
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Հայոց պատմութեան ցաւալի դէպքերու օրացուցակին, իր տեղը ունեցաւ նաեւ 19 Սեպտեմբեր 2023 թուականը, իբրեւ խորհրդանշան Արցախի հայաթափման: Այդ օր սկսաւ, պատմական աղբիւրներու նշումով աւելի քան 3 հազար տարիներու անցեալ ունեցող հայրենի երկրի Արցախի հատուածի կորուստին տանող տխուր գործընթացը: Հայաթափումը տեւեց երեք օրեր, որուն աւարտին աւելի քան 100 հազար արցախահայեր, անցնելով Հակարիի կամուրջէն, ապաստանեցան Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններ:
Եղելութիւնը բնականաբար շատ ծանր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայաշխարհի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան մօտ: Արցախի հայաթափումով կոտրուեցան նաեւ բազմաթիւ կարծրատիպեր, որոնք բոյն դրած էին մեր մտածողութեան, հայկական համընդհանուր համոզումներուն առանցքը կազմելով: Նախորդ դարասկիզբին դառն փորձով տեսանք, որ անհիմն է քրիստոնեայ գերտէրութիւններու խնամքին ապաւինելու յոյսը: Այս անգամ ալ տեսանք, թէ միջպետական յարաբերութիւններու ուղին ու ընթացքը ճշդողը տուեալ պահի շահն է, այդ շահի թելադրանքները, այլ ոչ պատմական դաշինքները կամ խոստումները:
Աւելի քան 100 հազար արցախահայերու Հայաստան ապաստանելէն ետք մեր ընթերցողները յուզող խնդիրներու կարեւորագոյնն էր իմանալ իր բեկորներու հոգեվիճակը եւ ապագայի մասին տեսլականը: Այդ նաեւ առնչուած էր Հայաստանի անսասանութեան խնդրին հետ:
Այսպէս «Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի հետ որոշեցինք այցելել Հայաստան եւ ուղղակի զրոյցներով լսել արցախահայութեան ներկան եւ ապագայի հանդէպ ընկալումները եւ սպասումները: Այդ հանգրուանին «Ֆրիտրիխ Էպէրթ» հիմնարկի հետ ապահովեցինք թէ՛ այս աշխատանքի ենթահողը եւ թէ աշխատանքային շաբաթի պահանջած զանազան մանրամասնութիւններ: Ամենակարեւորը՝ հիմնարկը ապահովեց մեր տեսակցութիւններու որոշ մէկ մասը արդէն, որու հիման վրայ տարինք մեր աշխատանքը:
16 Հոկտեմբեր, Երկուշաբթի իրիկուն, ինքնաթիռը 45 վայրկեանի ուշացումով մը չուեց, պարզապէս «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանի վազքուղիի ծանրաբեռնուածութեան պատճառաւ: Երբ դուրս կու գայինք «Զուարթնոց» օդակայանէն, ձեռին «Ակօս» գրած թուղթով մեզ դիմաւորեց ապահովուած յատուկ ինքնաշարժի վարորդը պարոն Սուրէնը, որ աշխատանքային բոլոր օրերուն լաւագոյն կերպով ապահովեցին մեր ուղեւորութիւնը:
Ի տարբերութիւն օդային ճամբով կատարած մեր նախորդ ուղեւորութիւններէն, ուշագրաւ էր ճամբորդներու կերպարանքի բազմազանութիւնը: Նախապէս դէպի Հայաստան թռիչքներու ճամբորդները կ՛ըլլան մեծաւ մասամբ հայաստանցի առեւտրականներ, աւելի փոքր թիւով ալ՝ իսթանպուլահայեր: Այս անգամ կեդրոնական ասիացիներ, եւրոպացիներ, ռուսեր կամ ուքրանացիներ բաւական մեծ թիւ կը կազմէին ինքնաթիռի մէջ: Անշուշտ հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի հետ ճամբորդել, քանի անոնք Մոնթենեկրոյէն տուն կը վերադառնային նուաճելով Եւրոպայի բաժակի պատուաւոր երրորդութեան՝ պրոնզ մետալը:
Նախատեսուած առաջին հանդիպումը կայացաւ մեր Երեւան հասնելէն քանի մը ժամ յետոյ, Հայաստանի հանրածանօթ հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկուն գրասենեակը:

Այստեղ, նախ բովանդակալից տեղեկութիւններ ստացանք իրենց ծաւալած գործունութեան մասին: Պատմեցին, թէ հայ- թրքական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացի մէջ անցեալին ինչպիսի աշխատութիւններ կատարած են, թուրքիացի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով: Այդ աշխատանքները ներկայ թեժ պայմաններու բերմամբ համարեա դադրած են, մտնելով սպասման, անորոշութիւնները ուսումնասիրելու ու պարզելու շրջանի մը: Բնական էր այս երեւոյթը, քանի որ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըճ եւս, իբրեւ հակադրուած ու անհաղորդ երկու պետութիւններու լիազօրած բանագնացներ, կը բոլորեն սպասման ու անորոշութեան նման շրջան մը:
Պերճ Արապեան այս հանդիպման ընթացքին ապրեցաւ առաջին հիասթափութիւնը, քանի մեր խօսակիցները կը խրտչէին լուսանկարուելէ եւ իրենց ղեկավարած կազմակերպութեան անուններուն յիշատակումէն: Երկրորդը համեմատաբար հեշտ էր, քանի ես կրնայի առանց անուններ նշելու փոխանցել կատարուածը կամ պատմուածը, բայց Պերճը նման վերապահութեան դիմաց ճարահատ էր իր գործի բերմամբ: Եթէ խօսակիցներս խուսափին նկարուելէ, ան ինչպէ՞ս պիտի արդարացնէր իր աշխատանքը:
Բարեբախտաբար այդ գրասենեակին մէջ ծանօթացանք Արցախէն եկած երիտասարդ լրագրողի հետ, որ կը յօժարէր նկարուելու, եւ անպատեհութիւն չէր տեսներ իր անունը հրապարակելէ: «Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ դրդումով, գացի քաղաքի գերեզմանոցը: Այդտեղ տեսայ անհամար փոսեր, թաղման սպասող անշունչ մարմիններ եւ որոշեցի քաղաքէն հեռանալ»: Այս տողերով նկարագրեց իր ապրումները արցախահայ ազատ լրագրող Մարուտ Վանեան: Ան աշխատակցած է տարբեր երկիրներու լրատուական միջոցներուն, ականատեսի վկայութիւններով փոխանցած Արցախի իրողութիւնները: Այժմ չէ կրցած յստակացնել իր կեանքի յաջորդ հանգրուանները: Հազիւ որոշ ժամանակէ ետք է, որ պիտի կարենայ դուրս գալ քաոսային իրավիճակէն եւ ապա ճշդէ իր ուղին: «Ինչպէս բոլորին, լրագրողներուն ալ հիմնական խնդիրը բնակարանն է: Մարդիկ նստեր են մեքենայ ու ճամբայ ելեր, հասեր են Հայաստան: Չեն գիտեր, թէ ուր պիտի մնան: Ես ալ այդ անյայտութիւններով ճամբայ ելայ: Գրեցի «Դիմատետր»ին վրայ, որ երթալ կ՛ուզեմ: Մի ընկեր զանգահարեց ու ըսաւ որ մի հոգիանոց տեղ կայ մեքենայի մէջ, այդպէս եկած եմ»: Այսպէս էր Մարուտ Վանեանի յիշատակումը հասարակական կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ:
Յաջորդ օրուան ուղղութիւնն էր Գորիս, բռնի տեղահանուածներու առաջին հանգրուանը Հայաստանի հողին վրայ: Առաւօտուայ կանուխ ժամերուն ճամբայ ելանք, շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ ճամբան կտրելու համար: Այստեղ մեր առաջին կայարանը հանդիսացաւ «Գորիսի մամուլի ակումբ»ը: Ակումբի տնօրէն տիկին Սուզաննա Շահնազարեան նախ բացատրութիւններ տուաւ 23 տարուան անցեալ ունեցող ակումբին հիմնական ծառայութեան եւ ապա բռնի տեղահանուած մարդկանց խնդիրներու լուծման համար կատարուած աշխատութիւններուն մասին: Լսեցինք 1934էն հրատարակուող «Զանգեզուր» թերթի թուայնացման աշխատանքներուն մասին: Աւելի քան 70 հազար էջնոց այդ արխիւը ինքնին հսկայ պաշար մըն է տարածաշրջանի պատմութեան ծանօթանալու առումով: Թուայնացման գործողութիւնով թերթի մօտ 80 տարիներու հաւաքածոն հասանելի պիտի դառնայ բոլոր հետազօտողներուն կամ պրպտողներուն:

Գորիսի մամուլի ակումբը կը գործէ 12 հոգիներէ բաղկացած աշխատակազմով: Համացանցի վրայ ունի mediapoint.am կայքէջը, որուն համակարգողն է տիկին Աննա: Իր ուղեկցութեամբ այցելեցինք մօտակայ «Մինա» հիւրանոցը, ուր ապաստանած են խումբ մը գաղթականներ: Հոն եւս յայտնուեցաւ լուսանկարուելէ խուսափելու խնդիրը: Հայաստան հասած ըլլալով հանդերձ, մարդիկ կը շարունակէին խրտչիլ Հակարիի անցակէտի ստուգման գործողութենէն: Հազիւ սկսած էինք խօսելու, յանկարծակի իրարանցում մը գոյացաւ: Պատճառը պարզուեցաւ շուտով. երեխաներ պիտի երթային նկարչութեան դասընթացի: 7 կամ 8 երախաներ տեղաւորուեցան երկու ինքնաշարժներու մէջ եւ մեկնեցան դէպի նկարչութեան դասընթացք: Իմաստալից է այս ջանքը, քանի որ մեր այդ կարճ հանդիպման ընթացքին ծանօթացած էինք եօթնամեայ պատանիի մը հետ, որ Արցախէն դուրս գալու ճանապարհին, երբ ինքնաշարժները խցանումի հետեւանքով կանգ կ՛առնէին, ան վար իջնելով հանդիպած քարին վրայ խնամքով կը գրէր. «Ես հոս ապրած եմ»:
Այն ինչ որ տեսանք հոս, նոյնը նկատեցինք նաեւ մեր յաջորդ հանդիպման վայրերուն մէջ: Յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայուէր մանուկներու դաստիարակութեան խնդրին: Դպրոցականներու ուսման անխափան յարատեւութիւնը գլխաւոր նախադրեալներէն մէկը համարուած ու մեծ մասամբ ալ լուծուած էր: Ինչ ալ ըլլար տիրող զրկանքները, ոչ ոք անօթեւան, անսնունդ չէր մնացած: Չկար դպրոցազուրկ երեխայ եւ հոգեբոյժներ, մանկավարժներ գործի լծուած էին իրենց մասնագիտութեամբ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար:
Արցախահայ գաղթականներ, իւրաքանչիւրը թէեւ իրեն յատուկ խնդիրներով կը տառապէր, բայց հիմնականին կը բաժնէին երկու հասարակ յայտարար՝ բնակարանի խնդիր եւ պետութեան կազմակերպեալ խնամքին հանդէպ երախտիք: Դժուարութիւնները տեսանելի էին ամենուրէք: Հայրենիքի կորուստը համատարած հոգսերու գլխաւորն էր: Արցախը հայաթափ եղած էր եւ ետդարձի յոյս մըն ալ գոյութիւն չունէր: Արցախահայոց հազարումէկ ջանքերով կառուցուած տուները լքուած էին: Ոմանք տան բանալին գրպանը դնելով հեռացած էին տունէն, ոմանք ալ դուռը բաց թողնելով: «Գոնէ կղպանքը չկոտրեն, գոնէ տան դուռը չջարդեն» ըսողներու հանդիպեցանք մեր զրոյցներու ընթացքին: «Տան մէջ ինչ որ կար դրան առջեւ կրակի տուի», կը պատմէր մէկը, մինչ ես այդ պահուն կը մտաբերէի Հրանդ Տինքի պատմածներէն դրուագ մը, որ կը փոխանցուէր 108 տարուայ անցեալէ մը: 1915 թիւն է եւ աքսորի կարաւաններէն մէկը եւս կը պատրաստուի իր բնօրրանը լքելով տարագրութեան ցուպը վերցնելու: Հրանդ պատմած էր ընտանիքի երէցին մինչեւ վերջին պահը մաճը նորոգելու ջանքը: Երբ որդին կը շտապէր եւ հայրը համոզել կը ջանար ըսելով թէ այդ մաճը հետերնին պիտի չտանին, ուստի անիմաստ է զայն նորոգել, ծերունին կը պատասխանէր հայու յատուկ մտածելակերպով: «Մենք արտը ցանեցինք, բայց մէկը պիտի գայ զայն հնձելու, թող մաճը կոտրուած չգտնէ»: Մաճը ի՞նչ է որ, եթէ յիշենք հայու ձեռքով, ձիրքով ու ճակտի քրտինքով կառուցած ու ապա լքելու հարկադրուած քաղաքները…

Վերադարձի ճանապարհի աւարտին արդէն 2 ժամով գերազանցած էինք օրական 12 ժամերու աշխատանքային ծրագիրը:
Յաջորդ որ պիտի այցելէինք Արտաշատ, որ համեմատաբար շատ աւելի կարճ ճամբորդութիւն պիտի պահանջեր, հետեւաբար համաձայնեցանք գոնէ մէկ ժամ աւելի ուշ ճամբայ ելլել:
Անկախ ստանձնած պարտականութենէն, պարտաւոր ենք նաեւ որոշ ժամանակ տրամադրել բարեկամներու այցելութեան: Հետեւաբար գոյացած իւրաքանչիւր ազատ պահ, առիթ մըն է նաեւ այդ պարտականութիւններն ալ կատարելու համար:
Առաջին երկու օրերուն, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու հետ շփումները կայացան հասարակական կազմակերպութիւններու միջնորդութեամբ, երրորդին համար օգնութեան կը հասներ պետական կառոյց մը՝ Արտաշատի համայնքապետարանը:
ԿՐԿԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼ
Հասած ենք աշխատանքային այցելութեան երրորդ օրը: Առաւօտուայ նախաճաշէն վերջ այս անգամ մեզի կ՛ուղեկցի «Վեկա» ընկերութենէն մեր սիրելի բարեկամ Արտակը, որուն հետ տարիներու երկարող ընկերութիւն մը ունինք, յաճախ հանդիպելով Իսթանպուլ կամ Երեւան: Ճամբորդութեան ընթացքին Արտակ եւս բացատրութիւններ կու տայ, թէ իր ալ մաս կազմած ընկերութիւնը առաջին օրէն իսկ մասնակցած է իրենց պապենական երկրէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան կարիքներու հոգալու գործին: Բաղդատմամբ Գորիսի, դէպի Արտաշատ տանող ճանապարհը շատ աւելի կարճատեւ է: Մեր ինքնաշարժը կանգ առաւ համայնքապետարանի մօտ եւ իսկոյն հանդիպեցանք պարոն Արմէնին: Երիտասարդ պաշտօնեան բազմազբաղ էր տարբեր բնոյթի բազում հարցերով: Չէր լռեր իր բջջային հեռախօսը եւ չէին պակսեր այս կամ այն հարցի համար իրեն դիմողները: Այդ եռուզեռին մէջ Արմէն մէկ կողմէ ալ մեզի կը փոխանցէր հիմնական տեղեկութիւններ: Այսպէս կ՛իմանայինք, թէ համայնքապետարանը ապահոված է ընդհանուր առմամբ 5300 շունչ մարդու կամ այլ խօսքով 1208 ընտանիքներու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները: Անոնցմէ ոչ մէկը անօթեւան է: Բոլոր երախաները դպրոց կը յաճախէն եւ բոլորին կը հասնի օրական երեք ժում սնունդ: «Սնունդի բաշխումը երկու եղանակ ունի: Կեդրոնի բնակիչներ կու գան այս տեղէն կ՛ապահովեն իրենց սնունդը, փոխան ստորագրութեան: Իսկ գիւղերու պարագային մենք կ՛ուղարկենք դէպի գիւղապետ եւ հոնկէ է, որ կը ստանան այս օրուան բաժինը»:
Արմէնի այս բացատրութիւններու ընթացքին ականատես եղանք իրենց բաժինը ստանալու համար համայնքապետարան այցելողներուն: Այդ ընթացքի մէջ պետական կարգադրութիւնը անսայթաք կ՛ընթանայ: Այդ հանդիպումը մեզի ալ առիթ տուաւ եկողներու հետ զրուցելու համար:
Ըստ երեւոյթի համակերպած էին իրենց մատնուած դրութեան: Տարեց ամուսիններ էին եւ աւելի պահանջելու ոչ ձգտում ունէին, եւ ոչ ալ այդ աւելիին հասնելու համար պայքարելու կարողութիւն: Երախտապարտ էին իրենց ստացածներով: Զգացի թէ հարցումները ձանձրացուցիչ պիտի թուէր այս տարիքոտ մարդկանց համար: Աւելի լաւ էր իրենց դիմային արտայայտութիւններէն հետեւողութիւններ քաղել: Թերեւս զաւակներ ունենային, որոնք այս պահուն հեռաւոր ափերու վրայ անզօր ըլլային իրենց ծնողաց հոգսերը վերացնելու: Չուզեցի «Որդիներս Ռուսաստան են, գործերնին չի թոյլատրեր որ մեր մօտ ըլլան»ի նման նախադասութիւններ լսել: Յաջողութիւն մաղթելով եւ իրարու յենելով հեռացան մեզմէ:
Լեռնիկ երիտասարդ մի մարդ էր, հազիւ 41 տարեկան, բայց ներկայ օրերու թախիծը եւ կսկիծը ծանրօրէն կը ճնշէին անոր ուսերուն: «Բենզինի լիցքակայանի պայթումի պահուն թէ աւագ եւ թէ միջնեկ եղբայրներս ու իրենց որդիները հոն էին: Աւագ եղբօրմէս եւ իր որդիներէն ոչ մէկ լուր լսած եմ: Միջնեկ եղբայրս շատ ծանր այրուածքներով փոխադրեցին Երեւան, բայց անոր ալ կեանքը փրկել կարելի չեղաւ: Նոյնպէս անյայտ կորած է նաեւ իր որդին»:
Այժմ Լեռնիկ եւս իր ընտանիքի հետ բնակելու վայր մը ճարելը ամենակարեւոր խնդիր ըլլալով կը դիտէ: Ապա կրնայ անցնիլ աշխատանքի նաեւ:
Արմէն կը յայտնէ, թէ համայնքապետարանի շրջանակով 2000է աւելի անձերու համար կարելի է աշխատանք ապահովել: «Սակայն իրենց նախապատուութիւնը բնակարանի հարցն է: Հազիւ այդ հարցը լուծելէ ետք է, որ աշխատանքի մասին պիտի մտածեն», կ՛ըսէ Արմէն:
Գալով բնակարանի խնդրին, այստեղ ալ կարեւոր զգուշացում մը կայ, սահմանամերձ տարածքներէն հեռու մնալու առումով: Մեր ներկայութեան էր, որ առաջարկուեցաւ Նուպարաշէնի գիւղերէն մէկուն առնուազն երկու ընտանիքի բնակութեան յարմար տուն մը, բայց ոչ ոք ցանկացաւ այդ գիւղը երթալ, քանի որ սահմանամերձ տարածք էր գիւղը:
Մեր այս զրոյցներու պահուն էր, որ մուտք գործեց «Վեկա» ընկերութեան բեռնատար մեքենան, որուն բեռցուած էր բազմաթիւ անկողիններ եւ անկողնային պարագաներ: Երիտասարդներ իսկոյն փութացին եկած բեռը դէպի համայնքապետարանի շտեմարանը փոխադրելու: Արտակ յայտնեց, թէ ամենամեծ կարիքը կայ անկողնային պարագաներու: «Մենք եւս ապահոված ենք մահճակալներ, բայց տակաւին կարիքը կը շարունակուի»: Արտակի այս բացատրութեան հաստատումը եղաւ մեր այցելութիւնը դէպի հարեւան տարածքի մանկապարտէզին:
Եղանակը թոյլ չէր տար, որ երեխէք օգտուին մանկապարտէզի բակի խաղավայրէն: Բայց ինչը՞ արգելք կրնար ըլլար, որ անոնք ուրախ ճիչերով իրենց «սքութըր»ներու վրայ սուրային մանկապարտէզի նրբանցքին: Յաճախ բախէին իրարու եւ ծիծաղներու մէջ գետին գլորէին:
Անոնց ուրախութիւնը փոխանցիկ էր նաեւ մեզ: Կը դիտէի անոնց ուրախ խաղը: Նոյն պահուն Պերճ ալ կը փորձէր այդ խաղի երեւոյթը անմահացնել իր առած լուսանկարներով: Նշմարեցի թէ բոլորիս դէմքերուն յայտնուած էր լայն ժպիտ մը: Նոյնիսկ այդ բախումներու պահուն հաւանական վիրաւորումի մը դէմ զիրենք զգուշացնող չափահասներն ալ կը բաժնէին այդ նոյն լայն ժպիտը:
Երբ տղոց խաղը մէկ կողմ դնելով մտանք մանկապարտէզի սենեակներուն մէջ, ժպիտը իր տեղը թողուց թախիծի: Այստեղ տխուր էր պատկերը, երբ երեք ընտանիքներու 18 անդամներ կը բաժնէին մանկապարտէզի ընդարձակ դասարաններէն մէկը, ուր միակ կարասին էր կողք կողքի դիզուած մահճակալները: Չափահաս մարդիկ, իւրաքանչիւրը անորոշութեան ճիրաններուն մէջ, կը փորձէր օր աւարտին հասցնել, որպէսզի յաջորդ օր նոյն անորոշութիւնը կրկին ու կրկին ապրի: Անոնցմէ մէկը հիւանդ էր եւ կարողութիւն չունէր նոյնիսկ անկողնէն դուրս գալու: Այս սենեակին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին կանայք: Բոլորն ալ իր կարգին պատմելիք հազարաւոր հոգեր ունէին: Հոս եւս լսեցինք դուռը կղպելով դուրս գալու եւ ճիշդ հակառակը դուռն ու պատուհանը բաց թողնելով տունէն հեռանալու դրուագներ:
Արդէն տեսած էինք ինչ որ կը կարծէինք: Այդ պահուն մարդ ակամայ կը յիշէ պատմութեան հին էջերը: Ես անձամբ այդ էջերու մէկ մասը լսելով գիտեմ իմ նախկիններէն: Բայց պատմութիւնը դաժան է եւ նման պատկերի եւս ականատես եղած եմ այս անգամ 1990ական տարեթիւերուն, երբ հոսք մը կար նորանկախ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա, օտար ափերու վրայ աշխատութիւն ճարելու համար:
Այսօրուայ նման կը յիշեմ քառայարկ շէնքը Գումգաբուի մէջ, ուր այցելած էինք Սաթիկի՝ մեր սիրելի Յովիկի ու Գայիանէի առաջին զաւկի՝ Սաթենիկի ծնունդը շնորհաւորելու համար: Այդ օր ալ մերօրեայ պանդուխտներ հաւաքուած էին սենեակի մը շուրջ, իւրաքանչիւրը իր հետ բերած էր զանազան թխուածքեղէն, շաքարեղէն եւ խմիչքներ: Անդին տարեց վրացուհի մը օճախի վրայ կը պատրաստէր հաւու ճաշ մը:
Հիմա ալ նման պատկեր մըն է գոյացածը, կարծես թէ հալածուած ժողովուրդի մը բեկորները դատապարտուած ըլլան որոշ հերթականութեամբ նոյն զրկանքները ճաշակելու:
Այդ տրամադրութիւնով ուզեցինք հեռանալ մանկապարտէզէն, երբ Պերճ իմաց տուաւ ըսելով, թէ պէտք է այցելենք վերի յարկի նման սենեակ մը եւս:
Երբ այս երկրորդ սենեակէն դուրս կու գայինք բոլորիս ալ աչքերը թաց էր: Հոս ծանօթացանք ընտանիքի մը հետ, որուն անդամները թէ՛ Ստեփանակերտի եւ թէ հարեւան գիւղի մէջ ունէին երկյարկանի տուներ: Եօթը հոգիէ բաղկացող ընտանիքի մէջ աւագ որդին Բժշկական համալսարանի երրորդ դասարանի ուսանող է, իսկ դուստրը իններորդ դասարանի աշակերտ: Մնացեալ երեք երախաները ալ աւելի փոքր տարիքի են: Թէ աւագ որդին եւ թէ դուստրը այս պահուն ընդհատած են իրենց ուսումը: Ընտանիքին հայրը կ՛ափսոսայ ամէն ինչ ետին թողած ըլլալուն:
Արցախի հայաթափումը ունի միակ նշանակութիւն մը, որն է՝ հայ ժողովուրդի իր հարազատ երկրի կորուստը: 108 տարիներ վերջ կրկնուող այս դէպքը լոկ այս յատկութիւնով խիստ խոցելի է իւրաքանչիւր հայու համար:
Բազում փորձերով մինչեւ օրս կ՛ապրինք Արեւմտեան Հայաստանի կորուստին պատճառած կսկիծը: Այստեղ նշանակութիւն ունի այն, որ հայը որպէս մշակ ժողովուրդ սերտօրէն կապուած է իր հարազատ հողին: Այդ հողի վրայ կերտած է մշակոյթ: Հողն ու հայրենի երկիրը նոյն փոխաբերական իմաստն ունին: Հետեւաբար հայրենազրկութիւնը եւ հացազրկութիւնն ալ դիւրաւ կը նոյնանան իբրեւ կորած արժէքի խորհրդանիշ:
Մենք հանդիպումներու ընթացքին փորձեցինք անձերու անհատական կորուստները ընդգծել եւ իբրեւ ամբողջական պատկեր փոխանցել մեր ընթերցողներուն:
Անձնական, անհատական նաեւ ընտանեկան կորուստի կողքին կայ նաեւ ազգային, հաւաքական կամ ամբողջական կորուստ մըն ալ:
Տեսակցութիւններու ընթացքին մեր խօսակիցները յաճախ անդրադարձան նաեւ կորուստի այս տեսակին ալ: Անոնք ներկայ պահուն յայտնուած են իրողութեան եւ զգացականութեան միջեւ հակասութիւններու մէջ: Ոմանք այդ զգացականութենէ դրդուած կու յուսան թէ պայմանները կը բարելաւուի ու առիթ կ՛ունենան վերադառնալ իրենց հայրենի երկիրը եւ վերստին կը շէնացնեն ընտանեկան օճախը: Այդ նոյն յոյսը տասնամեակներ շարունակ սնուցած էին նաեւ բազմաթիւ սասնեցիներ, իգտիրցիներ, ալաշկերտցիներ եւ այլք, որոնք վերջապէս համակերպեցան իրենց ապաստանած հողերու վրայ նոր կեանք կերտելու գաղափարին:
Կարգ մը արցախահայեր այդ համոզումին հասնելու համար տասնամեակներու կարօտ ալ չեն: Անոնք համոզուած են թէ Արցախը այլեւս կորուսեալ հայրենիք մըն է իրենց համար, որուն յիշատակը վառ պիտի պահեն յաջորդող սերունդներուն ալ:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ, ՀԱՊԱ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆԸ՞
Այսօր մեր ուղղութիւնը հարած է դէպի Գիւմրի: Նախապէս ալ նման զգացումները ապրած ըլլալուս չեմ զարմանար: Գիւմրի քաղաքի անունը յիշելով իմ մէջ կը վերակենդանանան անցեալի յատուկ բազում ապրումներ: Միտքս կ՛երթայ 1986ի Սեպտեմբեր ամսուն եւ ես ինձ կը գտնեմ Գայիանէ քոյրիկի հետ, Գիւմրիի շուկան: Լաւաշ կը գնենք ազերի կնոջմէն, որուն կը յանդիմանէ Գայիանէ քոյրիկը: Ինչո՞ւ բարկացար կը հարցնեմ Գայիանէին եւ սիրտս կը նեղնայ իր պատասխանով. «Թող հայերէն խօսի, այստեղ Ռուսաստան չէ»: Այդ տարիներուն Գիւմրիի շուկային մէջ կարելի է, հանդիպել մալականներուն, որոնք եւս ռուսախօս էին: Գայիանէն շուտով ձերբազատուած էր այդ բարկութեան կարճատեւ նոպայէն եւ աչքով ցոյց կու տար հայ շարժանկարի առասպելական դերասան Մհեր Մկրտիչեանը, կամ գիւմրեցիներու անուանումով՝ Ֆրունզիկը, որ նոյն շուկային մէջ գնումներ ընելով ման կու գար: Այսօրուան նման կը յիշեմ Գայիանէի հպարտ պարծանքը, երբ մատնացոյց կ՛ընէր նորակառոյց ինը յարկանի շէնքերը: Շէնքեր՝ որոնք հազիւ երկու տարի անց գետնին պիտի հաւասարէին ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով: Արդէն այդ երկրաշարժէն ետք իմ յիշատակներուս մէջ քաղաքը իր փլատակներով պիտի դրոշմուէր միայն: Փլատակներով՝ եւ մեր ահռելի ցնցումով: Օրին չէինք գիտակցած պատահածին ահռելիութեան: Հազիւ քանի մը օր անց ուշքի եկանք, թէ ինչ պատահած էր այդ չքնաղ քաղաքի մէջ: Քարուքանդ եղած էին Գայիանէին այդքան մեծ հպարտութիւն պատճառող ինը յարկանիները: Այս անգամ բոլորը կը խօսէին «գողացուած ցեմենտ»ի մասին: Յիշատակները կը խուժէին միտքս եւ չէին արտօնէր, որ միտքս սեւեռեմ ներկայ աղէտին վրայ: Աղէտին սաստկութեան գիտակցելով, համոզուեցանք թէ պարտաւոր ենք բաներ մը ընելու: Բաներ մը՝ բայց ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս: Կը յիշեմ որ նախ փութացինք խորհրդային զբօսաշրջութեան եւ օդային ճանապարհորդութեան ընկերութեան «Աէրօֆլոտ»ի գրասենեակը: Այնտեղ լսեցինք որ Մոսկուայէն յատուկ հրահանգ ստացած են երկրաշարժի աղէտեալներուն համար ուղարկուած բեռը եւ անձնակազմը անվճար տեղ հասցնելու համար: Այլեւս արգելք մը չէր մնացած որ շարժման անցնինք եւ օգնութիւնը փութացնենք Հայաստան:
Ապա որոշեցինք նաեւ օգնութիւնը փոխադրող բեռնատարներուն ընկերակցիլ մինչեւ Հայաստան: Այս նիւթով կամաւոր եղած էինք ես, Եդուարդ Թովմասեան եւ բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան: Մեր սովետական վիզայի կարգադրութեան խնդիրը յանձնուեցաւ Կարպիս Ուղուրլուեանին: Ինչ-ինչ պատճառներով չստացուեցաւ այն վիզան: Բեռները փոխադրուեցան Թուրքիոյ Կարմիր Մահիկի երեք բեռնատարներով, իսկ Հայաստանի մէջ անոնք դիմաւորեցին Կարպիս Ուղուրլուեան եւ Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան, որոնք Մոսկուայի ճամբով նախապէս ժամանած էին Հայաստան:
Յիշատակները կրկին կը տողանցեն մտքիս մէջ դարձեալ դէպի 1986, երբ Երեւանէն Գիւմրի տանող մայրուղիէն շեղելով Օննիկի ինքնաշարժը կանգ առած էր Ուջան գիւղի հրապարակը, Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի մօտ: Այդ կարճատեւ դադարի պահուն զրուցած էինք տարեց գիւղացիներու հետ, որոնք Զօրավար Անդրանիկի կամաւորներու շառաւիղներն էին: Պատմեցին, թէ ինչպէս յաջողած էին նախ յուշարձանը տեղադրել եւ ապա այդ մասին իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովել:
Այժմ Սուրէն վարպետի ինքնաշարժը կը սուրայ կրպուղիի վրայ եւ մենք ճամբու աջափնեայ հատուածին կը բարեւենք երկրաշարժի աղէտեալներու օգնութիւն փութացնելու առաքելութեան պահուն ջարդուած ինքնաթիռի զոհեալ անձնակազմին: Այս յուշարձանը կառուցուած է խորտակուած ինքնաթիռի բեկորներով, իբրեւ երախտիք նախկին Եուկոսլաւիոյ քաղաքացի փրկարարներուն: Վերջապէս հասած ենք Գիւմրի եւ կանգ կ՛առնենք հասարակական կազմակերպութեան մը մօտ, որ կը կոչուէր «Մայր Աթոռ Գիւմրիի Հայորդեաց Տուն»: Այստեղ եւս դիմաւորուեցանք կազմաւորութեան վարիչներու կողմէ եւ իրենցմէ լսեցինք Գիւմրի ապաստանած գաղթականներու մասին: Համեմատաբար աւելի նուազ են Գիւմրի եկող գաղթականները, որոնք, ինչպէս նախորդ այցելավայրերուն, այստեղ եւս գտած են կեանքը շարունակելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները: Սակայն ով կրնայ պնդել, թէ այդ միջոցներուն տիրանալը պիտի կարենայ սփոփել հայրենիքի կորուստը: Ուրեմն այստեղ դարձեալ մեզ սպասողը ապրուած այդ մեծ կորուստներու դիմաց մխիթարութեան կարօտ տնազուրկ ժողովուրդ մըն էր:
Այս այցելութիւնը առիթ պարգեւեց որ մենք առաջին անգամ ըլլալով հանդիպինք հարազատի մը, որուն գոյութենէն տեղեակ էինք բայց չէինք արժանացած անձամբ ծանօթանալու:
Միւս կողմէ, միտքս տենչացնող հարցում մըն էր Հայաստանի մէջ «Հայորդեաց տուն» անուանումը: Հայաստանէ ներս իմաստ կրնար ունենալ «Ռուսորդեաց տուն», «Ասորորդեաց տուն» կամ «Եզտիորդեաց տուն» անուանումները, իբրեւ փոքրամասնութեան համայնքներու հասարակական կազմակերպութիւններ: Ամէն պարագայի այս տեսակ նիւթերով վիճաբանիլը բաւական դժուար է հայաստանցիներու հետ: Մենք՝ որպէս փոքրամասնութեան անդամներ, գերզգայուն ենք խտրականութիւն նկարագրող բոլոր արտայայտութիւններու հանդէպ, իսկ երկրի մեծամասնութիւնը կազմողները չեն անդրադառնար իսկ այդ թագուն խտրականութեան:
Վերջապէս այստեղ դարձեալ հանդիպեցանք այս կազմակերպութեան մօտ ապաստանած արցախահայ ընտանիքներու: Հոն եւս նկատեցինք կազմակերպեալ աշխատութիւն, բռնի տեղահանուած ժողովուրդի մատնուած դժուարութիւնները կարելի եղած չափով չէզոքացնելու համար: Այստեղ ապահովուած է նաեւ ճաշասրահի մը դրութիւն եւ նաեւ զանազան բնոյթի օգնութիւնները բաշխելու համար կազմակերպուած կեդրոն:
Գիւմրիին յաջորդեց մեր վերջին այցելավայրը՝ Ծաղկաձորի հանդիպումները: Ծաղկաձոր հայաստանեան մարմնամարզութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը դարձած է: 1980ի Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին, այստեղ կառուցուած էր յատուկ համալիր մը, ուր կը պատրաստուէին բացի Հայաստանէն եւ Խորհրդային Միութեան զանազան հանրապետութիւններէն ժամանած մարզիկներ: Բայց մենք ուղղուած ենք ոչ թէ «սպորտ պազա», այլ Երեւանի Պետական համալսարանի երբեմնի հանգստատունը: Վերանորոգուած հսկայ շէնքի մը մուտքին ենք եւ մեր հայաստանցի բարեկամները հոս եւս բերած են ապաստանեալներուն համար մատչելի, տնային եւ մանաւանդ ալ խոհանոցային սարքեր: Եկած ապրանքը ձեռք ձեռքի կը փոխադրուի շէնքէն ներս եւ կը պատրաստուի ստացագիրները: Կրկին անգամ կը վկայենք, թէ այս գործընթացին մէջ կը տիրէ լուրջ թղթաբանութիւն մը: Օգնութիւն առաքողները իրենց բերածներուն համար, իսկ օգտուողները իրենց ստացածներուն համար կը ստորագրեն որոշ փաստաթուղթեր: Մեր վերադառնալէն ետք է, որ մամուլի էջերէն վերահասու կ՛ըլլանք Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար կատարած դիմումներուն: Ահաւասիկ իրողութիւն մը, որուն չէինք անդրադարձած մեր հայաստանեան աշխատանքային օրերուն: Այս ժողովուրդը շուրջ 30 տարիներէ ի վեր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ էին եւ այժմ այդ հանրապետութիւնը իր սեփական կառավարութեան որոշումով լուծուած է:
Այսքանը բաւարար է հասկնալու համար, թէ որքան անհրաժեշտ կարիք մըն է ունենալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Ծաղկաձորէն վերադարձը նաեւ մեր վերջին գիշերն էր Երեւանի մէջ: Այդ գիշերը արժեւորեցինք տեղացի բարեկամներու հետ համախմբուելով: Ինչպէս նախորդ յօդուածներուն մէջ ալ նշած էինք, դէպի Հայաստան ճամբորդութեան մեծագոյն դժուարութիւնն է ինքնաթիռներու, թռիչքի կամ վայրէջքի ժամերը: Արդարեւ առաւօտեան ամենականուխ ժամերուն լուսածագէն ալ առաջ հասանք «Զուարթնոց» օդակայանը եւ երկժամեայ թռիչքով հասանք Իսթանպուլ:
Վեցօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը աւարտին հասցուցած էինք, բայց մեր ապրած տպաւորութիւնները եւ յուշերը յայտնի է, որ տակաւին երկար տարիներ կ՛ազդեն մեր վրայ:
Մարդկային կամ տարածքային կորուստները որքան ալ անհամեմատելի ըլլան, պատահածը իր էութեամբ նոր ցեղասպանութիւն մըն էր: Այս անգամ թէեւ աւելի պատշաճ կը հնչէր «ցեղային զտում» եզրը, բայց մենք անգամ մը եւս կը յիշէինք Հրանդ Տինքի հետեւեալ հաստատումը. «Եթէ նոյնիսկ իւրաքանչիւրը բամպակներու փաթաթելով ամենահանգստաւէտ նոյնիսկ ոսկեայ ինքնաթիռներով իր բնօրրանէն վերցնէք եւ ուրիշ երկիր մը տանիք, նոյնն է, կատարուածը ցեղասպանութիւն է»:
Այս աշխատանքային ծրագիրը որոշած էինք զերծ պահել քաղաքական բոլոր բնոյթի բանավէճերէ: Խնդիրը պիտի դիտարկէինք միայն ու միայն մարդկային երեսակով: Բայց հիմա որ այս տողերը կը շարադրենք, անխուսափելի կը դառնայ քաղաքական վերլուծումներն ալ:
Հազիւ քանի մը օր առաջ էր որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ակնարկելով կ՛ըսէր, թէ այդ նիւթի մէջ յառաջընթացը կախեալ է Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի հանդէպ պարտականութիւնները կատարելէն:
Այս լսելով յիշեցի 44օրեայ պատերազմի աւարտին Էրտողանի առաջարկով մեկնարկած Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան բանակցութիւնները: Այդ օրերուն հայաստանեան մամուլի գործիչներ մեզ հետ կապ հաստատելով կը հարցնէին, թէ որքանով անկեղծ է Էրտողանի առանց նախապայմանի բանակցութիւններու մասին ըսածները:
Այժմ պահը եկած է անգամ մը եւս ընդգծելու մեր այդ օրերու հաստատումը. «Երբեք մի՛ վստահիք»:
Կան պահեր, ուր մարդ ակամայ կը մտածէ երանի սխալած ըլլայի:
«ԱԿՕՍ»