(ԾՆՆԴԵԱՆ 145ԱՄԵԱԿ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Եթէ բանաստեղծութիւնը զգացումները եւ պատկերները գեղեցիկ խօսքով բնութագրելու արուեստն է, ապա այդ արուեստին ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն է արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն Վահան Թէքէեանը։
Հայկական դպրոց յաճախած իւրաքանչիւր հայորդի անպայմանօրէն տպաւորուած է անոր բանաստեղծութիւններէն գէթ մէկ հատով։ Բազմաթիւ են անոր բանաստեղծութիւնները, որոնք տեղ գտած են տարբեր դասարաններու դասագիրքերու էջերուն մէջ։
Թէքէեան կը պատկանի պոլսահայ այն սերունդին, որուն գրական եւ ազգային դիմագիծը կազմաւորուեցաւ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Այդ սերունդը առհասարակ հայ գրականութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ եւ ոսկեդար մը պարգեւեց հայ ժողովուրդին։
Թէքէեան ծնած է Պոլիս, 1878ին եւ իր ուսումը ստացած է Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Երիտասարդ տարիքին կը մեկնի Եւրոպա եւ ապա կը տեղափոխուի Եգիպտոս, ուր կը սկսի անոր գրական եւ հասարակական կեանքը։ 1896էն մինչեւ 1905 կ՛աշխատակցի տարբեր պարբերականներու հետ, իսկ 1905ին իրեն համախոհ գրող-մտաւորականներով կը հիմնէ «Շիրակ» պարբերականը։ Այս ժամանակամիջոցին կը ծանօթանայ Պօղոս Նուպար փաշային հետ եւ կը դառնայ անոր գաղափարակիցն ու գործակիցը։ Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք, վերստին կը հաստատուի Պոլիս եւ աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ ազգային-հասարակական կեանքին։ 1914ին կը մեկնի Եգիպտոս եւ այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որ ան 1915ին ազատի իր գրչեղբայրներուն վիճակուած դառն ճակատագիրէն՝ որոնք զոհ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութեան։ Սակայն իր ծննդավայրի կարօտը զինք կը վերադարձնէ Պոլիս 1918ին, ուր կը խմբագրէ «Ժողովուրդի Ձայն» օրաթերթը եւ կը վարէ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Սակայն 1920ականներու սկիզբը անգամ մը եւս կը տեղափոխուի Եգիպտոս, ուր կ՛ապրի մինչեւ իր մահը՝ 1945։
Թէքէեան գրել սկսած է կանուխ տարիքէն։ Անոր առաջին ժողովածուն՝ «Հոգերը» հրատարակուած է 1901ին, Փարիզ։ Ապա յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն բանաստեղծին միւս հատորները. 1914ին՝ «Հրաշալի Յարութիւն», 1920ին՝ «Կէս Գիշերէն մինչեւ Արշալոյս», 1933ին՝ «Սէր», 1943ին՝ «Հայկական Երգեր» եւայլն: Ան հեղինակն է նաեւ «Եթէ Տէրը Կամենայ» վէպին։
Վահան Թէքէեան մեր լաւագոյն քնարերգակ բանաստեղծներէն է։ Անոր բանաստեղծութիւններէն շատեր վերածուած են երգի, ինչպէս՝ «Կանթեղ», «Եկեղեցին Հայկական» եւայլն։
Անոր սիրային քերթուածները ցոյց կու տան բանաստեղծին հոգիին եւ տաղանդին խորութիւնը եւ նրբազգացութիւնը.
«Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չըկարենա՜մ գրել ես
Եւ աշխարհին չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէս սիրեցի․․․»
Կամ ո՞վ ծանօթ չէ այս բանաստեղծութեան.
«Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ․
Կարծես մեկնած էր սրտէս, եւ գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ, ու հին տեղն ու հին գգուանքը կ՛ուզէ․․․»
Թէքէեանի քերթուածներուն մէջ կ՛առանձնանան այն բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ բանաստեղծը կը խօսի իր մասին։ Անոնցմէ ամէնէն հանրաճանաչներէն են «Հաշուեյարդար»ը, եւ «Մէկ Հատիկս»ը, իսկ հետագայ տողերը լաւագոյն ձեւով կ՛արտացոլացնեն հայ բանաստեղծին չգնահատուած ըլլալու փաստը․
«Ես ալ ով Տէր, վստահօրէն բան մը կ՛արժեմ
Եւ աւելի քան թէ շատերն որ կը սոնքան,
Որ կը ծափուին, կը փնտռուին, բեմ կ՚ելլեն,
Որոնց առջեւ կը խոնարհի տխմար ներկան»:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանր հետքեր ձգած է փխրուն հոգի ունեցող այս բանաստեղծին։ Ան արդարօրէն կ՛ընդվզի նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ․
«Ու երբոր Ան՝ երկրային մեր մեծ ցաւին փոխարէն,
Ուզէ ըզմեզ ըսփոփել, վարձահատո՜յց մեզ ըլլալ…,
Իր այդ շընորհն ապաժամ մենք մերժելով ուժգնօրէն՝
Պիտի ըսենք. – «Մեզ դըժոխք, դըժո՜խք ղրկէ՛ անգամ մ՛ալ.
ՉԷ՞ որ զայն լաւ կը ճանչնանք, զայն ճանչցուցիր մե՜զ շատ լաւ,
Եւ Թուրքերուն յատկացո՛ւր արքայութիւնըդ ամբաւ…»»:
Երկար տարիներ տարբեր պարբերականներու հետ աշխատակցելով, Թէքէեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք ամփոփուեցան երեք հատորներու մէջ եւ լոյս տեսան անցեալ տարի՝ 2022 Մայիսին, Երեւանի մէջ։
Թէքէեան իր գրական թէ խմբագրական աշխատանքներու ընթացքին գործածած է բազմաթիւ ծածկանուններ ինչպէս՝ Ասուպ, Գիսաստղ, Խորէն Որոտում, Նշան Հարցական, Սկայորդի, Վեթօ, Տիրանեան, Սուրէն եւայլն։
«Գրելը դժուար բան չէ. դժուարը՝ գրագէտ գրող ըլլալն է», դիտել կու տայ Թէքէեան, աւելցնելով․ «Յատկապէս հայ լրագիրներուն մէջ կը գտնուի ոչ-գրագէտ քաղաքական գրողներու բազմութիւն մը։ Գրագէտ ըլլալու երեք յատկանիշներ կան` տիրապետել զգացումին, զայն վերածել խորհուրդի եւ կարողանալ այդ խորհուրդը արտայայտել»։
Թէքէեան իր բանաստեղծութիւնները գրեց իր սկզբունքներուն համաձայն։ Անոր իւրաքանչիւր բառը կամ նախադասութիւնը ամբողջական եւ կուռ կերպով կառուցուած է։ Ճիշդ է, ան չունի Վարուժանի հարուստ բառամթերքը, սակայն լեզուն պարզ է եւ ամբողջական։ Ան իր գրական վաստակով մաս կը կազմէ գրողներու այն փաղանգին, որոնք արեւմտահայերէնը մաքրեցին, բիւրեղացուցին, կատարելագործեցին եւ հասցուցին իր բարձունքին։
Վահան Թէքէեան. Հայ բանաստեղծութեան երկնակամարին վրայ գրուած անջնջելի անուն մը։