Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ եւ հարազատին՝ Արշօ Գալճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 58 S. Sierra Madre Blvd., ապա թաղումը՝ Live Oak Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 200 E. Duarte rd., Monrovia, CA 91016։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յակոբ Գալճեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Փասատինայի Raffi’s Catering ճաշարանին մէջ, 3887 E. Sierra Madre Blvd, Pasadena, CA 91107։
ԱՐՇՕ ԳԱԼՃԵԱՆի՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նախկին Տիկնանց միութեան անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմն ու Տիկնանց միութիւնը եւ յարակից մարմինները, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նախկին Ազգ. երեսփոխաններէն եւ հոգաբարձուներէն Յակոբ Գալճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ԱՐՇՕ ԳԱԼՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Լեռնավայր կոմտիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ իրենց ընկերներէն Յակոբ Գալճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։