք Շահնազարեանի (Տմբլաչի Խաչան) գիրքերը եւ հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի առաջին աշխատութիւնը:
Տպարանը գործեց մինչեւ 1902 եւ այնուհետեւ փակուեցաւ:
* * *
Մինաս Տարղլիճեանց, որ 1851ին Շամախիի մէջ տպարան հիմնած էր, 1854ին տպարան բացաւ Շուշիի մէջ:
Տարղլիճեանցի տպարանէն լոյս տեսան երկու գիրքեր՝ «Ժամագիրք Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ» եւ «Նորահիւս էֆէնտ»ջ:
Տպարանը գործեց մէկ տարի եւ փակուեցաւ:
Յովհաննէս Յովնանեանց 1870ին Շուշիի մէջ տպարան բացաւ եւ հրատարակեց միայն մէկ գիրք՝ «Աւետարան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոս»ջ: Տպարանը նոյն տարին իսկ փակուեցաւ:
* * *
Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց Շուշիի հայ բողոքականներու առաջնորդն էր եւ տարբեր մեղադրանքներով դատարանի վճիռով մէկուկէս տարի Պաքու աքսորուած էր: Պաքուէն վերադառնալէ ետք, 1879ին, ան Շուշիի իր տան մէջ գործող ժողովարանին կից իր որդի Աւագի աջակցութեամբ տպարան, վիմագրատուն ու գրավաճառանոց (գրատուն) հիմնեց: Աւագ Պաքուի մէջ հմտացած էր տպագրական գործին մէջ:
Տպարանին առաջին աշխատակիցները եղան Միրզաջանի զաւակները: Տպարանը արագ բարգաւաճեցաւ եւ ձեռք ձգեց ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ռուսական եւ թրքական (արաբական) տառատեսակներ: Տպարանին գրաշարն էր Առաքել Մահտեսի Յակոբեանց, սրբագրիչը՝ Առաքել Բաբախանեան՝ Լէօ:
Տպարանէն լոյս տեսած առաջին գիրքը եղաւ «Պատմութիւն Մտաւոր Զարգացման Եւրոպիոյ» հատորը՝ 1879ին, 430 էջ, Սուրբ Էջմիածնի միաբան Արիստակէս վարդապետ Սեդրակեանի թարգմանութեամբ: Հատորին մէջ կան տառասխալներ եւ տպագրական վրիպակներ, որոնք հետեւանք են տպարանատէրի անբարեխիղճ մօտեցման. աւելին, տպարանը որոշ տառեր չունէր, ինչպէս «փ» տառը:
Տպարանը ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգեց հայերէն երկու եւ ռուսերէն ու լատիներէն մէկական տառատեսակներ:
Տիգրան Նազարեան, որ 1879ին Շուշիի մէջ հրատարակչական գրասենեակ հիմնած էր, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով 1881ին անոր տպարանէն հրատարակեց Մենկեւիչի «Պոզնանի Ուսուցչի Օրագրից» պատմուածքը եւ այնուհետեւ՝ քանի մը գիրքեր, նախատեսուած՝ երեխաներու, ծնողներու, դաստիարակներու եւ ժողովրդային զանգուածներու համար:
Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով, հրատարակիչ Աբէլ Ապրէսեան 1881ին անոր տպարանէն լոյս ընծայեց Րաֆֆիի «Խենթը»:
«Խենթ»ի տպագրութեան մասին Րաֆֆի յիշատակած է ագուլեցի Մելքոն Փանեանի ուղղուած նամակին մէջ, գրելով. «Շուշիից «Խենթ»ի առաջին թերթերը ուղարկել էին ինձ տեսնելու համար. թուղթը բաւական լաւն է եւ տպագրութիւնը մաքուր. երեւում է, որ այնտեղի տպարանը փոքրիշատէ կանոնաւորուած է»:
Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն լոյս տեսան բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններ: 1889ին տպագրուեցաւ Մանուկ Աբեղեանի գրի առած «Դաւիթ Եւ Մհեր. Ժողովրդական Դիւցազնական Վէպ»ը, իսկ 1891ին՝ Աւետիս Բահաթրեանի «Հին Հայոց Տաղաչափական Արուեստը. Քննական Տեսութիւն»ը, որուն գնահատականը տուած է Եղիշէ Չարենց, նշելով. «Սա է գիրք հանճարեղ եւ զարմանալի՝ գրուած լինելով 90ական թուականներին մի ինչ որ անյայտ շուշեցի ուսուցչի ձեռքով»:

«Տոկոսաբեր Աղիւսակ. 10ի (Թումանի) Վերայ» գիրքը հրատարակուեցաւ 1891ին: Գիրքի կազմին վրայ գրուած է՝ «Հրատարակիչ՝ Աւագ Մահտեսի Յակոբեանց» եւ «Տպարան Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց»ջ, իսկ անուանաթերթին վրայ նշուած է՝ «Հրատարակիչ տպարանատէր Ա. Մ. Մահտեսի Յակոբեանց»: Ասիկա կը նշանակէ, որ Միրզաջանի որդի Աւագ միաժամանակ տպարանատէր է, իսկ տպարանը կը շարունակէ կրել հօր անունը:
Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց մահացաւ Մարտ1895ին: Այնուհետեւ տպարանէն տպագրուած գիրքերու անուանաթերթերուն վրայ արձանագրուած է՝ «Տպարան Աւագ Մ. Մահտեսի Յակոբեանցի»:
Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն 1896ին լոյս տեսաւ Երուանդ Լալայեանի խմբագրած «Ազգագրական Հանդէս»ի առաջին համարը:
Տպարանի գործունէութեան մէջ ուրոյն տեղ ունին դասագրքային հրատարակութիւնները, որոնցմէ այբբենարանները տպագրուած են քանի մը անգամ:
Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանը իր գոյութեան 26 տարիներու ընթացքին հրատարակեց 54 գիրք եւ մէկ հանդէս եւ 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ հրդեհուեցաւ Թաթար Խաժամուժին կողմէ:
ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ «ՓԱՅԼԱԿ», «ԱՊԱՌԱԺ» ԵՒ «ՆԵՑՈՒԿ» ԹԵՐԹԵՐԸ
Արցախի մէջ պարբերական մամուլի զարգացումը անխզելիօրէն կապուած է Շուշիի հետ: Շուշիի մշակութային աննախընթաց վերելքը շարունակուեցաւ շուրջ մէկ դար:
Շուշիի պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ շուշեցի Նիկողայոս Տէր Աւետիքեանի «Քնար Խօսնակ» գրական պարբերական ժողովածուն:
«Քնար Խօսնակ» պարբերականը լոյս տեսաւ 1881ին եւ ունեցաւ միայն մէկ համար:
Նիկողայոս Տէր Աւետիքեան ինք խմբագրեց պարբերականին մէջ զետեղուած նիւթերը եւ կազմեց ու շարադրեց երեսունինը թարգմանութիւններն ու ընդհանուր զարգացման նպաստող տարաբնոյթ նիւթերը: Թարգմանութիւնները կատարուած էին ռուս եւ եւրոպացի հեղինակներէ՝ Փուշքին, Լերմոնթով, Հայնէ, Կէօթէ, Շիլլէր եւ Պայրըն:
* * *
Աշակերտական «Ծիծաղ» խմորատիպ երգիծական ամսագիրը լոյս տեսաւ 1916ին, Շուշիի մէջ: Ամսագիրին մէջ արծարծուած են նաեւ երկրի յետամնացութեան, ինչպէս նաեւ սնոտիապաշտութեան, նախապաշարումներու ու գռեհիկ բարքերու վերաբերեալ նիւթեր:
Շուշեցի խումբ մը աշակերտներ 1916ին հրատարակեցին «Պայքար» խմորատիպ շաբաթաթերթը:
Շուշիի թեմական դպրոցի խումբ մը աշակերտներ 1917ին հրատարակեցին «Սրինգ» խմորատիպ թերթը: Թերթի հրատարակութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ Եղիշէ Ներսիսեան:
«Աշակերտ» խմորատիպ թերթը հրատարակուեցաւ 1917ին, Շուշիի թեմական դպրոցի աշակերտներ Լեւոն Վարդունիի եւ Մովսէս Յարութիւնեանի ջանքերով: «Աշակերտ» բաղկացած էր տասներկու փոքրածաւալ էջերէ եւ գլխաւորաբար դպրոցական առօրեայ հարցեր կը լուսաբանէր: Կը տպագրուէին նաեւ երգիծական նիւթեր:
* * *
«Փայլակ» քաղաքական, հասարակական եւ գրական երկօրեայ թերթը Շուշիի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ 8 Մարտ 1915ին: Խմբագիր հրատարակիչը Լեւոն Վարդապետեանն էր:
«Փայլակ» իր առաջին խմբագրականին մէջ կ՛ընդգծէ մամուլին կարեւոր դերը ընդհանրապէս, ապա թերթին լոյս ընծայուելու նպատակը կը շեշտէ, թէ ինչ հարցեր պիտի լուսաբանուին անոր էջերուն մէջ, ինչ պիտի ըլլայ անոր մտահոգութեան առարկան:
«Փայլակ» ինքզինք կը դաւանէր իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավարական լրագիր: Թերթը իր 33րդ համարէն ունեցաւ «Քաղաքական-հասարակական թերթ» եւ «Պրոլետարներ բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութիւնները: Թերթի խմբագրութեան աշխատանքներուն կը մասնակցէին բոլշեւիկներ եւ մենշեւիկներ:
«Փայլակ» հայ գիւղացիութեան ծայրայեղ աղքատութեան պատճառներ կը նկատէր տնտեսութիւնը վարելու «նահապետական ձեւերն ու միջոցները» եւ պատերազմը:
Թերթը նաեւ կ՛անդրադառնար Արեւմտեան Հայաստանի կացութեան, հայ բնակչութեան հանդէպ թրքական կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքներուն եւ Շուշիի հայութեան կոչ կ՛ուղղէր օգնելու արեւմտահայ գաղթականներուն:
«Փայլակ»ի մէջ գրական-գեղարուեստական նիւթերով հանդէս եկած են Գրիգոր Ներսիսեան եւ Լեւոն Վարդունի, իսկ Արցախի եւ արցախցիներու մասին պատմաբանասիրական նիւթերով՝ Լէօ:
«Փայլակ» լոյս տեսաւ 191 համար, որոնցմէ 1915ին՝ 51, 1916ին՝ 97 եւ 1917ին՝ 43 համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:
* * *
«Ապառաժ» քաղաքական, հասարակական եւ գրական թերթը Շուշիի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ 1917ին, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրկան:
Թերթին երրորդ՝ 4 Յունիս 1917ի համարին մէջ կ՛ըսուի. «Մենք գիտէինք, որ արդարութեան խօսքն ենք ասում, մենք գիտէինք, որ փշոտ, քարոտ է մեր ճամբան, բայց գիտէինք նաեւ, որ այդ ճամբան է միայն, որ տանում է դէպի ոճրագործ, ժողովրդասպան կառավարութեան ու կարգերի կործանումն: (…) «Ապառաժ» (…) վեհ խորհրդանշանն է այն մեծ գործի ու գաղափարի, որ տասնեակ տարիներ շարունակ սոսկալի պայմաններում ապառաժի ամրութեամբ դիմացաւ ամէն տեսակի փոթորիկներ»ջ:
Թերթին չորրորդ՝ 11 Յունիս 1917ի թիւին մէջ կ՛ըսուի, որ «ՀՅ Դաշնակցութեան Շուշու մարմնի գրասենեակը եւ «Ապառաժ»ի խմբագրութիւնը գտնւում են Օրիորդաց դպրոցի դիմաց, տուն Միքայէլ Եղիազարեանի: Գրասենեակը եւ խմբագրատունը բաց են առաւօտեան ժամի 10:00-1:00 եւ երեկոյեան 5:00-7:00»:
Հետաքրքրական է թերթին 7րդ՝ 2 Յուլիս 1917ի թիւին մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Բացուած է աշխատաւորական դպրոց բոլոր արհեստաւորների. անգրագէտ եւ կիսագրագէտ անձինք թող շտապեն կուսակցութեան գրասենեակը՝ ցուցակագրուելու: Դպրոցի ղեկավար՝ Ա. Առստամեան»:
«Ապառաժ» Արցախի եւ արցախահայութեան կացութեան վերաբերեալ հաւաստի տեղեկութիւններ կը փոխանցէր:
Թերթին 10րդ, 20 Յուլիս 1917ի թիւին մէջ կ՛ըսուի. «Նոր չարիք, նոր պատուհաս ժողովրդի համար: Բաւական չեն պատերազմի արհաւիրքները, համատարած սովն, այժմ էլ աւազակութիւնները, թալաններն են ծայր առնում: (…) Աղքատացած, հիւծուած գիւղացու ապրուստի միակ միջոցները մնացել են մի քանի լծկան եւ ազատ երթեւեկութիւնը – եթէ դրանից էլ զրկուի, նշանակում է ի սպառ կործանուիլ: Իսկ եթէ Եւլախ-Շուշի հաղորդակցութեան գիծը վտանգուի, փակուի, ամբողջ Ղարաբաղը սովի եւ անապահովութեան է մատնւում»:
Թերթին 13րդ, 30 Յուլիս 1917ի թիւին մէջ կ՛ըսուի. «Չափազանց անմխիթար կացութեան մէջ են մեր գիւղերը. օրէցօր աճող թանգութիւնը քայքայել է առանց այն էր հիւծուած գիւղը եւ հասցնել ծայրայեղ չքաւորութեան: (…) Երկարատեւ երաշտը գիւղացուն զրկեց եւ հացից, եւ սերմնացուից եւ անասունների կերից»:
«Ապառաժ» լոյս տեսաւ 34 համար եւ 1919ին փակուեցաւ:

* * *
«Նեցուկ» հասարակական քաղաքական լրագիրը Ռուսաստանի Սոցիալ-դեմոկրատական Բանուորական կուսակցութեան (բոլշեւիկներու եւ մենշեւիկ միջազգայնականներու) Շուշիի կոմիտէին օրկանն էր եւ լոյս սկսաւ տեսնել 18 Օգոստոս 1917էն, «Պրոլետարներ (բանուորներ) բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութեամբ:
Թերթը իր առաջին թիւին մէջ կը գրէր. «Ասպարէզ է իջնում մեր թերթը պաշտպանելու բանուորութեան եւ սեփականազուրկ գիւղացիութեան շահերը, դասակարգային գիտակցութեան հրաւիրելու ժողովրդական ճնշուած խաւերը: Նա կռուի է կոչուած բուրժուական (միջին դասակարգի) եւ կալուածատիրական շահերի քաղաքականութիւն վարող հասարակական շերտերի դէմ, որոնք յեղափոխական անուան տակ մթագնում են սեփականազուրկ դասակարգի գիտակցութիւնը, բորբոքում ազգային կրքերը, պարարտ հող պատրաստում մութ խորշերից գլուխ հանող յետադէմ շահերի համար: Մեր թերթին է վերապահուած հրապարակ հանել եւ պարզաբանել այն ներհակութիւնը, որ կայ տիրող եւ ճնշուած դասակարգերի մէջ:
«(…) Դասակարգային կռիւն այն զէնքն է եւ գիտակից պրոլետարիատն այն առաջապահ բանակն է ուրեմն, որոնք միակ կարող են վերջ տալ տիրող տնտեսական¬քաղաքացիական անիշխանութեան»:
«Նեցուկ» իր հինգերորդ՝ 14 Սեպտեմբեր 1917¬ի թիւին մէջ կը գրէր. «Երկիրը քաղցում եւ տանջւում է: Ժողովրդի ամենալայն խաւերը կարիքի եւ զրկանքի են մատնուած: (…) Բանուորները ստիպուած են պայքարել աշխատավարձի աւելացման համար: Բանուորի ընտանիքը գիւղացու ընտանիքից տարբերւում է նրանով, որ նա իր տանը ոչինչ չի արտադրում, այլ բոլորը առնում է: Բանուորը չի ապրում իր սեփական խրճիթում, այլ ուրիշից է վերցնում կացարան. այդ ամէնը ունենալու համար նա վճարում է իր աշխատավարձից: Բանուորը իր ամբողջ արտադրական ուժը տալիս է գործատիրոջ: Նրա ընտանեկան տնտեսութիւնը միայն սպառողական է: Ահա թէ ինչու կեանքի թանգութիւնը զգալի հարուած է հասցնում հէնց բանուոր դասակարգին»:
* * *
«Ղարաբաղի Սուրհանդակ» թերթը հրատարակուեցաւ 29 Օգոստոս 1918ին, իբրեւ Ղարաբաղի ընդհանուր համագումարին (22 Յուլիս 1918) ստեղծուած ժողովրդական կառավարութեան օրկան:
Թերթին մէջ հրատարակուեցան ծրագրային շարք մը փաստաթուղթեր, շրջաբերականներ, կարգադրութիւններ եւ այլ նիւթեր:
Թերթը լոյս տեսաւ միայն մէկ համար եւ այնուհետեւ փակուեցաւ:
* * *
«Արցախ» թերթը հիմնուեցաւ 1919ին, իբրեւ Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի օրկան:
«Արցախ»ի մէջ տպագրուեցան պաշտօնական նիւթեր, կոչեր եւ շրջաբերականներ: Եօթներորդ համարին մէջ գրուած է «Ղարաբաղի հայ ժողովուրդ»ջ կոչը:
«Արցախ» լոյս տեսաւ եօթը համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:
* * *
«Նոր Կեանք» թերթը սկսաւ հրատարակուիլ 30 Յունուար 1919էն:
Առաջին համարին մէջ տպագրուած նիւթերը սոցիալ դեմոկրատական խմբակի անդամներու ստորագրութիւններն էին:
«Նոր Կեանք» կ՛ըսէր, որ Ղարաբաղի գիւղացին պիտի չբաւականանայ միայն ազատութեան համար պայքար մղելով. ան պիտի կարենայ իր առտնին կեանքը մշակութային ճանապարհով կարգաւորելու: Ան հանդէս պիտի գայ ոչ միայն իբրեւ կռուող, այլեւ ստեղծագործող: Եւ այդ ստեղծագործական աշխատանքը կատարող մարմինն է, որ պէտք է առաջին հերթին երեւան գայ գաւառին մէջ:
«Նոր Կեանք» լոյս տեսաւ վեց համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:
* * *
«Գիւղացիական Կոմունա» թերթը, հայերէնով, ռուսերէնով եւ թաթարերէնով (ատրպէյճաներէն), լոյս տեսաւ 1920 Յուլիսին, Շուշիի մէջ:
Թերթին միայն մէկ համարը լոյս տեսաւ: Սակայն այդ համարն իսկ չէ պահպանուած եւ դժուար է ներկայացնել տպագրուած նիւթերուն բովանդակութիւնը, էութիւնն ու նպատակը:
«Կավկազսկայա Կոմունա» ռուսերէն թերթը, «Պրոլետարներ բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութեամբ, լոյս տեսաւ 1920-1921ին, Շուշիի մէջ եւ ունեցաւ 106 համար:
ՇՈՒՇԻԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
Շուշի Արեւելեան Հայաստանի մշակութային մեծ կեդրոն էր: Շուշիի մէջ թատերական աւանդութիւնները ձեւաւորուեցան ԺԹ. դարու կէսերուն:
Շուշիի թատերական պատմութիւնը քաղաքի մշակութային կեանքի աշխուժ դրսեւորումն էր:
Թատրոնը Շուշիի մէջ դարձաւ կրթիչ եւ հանրօգուտ ժամանցի, ինչպէս նաեւ ընկերային շփումներու վայր: Առօրեան ու մշակոյթը, յոյզերն ու զգացումները, գաղափարներն ու քաղաքական ձգտումները միահիւսուած էին թատրոնին շուրջ:
Շուշիի մէջ թատերական առաջին ներկայացումը տրուած է 1848ին, ռուսական եւ եւրոպական բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ կրթութիւն ստացած եւ հայրենիք վերադարձած շուշեցի խումբ մը երիտասարդներու ուժերով: Անոնք իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ բեմադրութիւններ կատարած են, ստանձնելով թէ՛ արական եւ թէ՛ իգական դերերը:
* * *
Շուշիի մէջ թատերական կեանքը աշխուժացաւ դերասաններ Գէորգ Չմշկեանի, Սեդրակ Մանդինեանի եւ Միհրդատ Ամրիկեանի գործունէութեամբ:
Գէորգ Չմշկեան թիֆլիսցի էր եւ թատերական գործունէութիւնը սկսած էր 1863ին: Ան իր շուրջ համախմբեց հայ թատրոնի լաւագոյն ուժերը եւ առաջինն էր որ կապ ստեղծեց արեւելահայ եւ արեւմտահայ թատրոններուն միջեւ:
Սեդրակ Մանդինեան նոյնպէս թիֆլիսցի էր: Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն եւ Պետերբուրգի, Հայտելպէրկի, Լայփցիկի ու Վիեննայի համալսարաններէն շրջանաւարտ, 1864ին միացաւ Թիֆլիսի հայկական թատրոնին:
Միհրդատ Ամրիկեան Ջաւախքի Ծինուբան գիւղէն էր: Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի աշակերտական ներկայացումներու կազմակերպիչներէն, թատերական գործունէութեան սկսած էր 1860ին եւ 1864ին միացած Չմշկեանի թատերախումբին: Ան Գաբրիէլ Սունդուկեանի կերպարներու առաջին եւ լաւագոյն մարմնաւորողներէն մէկն էր:
Չմշկեան, Մանդինեան եւ Ամրիկեան 1865 Յունիսին Շուշիի մէջ թատերախումբ կազմեցին եւ հայ ու օտար հեղինակներէ ներկայացումներ բեմադրեցին:
Չմշկեան իր յուշերուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է Թիֆլիսէն Գանձակի վրայով իրենց ճանապարհորդութիւնը Շուշի: Ան կ՛ըսէ, որ Շուշիի մէջ իրենց տուած ներկայացումներուն մեծ յաջողութեան նպաստած է Խանքենդիէն (Ստեփանակերտ) ներկայացումներուն համար զինուորական երաժշտական խումբ հրաւիրելը, ինչ որ ժողովուրդին մէջ խանդավառութիւն ստեղծեց: Ներկայացումներուն կը յաճախէին նաեւ կանայք, որոնց համար յատուկ նստարաններ յատկացուած էին:
Չմշկեանի երեք հոգիէ բաղկացած թատերախումբը, տեղացի երիտասարդներուն եռանդուն մասնակցութեամբ ներկայացուց Սրապիոն Հեքիմեանի «Սամուէլ»ը, «Վարդան Մամիկոնեան» ողբերգութիւնը եւ տեսարաններ՝ «Շկոլի Վարժապետ»էն:
Չմշկեանի խումբին ներկայացումները անսպասելի յաջողութիւն ունեցան շնորհիւ Շուշիի երիտասարդութեան արտայայտած մեծ համակրանքին:
Չմշկեան կը գրէ. «Մենք Ղարաբաղում գտանք համակրութիւն, միաբան համակրութիւն, որ այդ համակրութեան սկզբունքների մէջ կար երկպառակութիւն: Կային երկու կուսակցութիւններ՝ շանշիական եւ սարգսական: Մէկին պատկանում էր հայ պատանեկութեան ուժը, միւսին՝ մարդկութեան հարուստ դասը, փառասէր եւ շահասիրական նպատակին հետեւող մարդիկ: Մենք գտանք համակրութիւն պատանեկութեան կողմից: Մեզ բաւական էր այդ պատանիների համակրութիւնը, սկսեցինք գործի»:
Չմշկեան կը շարունակէ ըսելով, որ Սեդրակ Մանդինեանի երբեմնի դասընկեր շուշեցի Տէր Յակոբեան զինք եւ իր ընկերները տարած է հեռու, քաղաքէն դուրս եւ կանգնեցուցած քարաշէն շինութեան մը առջեւ եւ ըսած. «Ահա մեր թատրոնը»: Այնուհետեւ Չմշկեան կը նկարագրէ այդ շէնքը. «Մտանք եւ ինչ տեսանք՝ չորս պատ, մէջը փայտեայ սիւներ, մի քանի տեղ բաժանուած տախտակեայ պատերով, առանց յատակի եւ առանց առաստաղի»: Այդ շէնքին մէջ էր որ Չմշկեան եւ իր ընկերները կազմակերպեցին եւ տուին իրենց առաջին ներկայացումները:
Չմշկեան, Ամրիկեան եւ Մանդինեան Շուշիի թատերական կեանքին հիմնադիրները եղան եւ պատճառ դարձան, որ քաղաքին մէջ 1868ին յատուկ թատերական բեմ շինուի:
* * *
Պետրոս Ադամեան 1867էն սկսեալ դերեր ստանձնած էր Պոլսոյ հայկական թատրոններուն մէջ, իսկ 1872ին միացած էր Պետրոս Մաղաքեանի թատերախումբին: 1879ին ան հրաւիրուած էր Թիֆլիս, իսկ 1880ին խաղցած էր Ախալցխայի եւ Ալեքսանդրապոլի թատրոններուն մէջ:
Պետրոս Ադամեան Թիֆլիսէն, իր բարեկամ Տիգրան Նազարեանի խորհուրդով 1882ի ամրան ուղեւորուեցաւ Շուշի:
Դէպի Շուշի ճամբուն վրայ Ադամեան կանգ առաւ Գանձակի մէջ եւ հոն երկու երեկոյթ տուաւ, ուր հատուածներ արտասանեց Շէքսփիրի «Համլէթ»էն, Շիլլէրի «Աւազակներ»էն եւ քանի մը ոտանաւոր՝ Ռափայէլ Պատկանեանէն:
Սակայն Գանձակի մէջ Ադամեան յաջողութիւն չգտաւ: Ան կը գրէ, որ Գանձակի մէջ իր ներկայացումներուն տեղի հայութիւնը փայլեցաւ իր բացակայութեամբ:
Պետրոս Ադամեան Շուշի հասաւ 23 Յուլիս 1882ին: Իմանալով անուանի դերասանին գալուստը, շուշեցի քսանհինգ երիտասարդներ ձիեր հեծած գացին զայն դիմաւորելու: Տարակուսելով, որ Շուշիի մէջ ալ հասարակութիւնը չի յաճախեր իր երեկոյթներուն, Ադամեան կ՛ըսէ, որ աւելի լաւ է աւանակներու վրայ նստած թատրոն գան, միայն թէ գան, քան թէ զինք ձիերով դիմաւորեն:
Բայց Շուշիի մէջ Ադամեանը շատ լաւ ընդունեցին եւ ցոյց տուին, որ շուշեցիները հիւրասէր են եւ թատերասէր: Ադամեանի տուած չորս ներկայացումները մեծ յաջողութիւն ունեցան:
Պետրոս Ադամեան իր ներկայացումները Տիգրան Նազարեանի մօրեղբայր Համբարձում աղա Հախումեանի տան մէջ բեմադրեց: Հախումեաններու հին եւ մեծ տան վերի յարկին մէջ թատերական աղքատիկ բեմ մը յարմարցուած էր, որ կառուցուած էր Տիգրան Նազարեանի ձեռքով: Ներկայացումներ բեմադրուեցան նաեւ քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ:
Շուշիի մէջ Ադամեանի տուած երեկոյթները՝ «Համլէթ»էն եւ «Աւազակներ»էն հատուածներ եւ Գամառ Քաթիպայէն ոտանաւորներ, լայն արձագանգ գտան մամուլին մէջ:
Ադամեանի ներկայացումներու մասին ոգեւորութեամբ կը խօսի Լէօ. «Մինչեւ այժմ էլ թւում է, թէ պահել եմ ականջներիս մէջ մեծ արուեստագէտի շեշտերն ու հնչիւնները: (…) «Այսօր էլ դեռ յիշողութեանս մէջ են այն գաւառական դէմքերը, որոնց վրայ շէքսփիրեան հանճարի հրճուանքն էր դրոշմուիլ: Ի՜նչ սքանչելի օրեր էին»:
Պետրոս Ադամեան մէկ ամիս մնաց Շուշիի մէջ եւ մեծապէս ոգեշնչուեցաւ հասարակութեան ջերմ վերաբերմունքէն:
* * *
Աբրահամ Տէր Գասպարեանի եւ Յովհաննէս Ճաղարբէկեանի նախաձեռնութեամբ, 1883ին Շուշիի մէջ տեղացիներէ բաղկացած թատերախումբ կազմուեցաւ: Այնուհետեւ կազմուեցան նաեւ դերասանական շրջիկ խումբեր:
Ներկայացումները գլխաւորաբար ամրան ամիսներուն կը տրուէին, երբ քաղաքի բնակչութեան թիւը զգալիօրէն կ՛աճէր ի հաշիւ տարբեր վայրերէ ամարանոց բարձրացող ընտանիքներու:
Շուշիի ուսանողական խումբերուն նախաձեռնութեամբ պարբերաբար կը բեմադրուէին «Պեպօ», «Էլի Մէկ Զոհ», «Խաթաբալա», «Քանդած Օջախ», «Վարդանանց Պատերազմը», «Արշակ Երկրորդ», «Բռնի Ամուսնութիւն» եւ «Վո՜ւյ Քի Իմ Վեչեր» թատրերգութիւնները:
Ստեփան Սաֆրազեան Պետրոս Ադամեանի հետ խաղցած էր Ախալցխայի եւ Թիֆլիսի մէջ: Կինը՝ Ալմա Սաֆրազեան թատերական գործունէութեան սկսած էր Ախալցխայի մէջ: Ստեփան եւ Ալմա Շուշիի մէջ, տեղացի թատերասէրներու հետ բեմադրեցին «Սամուէլ», «Շուշանիկ» եւ «Երուանդ Կամ Սանդուխտ Կոյս» թատրերգութիւնները:
* * *
Մկրտիչ Խանդամիրեան Շուշիի քաղաքային ակումբը կառուցած Աբրահամ Խանդամիրեանի որդին է: Հայրը զայն ուսման ուղարկած էր Ֆրանսա՝ մասնագիտանալու մետաքսի արդիւնաբերութեան մէջ: Սակայն Մկրտիչ Փարիզի մէջ թատերական արուեստով տարուած էր եւ հմտացաւ ֆրանսական գրականութեան, երաժշտութեան եւ կերպարուեստին մէջ:
Փարիզէն Շուշի վերադառնալէն ետք Մկրտիչ հօր ձգած ժառանգութեան իր բաժինը նուիրեց մասնագիտական թատրոն ստեղծելու գործին:
Մկրտիչ Խանդամիրեան Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող եւ իր հօր կառուցած քաղաքային ակումբի փայտաշէն երկյարկանի շէնքը հիմնովին վերակառուցեց՝ իբրեւ քաղաքային թատրոն, որ կոչուեցաւ Խանդամիրեան թատրոն:
Քարաշէն թատրոնը դուրսէն կ՛երեւէր երկյարկանի, բայց բակի կողմէն ներքնայարկ ունէր, ուր թատրոնի զարդարանքները կը պահուէին: Առաջին յարկին վրայ կը բնակէր Խանդամիրեան ընտանիքը: Շէնքին կից պտղատու ծառերով այգին էր:
Թատրոնը ունէր 350 հոգինոց դահլիճ, վերնայարկ, երկու օթեակ, դերասաններու զարդասենեակներ, գրադարան եւ հանրակացարան՝ դերասաններու համար: Թատրոնը նաւթի եւ կազի լապտերներով լուսաւորուած էր: Ճեմասրահը թարմ ծաղիկներով զարդարուած էր, իսկ պատերը հայ, ռուս եւ եւրոպացի դերասաններու եւ թատերագիրներու նկարներով զարդարուած էին: Հանդիսատեսի համար հանգիստի սենեակ նախատեսուած էր, ուր ան կրնար գտնել թերթեր ու ամսագիրներ: Մկրտիչ Խանդամիրեան թատրոնին գրադարանը տեւաբար կը հարստացնէր նոր գիրքերով:
Խանդամիրեան թատրոնը բացուեցաւ 7 Յուլիս 1891ին, Մուրացանի «Ռուզան» թատրերգութեան ներկայացումով: Թատրոնը ունէր մասնագիտացած մնայուն գործող դերասանական կազմ: Ներկայացումները գլխաւորաբար ամրան եւ աշնան կը տրուէին: Ձմրան եւ գարնան շէնքը կ՛օգտագործուէր սիրողական խումբերու ներկայացումներուն համար, եւ համերգներ կը տրուէին: Թատրոնը կը ծառայէր նաեւ իբրեւ հանդէսներու եւ հարսանիքներու կազմակերպման վայր: Թատրոնին մէջ կը ցուցադրուէին նաեւ կրկէսային ներկայացումներ:
Խանդամիրեան թատրոնին մէջ կը բեմադրուէին հայ եւ համաշխարհային հեղինակներու ստեղծագործութիւններ՝ Պարոնեան, Շիրվանզանդէ, Փուշքին, Կոկոլ, Լերմոնթով, Օսթրովսքի, Չեխով, Իպսէն, Սերվանթեզ, Շիլլէր, Մոլիէր, Հիւկօ եւ Շէքփսիր:
Հիւրախաղեր ունեցած են Յովհաննէս Աբէլեան, Մարի Զապէլ, Գրիգոր Աբրահամեան, Մաթեւոս Աղայեան, Վարվառա Մելիքեան, Արշակ Յարութիւնեան, Փառանձեմ, Սիրանոյշ, Մարի եւ Վարդիթեր Ֆելեկեաններ, Արամ Վրոյր, Սաթենիկ Ադամեան, Յովհաննէս Զարիֆեան, Գրիգոր Աւետեան, Արուս Ոսկանեան, Օլգա Գուլազեան եւ Վահրամ Փափազեան: Իր երգչախումբով ելոյթ ունեցած է Քրիստափոր Կարա-Մուրզա:
Հայ-թաթարական 1905ի կռիւներուն ժամանակ, Շուշիի բազմաթիւ այլ շինութիւններու հետ Խանդամիրեան թատրոնին շէնքը հրկիզուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ: