Ըստ «Սփութնիք Արմէնիա»ի՝ «Լեմքին» ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը կոչ ըրած է Ուաշինկթընին եւ Իսրայէլի միւս դաշնակիցներուն, որ Երուսաղէմի հայկական համայնքին պատշաճ իրաւական օգնութիւն երաշխաւորեն՝ Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» հատուածին շուրջ ծագած տագնապին արդար լուծում մը ապահովելու համար:
Հիմնարկը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին ամբողջականութեան սպառնացող քայլերուն գծով՝ յիշեցնելով, որ հայութիւնը աշնան արդէն իսկ կորսնցուցած էր իր պատմական հողերէն՝ Արցախը, որուն բնակչութիւնը Պաքուի բռնարարքներուն պատճառով ստիպուած հեռացաւ իր պատմական հայրենիքէն:
«Թէեւ Երուսաղէմի հայ բնակչութիւնը այսօր շատ փոքր է, Հայկական թաղամասը կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի կարեւոր մէկ մասը եւ հայերու հնագոյն սփիւռքն է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր կը շեշտուի, որ Հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուի: