
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԵՒԱԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԻ ԵՒ ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Քալիֆորնիոյ Հոլիվուտ շրջանին մէջ գործող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս դպրոցը, որ ունի աւելի քան 850 աշակերտներ, նիւթական օժանդակութիւն հաւաքելով ուղարկեց Հայաստան, անցեալ Սեպտեմբերին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն: Այս առաքելութեան համար գործուղուեցան դպրոցի փոխտեսուչ Սեւակ Անդրէասեան եւ հայերէնի ուսուցիչ Գէորգ Սարգիսեան: Այս առիթով «Ասպարէզ»ը զրուցեց անոնց հետ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս որոշուեցաւ օժանդակել տեղահանուած արցախցիներուն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 2000էն սկսեալ սկսած ենք օժանդակել մանկատուներու, դպրոցներու եւ բուժկեդրոններու: Այս բոլորը կը կատարուէին հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցաւ: 2016էն ի վեր, ամէն տարի աշակերտներուն հետ Հայաստան մեր այցելութիւններու ընթացքին, սկսանք առձեռն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել զոհուած եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն: Անցնող Սեպտեմբեր 19ի պատերազմի ժամանակ, մենք Հայաստան կը գտնուէինք աշակերտներուն հետ եւ տեղահանուածներու համար արդէն սկսած էին օժանդակութիւններ հաւաքել: Այդ օրերուն, տեղւոյն վրայ պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտութիւնը իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակութիւններ տրամադրեցին: Վերադառնալով Ամերիկա, դպրոցի տնօրէնուհին Մարալ Դաւիթեան որոշեց անմիջական օժանդակութիւն հասցնել մեր հայրենակիցներուն: Տնօրէնուհիին փափաքն էր, որ Կաղանդի տօներէն առաջ այս աշխատանքը յաջողցնենք, որպէսզի Արցախցի երեխաները եւս ունենան իրենց տօնածառը, միրգերը, չիրն ու չամիչը, այլ խօսքով անմասն չմնան Կաղանդի տօնին առթած ուրախութենէն:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս հաւաքուեցաք օժանդակութեան համար յատկացուելիք գումարը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները տարբեր ձեռնարկներով հաւաքեցին կոկիկ գումար մը, որպէսզի բաժնուի 170 ընտանիքներու: Կ՛ուզենք աւելցնել նաեւ, որ գաղութին զանազան անդամներ եւ գործարարներ օժանդակեցին որ այս գումարը գոյանայ: Հիմնական գումարը գոյացած էր Նոյեմբեր 18ին կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին, որուն նուիրատուները դպրոցի անմիջական շրջանակէն դուրս եղող անձեր էին:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞ր շրջան հաստատուած արցախցիներուն հասցուցիք ձեր օժանդակութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեր օժանդակութիւնները բաժնեցիք Գառնիի տարածքի գիւղերուն (Ողջաբերդ, Գեղադիր, Հացաւան, Բանաւան, Գառնի եւ Գողթ): Այս գիւղերուն մէջ հաստատուած են շուրջ 170 ընտանիք: Իսկ այս գիւղերու ընտրութիւնը կատարուեցաւ նկատի ունենալով, որ դիւրութիւններ ունէինք կազմակերպչական իմաստով:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք ձեր շրջագայութեան ընթացքին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախօրօք ունէինք Գառնիի շրջանի արցախցիներուն ցանկը, իրենց բնակութեան հասցէներով: Հիմնական դժուարութիւնը ճշդուած հասցէները գտնելու մէջ կը կայանար: Դժբախտաբար գիւղերուն մէջ, փողոցներուն մեծ մասին անունները չեն տեղադրուած, իսկ բնակարաններուն վրայ առհասարակ թիւ գտնելը անհնար է: Հակառակ այս դժուարութեան, մեր նախատեսած ժամանակի ընթացքին ամբողջացուցինք մեր աշխատանքը:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս էր արցախահայութեան վերաբերմունքը ձեր կատարած բարեգործութեան:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Բնականաբար ուրախ էին ոչ անպայման օժանդակութիւն ստանալու համար, այլ այն որ հեռաւոր Ամերիկայէն եկած էինք, զրուցելու եւ մանաւանդ զիրենք լսելու: Անոնք կարիքը ունին նաեւ բարոյական եւ ընկերային աջակցութեան: Բազմաթիւ են կարիքաւոր ընտանիքները: Շատ դժուար կացութեան մէջ ապրողներու ականատես եղանք: Այստեղ պէտք է նշել, որ բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք վարձով կ՛ապրին, ըստ համաձայնութեան, Ապրիլ ամսուն պիտի դուրս գան տունէն: Այս մէկը ընկերային նոր խնդիրներ եւ դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ: Իսկ ընդհանուր գիծերու մէջ եթէ նայինք հարցին, ապա յստակ է, որ ապագայի հանդէպ անորոշութիւն մը կայ: Անոնք չեն գիտեր պիտի մնա՞ն Հայաստան, պիտի վերադառնա՞ն Արցախ թէ պիտի արտագաղթեն: Սա բարոյահոգեբանակաօրէն կը ճնշէ թէ՛ իրենց եւ թէ մեզի:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ երեւոյթներու ականատես եղաք:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առաջին հերթին, պէտք է ըսել, որ վերոնշեալ գիւղերուն մէջ կային տանտէրեր, որոնք առիթը չարաշահելով, բարձր գիներով վարձու տուած էին իրենց տուները: Հաւանաբար այստեղ պետութիւնը ընելիք ունի: Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է գնահատել նաեւ այն տանտէրերը, որոնք իրենց բնակարանները, թէկուզ ժամանակաւոր, ձրիաբար տրամադրած էին արցախցի մեր հայրենակիցներուն: Երկրորդ կարեւոր երեւոյթը այն է, որ համատարած անգործ են անոնք: Արցախցի երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը բանակային ըլլալով ներկայիս անգործ է: Խնդիրը այն է, որ անոնց մեծամասնութիւնը այլ մասնագիտութիւն ալ չունի, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց աշխատանք գտնելու կարելիութիւնը: Վստահաբար այն տուները, ուր կան մանուկներ, ծերեր, հաշմանդամներ կամ հիւանդներ, աւելի վատ վիճակի մէջ են:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պատահեցա՞ն ընտանիքներ, որոնք ձեր վրայ ազդեցութիւն ձգեցին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէնէն յուզիչը այցելութիւնն էր ընտանիքի մը, որուն զաւակը Արցախի մէջ վերջին պսակադրուողն էր եւ զոհ գացած էր Սեպտեմբեր 25ի պայթումին: Ծնողներուն ցաւը անպատմելի է:
Նաեւ պէտք է նշել, որ կային բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք վերջին 35 տարիներուն, Արցախեան շարժումէն ի վեր արդէն երրորդ կամ չորրորդ անգամն է կը տեղահանուին: Այս ընտանիքներուն համար կրկնակի, եռակի դժուար է ամէն ինչ զեռոյէն սկսիլը:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Գիւղացիներուն վերաբերմունքը արցախցիներու հանդէպ ինչպէ՞ս կը գնահատէք:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Եթէ զանց առնենք սուղ գիներով վարձու տուներ տուած տանտէրերու պարագան, ապա ընդհանրապէս դրական է: Նկատելի է, որ արցախցիները տակաւին նորեկ ըլլալով, շատ շփում չունին իրենց շրջապատին հետ եւ քիչ մը մեկուսացած կ՛ապրին:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ արձագանք գտաւ ձեր այս բարեգործական աշխատանքը գիւղերուն մէջ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թէ՛ մեր շրջագայութեան ընթացքին լսեցինք եւ թէ նաեւ ուրիշներէ տեղեկացանք, որ անիկա շատ դրական արձագանք ունեցած է գիւղերուն մէջ: Առձեռն գումարներու յանձնումը, առանց որեւէ ակնկալութեան, թերեւս աննախընթաց չէ, բայց իւրօրինակ է եւ ճիշդ ձեւն է մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու համար:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հետագայի համար նմանօրինակ ծրագիրներ ունի՞ք:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպիս դպրոցը, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ միշտ պատրաստ է օգնելու մեր ժողովուրդին: Մենք մեր օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակենք: Որպէս Սփիւռք, մեր պարտականութիւնը կը համարենք Հայաստանի եւ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին կանգնիլ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կարելի է նմանօրինակ օժանդակութիւնները աւելի կազմակերպուած եւ նպատակայարմար կերպով կազմակերպել:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այստեղ մեծ դեր ունի պետութիւնը: Անհատներ կամ կազմակերպութիւններ կրնան պատահականօրէն եւ ոչ նպատակային օժանդակութիւններ հասցնել, որոնք երբեմն կրնան մսխուիլ: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ գոյութիւն ունենայ համակարգող մարմին մը, տրամադրուելիք օժանդակութիւնները ուղղորդելու: Այս ձեւով աւելի նպատակայարմար աշխատանք կը կատարուի:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Այս առիթով ի՞նչ խօսք կ՛ուղղէք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կ՛ըսենք որ Little Armenia-ի Ալէք Փիլիպոս դպրոցի կատարած այս օժանդակութիւնը կաթիլ մըն էր ծով կարիքին մէջ: Կարիքը շատ աւելի մեծ է քան կը պատկերացնենք: Մենք այստեղ համեմատաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ կ՛ապրինք եւ ունինք հնարաւորութիւնները ուրախացնելու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնք դժուարին օրեր կ՛ապրին: