ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը Երեքշաբթի երեկոյեան, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Կազայի մէջ անյապաղ զինադադար հաստատել։
ՄԱԿի անդամ 193 երկիրներէն 153ը կողմ քուէարկեցին բանաձեւին, անոնց շարքին էր նաեւ Հայաստան։ Դէմ քուէարկեցին միայն 10 երկիրներ, ներառեալ՝ Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգները եւ Չեխիա, իսկ 23 երկիրներ ձեռնպահ մնացին, որոնց շարքին էին Գերմանիա, Իտալիա եւ Ուքրանիա։
Նշենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նման բանաձեւի մը հաստատումը ձախողեցաւ, Միացեալ Նահանգներու վէթոյին պատճառով։
Անտեսելով ՄԱԿի կոչը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ սկսած գործողութիւնը աւարտելէ ետք, հաւանական է, որ Արեւմտեան Ափը կառավարող Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ պատերազմի, որովհետեւ «Համաս» շարժումին եւ Պաղեստինեան իշխանութեան տարբերութիւնը այն է, որ ««Համաս»ը կ՛ուզէ մեզ հիմա ոչնչացնել, իսկ իշխանութիւնը կ՛ուզէ այդ ոչնչացումը փուլային ձեւով կատարել»:
Ան պնդեց, թէ Կազան պատերազմէն ետք իսրայէլեան զինուորական վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ:
Հակառակ ՄԱԿի բանաձեւին դէմ քուէարկելուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի հասցէին հանդէս եկաւ զգուշացումով՝ ազդարարելով, որ Կազայի մէջ անխտիր ռմբակոծումներուն պատճառով, Իսրայէլ սկսած է կորսնցնել իր աջակիցները։
Աւելի կանուխ, ամերիկացի պաշտօնատարներ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» թերթին յայտնած էին, որ Պայտընի վարչակազմը Նեթանիահուի` Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ հռետորաբանութեան մագլցումին լոյսին տակ, հետզհետէ աւելի համոզուած է, որ ան սկսած է իր նախընտրական քարոզչութեան՝ անտեսելով ապահովական նկատառումները:
«Ասիկա կառավարութեան մակարդակի գործելաոճ չէ: Իսրայէլի վարչապետին նկատմամբ Ուաշինկթընի մէջ հիասթափութիւնը հետզհետէ կ՛աճի», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Նշենք, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններուն զոհերուն թիւը կը մօտենայ 19,000ի։ Կան նաեւ մօտաւորապէս 50,000 վիրաւորներ։
Միւս կողմէ, Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը եւ կը սպառնայ Պէյրութը Կազայի վերածել, եթէ լիբանանեան «Հըզպալլա»ն որոշէ Իսրայէլի դէմ պատերազմ սանձազերծել ։
Նաեւ, ըստ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին, Իսրայէլ օգտագործած է Ուաշինկթընէն ստացած ֆոսֆորային ռումբերը` հարաւային Լիբանանի Տհայրա գիւղաքաղաքին դէմ գործած յարձակումին ընթացքին:
Քաղաքական գետնի վրայ, կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 15 Դեկտեմբերի երեկոյեան Լիբանան հասնի, իսկ յաջորդ օրը այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՄԱԿի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ուժերու զօրամասը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք երկօրեայ այցելութիւնը սկզբունքով նախատեսուած է 21 Դեկտեմբերին: