
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
2014 Մարտ 21ին, Քեսապի բնակչութիւնը զոհը դարձաւ «եաթաղան»ի նոր հարուածին: Բիրտ ուժով անոր պարտադրուեցաւ լքել իր բնօրրանը:
Այդ օրերուն, համագիւղացիներուս հետ ապրեցայ կեանքիս ամէնէն դառն պահերէն մէկը: 20 գարուններուս ընթացքին երբեք ականատեսը չէի դարձած ութսունամեայ պապուկիս (մեծ հօրս) արցունքներուն, որոնք հարուածեցին էութիւնս, երբ ան կ՛ընդդիմանար տունէն ելլելու իմ պաղատանքին՝ ըսելով.
– Իս եօս պըր խիսսեմ, տղա՛ս (ես հոս պիտի մեռնիմ, տղա՛ս):
Մեծ հայրս չէր կամենար իր տունը լքել: Անոր միտքը կը մռայլէր Հայոց Ցեղասպանութեան անշիրիմ զոհերու նուաղումը անապատի աւազներուն վրայ: Նմանօրինակ ճակատագիրի ենթարկուելու ահը կը քամէր անոր սիրտը: Ծերունազարդ այդ տարիքի իր երազանքն էր ծնողներուն եւ հարազատներուն աճիւններուն կողքին գտնել վերջին ու առյաւէտ հանգիստը:
Մեր առօրեայ զրոյցներուն ընթացքին, երբ անոր կը հարցնէի Քեսապի փլատակ կամ անբնակ որեւէ տան մասին, ան կ՛ըսէր.
– Շպիէն (1), Մաճըրլըգիէն վագըթը, Քէսուոպ քէ՜ն ֆամիլիա կիէր, քի քուոքթան գէյպ ըղուն, զինտիցիէքն զիրինք: Հէմու չուլիրիէն միջը, գոմիէն նըրքիւը պառկուոծ ին, գըրըզմուն իլի չունիէն, էնունց իլան իրինց հըննիրիէն գըրըզմիննըրիէն եըրւան խոնկ իլան մում վառուող պալա չկու, «Հայր մեր մ՛էսուող մը չկու» (Խաչեղբա՛յր, գաղթականութեան ժամանակ Քեսապի քանի՜ ընտանիքներ հիմնովին բնաջնջուեցան եւ արմատախիլ եղան: Հիմա անապատի աւազին տակ պառկած են, գերեզման իսկ չունին, անոնց եւ անոնց նախնիներուն գերեզմաններուն վրայ խունկ եւ մոմ վառող մը իսկ չկայ, «Հայր մեր» ըսող ոչ մէկը կայ):
Այս ծանր միտքերը ալեհեր պապուկիս այտերը թրջեցին…
***
Քեսապի լեռներու լանջերուն ծուարած բուռ մը հայ շինականներու դէմ ելած էր ահաբեկիչներու հսկայ վոհմակ մը, որուն կ՛օժանդակէր թրքական բանակը:
Սիրտ էինք մենք, մեր չորս կողմը քար:
Չարը հզօ՛ր, իսկ մենք՝ տկար:
Ես ալ անզօր էի այդ ժամանակ, չկրցայ որեւէ բան ընել՝ բացի փոքր տարիքիս մեծ հօրս տուած թելադրանքին հետեւելէ: Ան կ՛ըսէր.
– Գլուխդ բարձրացո՛ւր, հայեացքդ ուղղէ դէպի երկինք, ամպերուն նայէ, ներշնչուէ ու գրէ:
Այդ անիծեալ օրին ի՞նչ գրել, երկնքի կապոյտ տետրակին ամպաշէն ճերմակ թուղթերը ապաստանարան մըն էին տարագիր հոգւոյս համար:
***
Բախտաւոր էինք մենք՝ քեսապցիներս: Չեմ գիտեր, թէ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն ջանքերո՞ւն, թէ՞ մեր սուրիական պետութեան կեցուածքին ու դաշնակիցներուն օժանդակութեան շնորհիւ էր, թէ՞ պարզաբար բախտի բերումով, որ մեր հողերէն հեռանալէն քանի ամիս ետք վերադարձանք մեր նախնիներու հողը, ուր բնիկ էինք եւ ոչ գաղթական:
Այդ օրերուն ես ինծի կ՛ըսէի. «Երկինքը ասկէ աւելի չի մթնիր», սակայն օրերը փաստեցին, որ միշտ ալ մթնելու եզր կայ, այս պարագային, լուսանցքին փոխարէն, աւելի բնորոշ է «մութանցք» ըսելը:
Այս տարի, մեզի պէս բնիկ արցախցիներն ալ (Հայաստան աշխարհի արեւելեան մասի մէջ միակ բնիկն էին իրենց հողին վրայ) հարկադրուեցան տարագրուելու եւ իրենց բնօրրանէն հեռանալու:
Կը մաղթեմ, որ մեր արցախցի քոյր-եղբայրները մեզմէ՝ կիլիկեցի-քեսապցիներէս աւելի բախտաւոր կ՛ըլլան եւ շուտով կը վերադառնան մեր հողերը՝ իրենց նախնիներուն բնաշխարհը: Իսկ այս գրութեամբ կ՛ուզեմ խօսիլ արցախահայութեան իր բնօրրանէն «ելք»ին, բռնի տեղահանութեան մասին:

***
Արդարեւ, 21րդ դարու «Հայոց Մեծ Ելք»էն՝ Արցախէն մեր քոյր-եղբայրներուն վտարումէն ետք բանավէճ մը ծագեցաւ, թէ արդեօք տեղի ունեցածը կարելի՞ է նկատել ցեղային զտում, թէ՞ ո՛չ (ոմանք ալ պատահարը բնութագրեցին իբրեւ ցեղասպանութիւն): Թշնամիի եւ համաշխարհային քարիւղազգեաց (քարիւղ զգեցած, քարիւղի դրամով գործուղուող) լրատուամիջոցները տարբեր բառախաղեր ընելով եւ հասկացողութիւնները խեղաթիւրելով՝ ներկայացուցին տեղի ունեցածը, իսկ ընդօրինակութեամբ տարուած մեր լրատուամիջոցները անոնց դիմաց մնացին անզօր:
ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այս դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ, թերեւս՝ աւելի քան երբեք, պէտք է ճիշդ ձեւով գործել: Եւ ճիշդ գործելու համար պէտք է ճիշդ մտածել, իսկ ճիշդ մտածելու գործիքը ճիշդ բառապաշար գործածելն է՝ ճշգրտօրէն սահմանուած եզրոյթներու եւ արտայայտութեանց գործածումը: Արդ, որոշեցի հետեւեալ քանի մը եզրոյթներուն իմաստները բացատրել ու յստակեցնել (պարզագոյն բառերով, մնացածը կը թողում մասնագէտներուն), որպէսզի հասկնանք, թէ ի՛նչ է տեղի ունեցածը:
ԶՈՅԳ ԵԶՐՈՅԹՆԵՐԸ՝ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այս երկու մթին եւ աղիողորմ եզրոյթները, փոխկապակցուած ըլլալով հանդերձ, նոյն հասկացողութիւնը չեն արտայայտեր: Անոնք կը գործածուին նկարագրելու բռնութեան եւ հալածանքներու այն գործողութիւնները, որոնք կը թիրախաւորեն մարդոց մասնայատուկ խումբեր՝ ըստ անոնց ցեղային, ազգային, կրօնական պատկանելիութեան, կամ՝ այլ բնորոշ յատկանիշներու: Այս գործողութիւնները կը յառաջացնեն ահաւոր տառապանք, դանդաչեցնող կորուստներ, աննկարագրելի ցաւ եւ աւերածութիւն: Անհրաժեշտ է իմանալ անոնց մէջ եղած տարբերութիւնը:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ցեղասպանութիւնը ցեղային, ազգային կամ կրօնական որոշ խումբի մը կանխամտածուած եւ համակարգուած ոչնչացումն է: Անիկա կը ներառէ թիրախաւորուած խումբը ամբողջութեամբ բնաջնջելու կամ մասամբ ոչնչացնելու մտադրութիւնը:
Այս ոչնչացումը կրնայ դրսեւորուիլ զանգուածային սպանութիւններու, բռնի տեղահանութեան, սեռական բռնութեան եւ այլ վայրենի եղանակներու միջոցով: Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւններէն մէկը, եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան կրնան ենթարկուիլ՝ միջազգային իրաւունքի համաձայն:
ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄ
Հայկական, յատկապէս՝ հայաստանեան, լրատուամիջոցները կը գործածեն այս եզրոյթին օտարածին տարբերակը՝ «Էթնիկ զտում»: Ըստ ՄԱԿին, «Ցեղային զտումը այն դիտաւորեալ քաղաքականութիւնն է, որ կը ծրագրուի եւ ի կատար կ՛ածուի ցեղային կամ կրօնական խումբի մը կողմէ՝ բռնութեամբ եւ ահաբեկչական միջոցներով հեռացնելու ուրիշ խումբի մը քաղաքացիական բնակչութիւնը աշխարհագրական որոշ տարածքներէ»:
Ցեղային զտումները յաճախ նպատակ կ՛ունենան ստեղծել ցեղային առումով միատարր տարածք: Թէեւ միշտ չէ, որ ցեղային զտումները կրնան հասնիլ թիրախաւորուած խումբին լիակատար բնաջնջումին, բայց անիկա բռնի տեղահանումէն զատ՝ կը պատճառէ մեծ վնասներ եւ մնայուն ու անջնջելի սպիներ կը ձգէ տուժած համայնքներուն վրայ:
Բացի վերոյիշեալ երկու եզրոյթներէն՝ կ՛ուզեմ սեղմ կերպով անդրադառնալ երկու այլ կարեւոր եզրոյթներու:
ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ցեղասպանութիւն եզրոյթին սահմանումը ներկայացուցինք վերը: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ «Մեծ» բառին: Յստակ է, որ «հայոց» բառը «հայերուն» բառին մայր գրաբարեան տարբերակն է: Այսինքն «Հայոց Մեծ Ցեղասպանութիւն»ը այն ցեղասպանութիւնն է, որուն ենթարկուեցան հայերը:
«Մեծ» բառը լեզուաբանական առումով վստահաբար յստակ է, սակայն կ՛ուզեմ յարգարժան ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել այն բազում ջարդերն ու կոտորածները՝ ցեղասպանութիւնը, որուն զոհը դարձաւ հայութիւնը մինչեւ 1915ի Մեծ Եղեռնը:
Ցեղասպանութիւնը միայն մէկ օրուան կամ տարուան մէջ չի գործադրուիր (մեր պարագային ալ այսպէս չէր), անիկա տասնեակ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած կարգաւորուած ու ծրագրուած գործողութիւններու շարք մըն է: Ոչ միայն կոտորածներ ու ջարդեր, այլ նաեւ տնտեսական, մշակութային եւ այլ երանգներ ունեցող երեւոյթ մըն էր Հայոց Մեծ Ցեղասպանութիւնը, որուն վերջին էջը դեռ չէ շրջուած փաստօրէն: 1915ին տեղի ունեցածը մեծ էր ծաւալով եւ հետեւանքներով, բայց ո՛չ առաջինն էր, ո՛չ ալ վերջինը:


ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ
Այս բառը կ՛ուզեմ մեկնել ոչ թէ իբրեւ գիտական եզրոյթ, այլ՝ որպէս հասարակ արտայայտութիւն (յատկապէս Հայաստանի մէջ գործածուող) (2): Ես մտահոգուած եմ մեր սիրելի արցախցիներուն ապագայով: Խօսքս Արցախի հակամարտութեան մասին չէ, այլ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին արցախցիներուն ներկայութեան…
Արդարեւ, բացի իմ անձնական դառն փորձառութենէս՝ յօդուածիս այս հատուածը կը գրեմ նկատի ունենալով Սումկայիթի, Պաքուի եւ մեր դրացի արհեստածին կազմաւորումի այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած ջարդերէն մազապուրծ եղած ու օրին Հայաստան հաստատուած մեր ազգակիցները, որոնց մեծ մասին հետքն իսկ չենք տեսներ այսօր Հայաստանի տարածքին… Ասիկա մտածելու եւ մտահոգուելու խորքային իրականութիւն է ինքնին:
Եթէ կը յիշէք, նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ (www.aztagdaily.com/archives/589192), ուր կը պատմէի շուշեցի ազնուազարմ ուսուցչուհիի մը մասին, յիշատակած էի փախստական բառը՝ «եկած» բային հետ (Հարցնե՞մ: Չէ՜, չէ՜, մի՛ հարցներ, Աստուած գիտէ՝ որքա՜ն նեղացուցած են զինք՝ «եկած» կամ «փախստական» ըսելով, վէրքերը մի՛ բանար մտքիս մէջ): Այսպիսի խտրական, բաժանարար արտայայտութիւնները եւ զանոնք յառաջացնող հիւանդագին համոզումները (բացի անկէ, որ անհիմն են ու տրամաբանութեան հակառակ) մեր գլխաւոր թշնամին են, ցեցի նման կը կրծեն ու կը մաշեցնեն մեր՝ հայոց տկարակազմ մարմինը եւ լայն տարածում ունին մեր մէջ, ո՛ւր ալ ըլլանք:
***
Այս դարուս մեծ սխալ է յոյս դնելը տարբեր ու բազմաճիւղ ախտերով բռնուած մարդկութեան վրայ, որ նոյնիսկ չէ հետաքրքրուած մարդկային անարդարութիւններով, այլ տարուած է իր կենցաղային տարրական հարցերով միայն: Սխալ է նաեւ համաշխարհային կազմակերպութիւններէն օգնութիւն յուսալը: ՄԱ՞Կը պիտի փրկէ մեզ (տեսանք՝ ե՛րբ մուտք գործեցին Արցախ եւ ի՛նչ անհեթեթ յայտարարութիւն ըրին), թէ՞ իր փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը՝ UNHCR, թէ՞ վերջինիս քոյր կազմակերպութիւն ԵՈՒՆԵՍՔՕն (Միացեալ ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւն) պիտի փրկէ մեր նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս «ըրաւ» Նախիջեւանի կամ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ամբողջ աշխարհը տեսաւ ու վկայեց, որ այդ վերջինս իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան ըրաւ, իսկ մշակութային անփոխարինելի կոթողներ ինչպէ՛ս կործանեցան, իսկ անոնց տեսագրութիւնները հրապարակուելէ ետք պարզապէս նետուեցան դարակներու փոշոտ անկիւնները՝ խոր մոռացութեան ու անտեսումի գիրկը:
Ի տարբերութիւն վերոյիշեալ շունչ եւ աւիւն հաղորդող շուշեցի անձնաւորութեան՝ ես յոռետես եմ (ոչ թէ ներաշխարհէս կու գայ այս մէկը, այլ՝ մեր պահուածքէն ու վերաբերմունքէն): Եւ կարծես թէ, սաստիկ ցաւօք սրտի, իմ յոռետեսութիւնս է, որ կը բանի եւ իրականութեան կը վերածուի: Աստուած մի՛ արասցէ, որ շարունակուին իմ նմանասեռ մտավախութիւններս իրականութեան վերածուիլ…
Ներեցէք իմ թխաթոյր ձայնիս համար, յոռետեսութիւն սփռել չէ նպատակս երբեք, այլ ձեւով մը հրաւէր՝ զգաստութեան: Արդարեւ, ժամն է (ուշացած ենք արդէն) իրականութեան դէմ յանդիման կանգնելու եւ դէպքերուն ճիշդ, առարկայական արժեւորումներ կատարելու, որպէսզի կարենանք ապագային նկատմամբ աւելի իրապաշտ ըլլալ: Անտարբերութիւնը, ինքնատեացութիւնն ու անգործութիւնը նոր աղէտներ պիտի բերեն մեր կեանքին, իսկ ժամանակը մեր կողքին չէ այլեւս. մենք ազգովին իսկապէս կանգնած ենք մեր ըլլալ-չըլլալուն դիմաց:
Աշխատինք այնպէս (նուազագոյնը՝ աշխատինք), որ մեր հայրենակիցներուն եւ ազգակիցներուն այս «Մեծ ելք»ը ըլլայ մեր՝ հայոց վերջին «ելքը»:
1- Արաբերէն իշպին բառն է, որ կը նշանակէ խաչեղբայր եւ կը գործածուի իբրեւ փաղաքշանք մօտիկներուն:
2- Փախստական բառը անգլերէն refugee բառին արեւելահայերէն համարժէքն է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործածուող, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ անոր համարժէքն է «գաղթական» բառը: