Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդական պաշտօնի արգասաբեր առաքելութեան 20ամեակը նշուեցաւ 10 Դեկտեմբերին, նախ առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատոյց սրբազանը, Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, հաւատացեալներու բազմութեան ներկայութեան:
Առաջնորդը ըսաւ, թէ թեմական կեանքին մէջ իր ծառայութեան շրջանին արդէն արձանագրուած է երկու տասնամեակ եւ «սա հրաշալի առիթ մըն է այս հանգրուանին յետադարձ ակնարկ մը նետելու եւ անկեղծ քննութիւն մը կատարելով՝ որոշելու ընթացքը գալիք ժամանակամիջոցին»։
Սրբազանը իր առաջնորդական քսան ամեայ ծառայութեան ձօնուած պատարագը անուանեց «Ուխտի Պատարագ», որպէսզի «Հաւատքի նոր եռանդով շարունակենք ծառայել, քարոզելու Աստուծոյ խօսքը՝ մեզի զօրակից ունենալով թեմի հոգեւորականաց դասը եւ անխտիր բոլորդ»։
Նոյն օրը, սրբազանին առաջնորդութեան 20ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ՝ «Վերակերտումի Տարիներ» ընդհանուր խորագիրով: Ներկայ էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան, նախկին գլխաւոր հիւպատոս դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեան, Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասը, Թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետներ տոքթ. Վարուժան Այթըպարմաքեան, Ժոզէֆ Կանիմեան, Տերիք Ղուկասեան, մեծ թիւով համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներու բազմութիւն մը:


Հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, առաջնորդութեամբ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի, որմէ ետք գեղարուեստական յայտագիրին բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տերիք Ղուկասեան: Պաշտօնական հայերէն եւ անգլերէն խօսքերով հանդէս եկան Վարդան Նազիրեան, Երեմիա վրդ. Աբգարեան եւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, իսկ Հայկ Մատոյեան ներկայացուց «Վերակերտումի Տարիներ» նկարազարդ հայերէն-անգլերէն հատորը, ձօնուած՝ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ Արեւմտեան թեմի ձեռքբերումներուն եւ ծրագիրներուն:
Յայտագիրին ընթացքին, առաջնորդարանի լրատուական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած տեսերիզին ճամբով, ամփոփ կերպով ներկայացումը կատարուեցաւ այդ ձեռքբերումներուն եւ յաջողութիւններուն:
Արտասանուած պաշտօնական բոլոր խօսքերուն ընդմէջէն արտայայտութիւն գտան թեմի ժողովականութեան, հոգեւորականաց դասուն ու ժողովուրդին գնահատանքի եւ երախտիքի զգացումները հանդէպ սրբազան հօր։ Սրբազանին տքնաջան աշխատանքով նոր ծուխեր հաստատուեցան, եկեղեցիներ կառուցուեցան, եկեղեցապատկան կալուածներ գնուեցան, քահանայական ձեռնադրութիւններ կատարուեցան, կազմակերպուեցան հոգեւոր լսարաններ, Սուրբ գրոց սերտողութիւններ, առաջնորդարանը օժտուեցաւ մատենադարանով եւ թանգարանով, լոյս տեսան հոգեբոյր գիրքեր, նոր շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ բացուեցան եւ շինարարական, հոգեւոր, կրթական, մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացան՝ հասնելով թեմի բազմապահանջ կարիքներուն, յանձնառութիւններուն, պատասխանատուութիւններուն եւ սպասումներուն:
Բոլորը հաստատեցին, թէ սրբազանը յատկանշուած է իր համեստութեամբ, հեռատեսութեամբ, ծրագրաւորուած աշխատանքով եւ աշխատասիրութեամբ:
Գեղարուեստական յայտագիրով կրօնական եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր սրկ. Վարդանեանի: Ապա ներկաներու յոտնկայս ծափողջոյններով մեծարեալ սրբազանը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր հայրական սրտի խօսքը:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններուն մէջ «պէտք է յստակօրէն տեսնել հաւաքական աշխատանքի ոգին եւ պատկերը: Ձեռք ձեռքի տուած՝ աշխատեցանք, կառուցեցինք եւ պիտի շարունակենք ծառայել յատկապէս այս դժուար օրերուն զօրավիգ կանգնելով մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ մեր մէջ արթուն պահելով Արցախ աշխարհի տեսիլքը, պիտի շարունակենք պայքարը ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ»: Ան սրտի անհուն բերկրանքով եւ երախտագիտական զգացումներով դիմեց բոլորին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Սրբազանը երախտագիտական իր սրտաբուխ աղօթքները առաքեց ամենաբարին Աստուծոյ, որ պաշտպան եւ ապաւէն եղաւ եւ Իր ամենառատ օրհնութիւններով առաւել ծաղկեցուց թեմը իր եկեղեցիներով ու յարակից կառոյցներով: Սրբազանը շնորհակալութիւն եւ ակնածանք յայտնեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հովուապետական իր առաջնորդութեան եւ սիրոյն համար: Ան իր սէրը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց հաւատացեալներուն, հոգեւորականներուն, թեմական ու ծխական մարմիններուն:
Խօսելով երիտասարդութեան մասին՝ սրբազանը ըսաւ, թէ թեմին նպատակն է՝ առաւել եւս խթանել երիտասարդական առաքելութիւնները ծխական եւ թեմական մակարդակով, որովհետեւ երիտասարդութեամբ երաշխաւորուած են կենսական գալիք տարիները:
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց աղօթքով:
Սրբազանի խօսքէն ետք, ատենապետ Նազիրեան, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Արեւմտեան թեմին անունով պանակէ մը նուիրեց սրբազան հօր։
Հանդիսութենէն ետք, «Գալայճեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ «Վերակերտումի Տարիներ» հատորի գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն: Ապա երաժշտական կատարումով գործադրուեցաւ ի պատիւ սրբազանին սարքուած ընդունելութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
(Յապաւուած)